«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը 220,000 տոլար կը նուիրէ Լիբանանի հայկական վարժարաններուն

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը Լիբանանի հայկական վարժարաններուն 220,000 ամերիկեան տոլար պիտի տրամադրէ 2017-2018 տարեշրջանին։ 2015 թուականին «Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Լիբա­նանի Հայեցի Դաստիարակութեան Յատուկ Նշանակութեան Յանձ­նախումբ»ին նախաձեռնութեամբ իրագործուած ինքնագնահատումի ծրագրին մասնակցած 23 վարժարաններէն այսօր 17 հատը կը գոր­ծեն, ուստի ասոնց միջեւ պիտի բաժնուի նշանակուած գումարը, ըստ ամէն մէկուն աշակերտութեան թիւին։

Նկատի ունենալով Լիբանանի խորհրդարանին վերջերս վաւերացուցած օրէնքը՝ ըստ որուն բոլոր վարժարանները պէտք է կիրարկեն ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելումներ եւ գիտակցելով հայկական վարժարաններուն  պար­տաւորութիւնն ու դժուարութիւնը լիովի գործադրելու այս նոր օրէնքը, Հիմնարկութիւնը կը նախ­ընտրէ իր նպաստը յատկացնել հայերէն լեզուով դասաւանդող ուսու­ցիչ­ներու ամսականներուն հասանելի յաւելումին։

Գումարին փոխանցումը պիտի կատարուի Ապրիլ ամսուան ընթացքին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.