Բողոքի Ցոյց` Ընդդէմ Գորիս-Կապան Ճամբուն Վրայ Ազրպէյճանական Մաքսակէտերու Տեղադրման

Ազրպէյճանական կողմը Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ մաքսակէտեր տեղադրած է: Այս մասին նախանցեալ օր յայտարարած է Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը: Ի Նշան բողոքի, երէկ` հինգշաբթի, 11 նոյեմբերին, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներուն, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու, երկրի ճակատագիրով անհանգստացող, սրտացաւ քաղաքացիներու կողմէ ցոյց կատարուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան շէնքին առջեւ:

Բողոքի ցոյցին ընթացքին ՀՅԴ-ի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան ըսաւ, որ «Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ ազրպէյճանական մաքսակէտեր կառուցելու պատասխանատուները Հայաստանի հայրենադաւ, դաւաճան, իշխանութիւններն են»` աւելցնելով, որ  «անոնք (իշխանութիւնները) բերած են ստրկութիւն, բերած են պարտութիւն, բերած են նուաստացում: Ազգային ժողովին մէջ ունինք կարելիութիւն պատասխան պահանջելու, բայց քանի որ հարցը հրատապ է` այստեղ պատասխանատուութիւն կը պահանջենք, եւ  անոնք պէտք է իջնեն եւ պատասխան տան դաւաճանական արարքներու համար»:

Գեղամ Մանուկեան ըսաւ նաեւ, որ իւրաքանչիւր հայու պարտքն է պատասխան պահանջել այն դաւաճանական գործողութիւններուն համար, որոնց պատճառով այսօր Հայաստանի հարաւը կտրուած է մնացեալ ամբողջ երկրէն, երբ շրջափակման մէջ մնացած են Սիւնիքի շարք մը գիւղեր, իսկ իշխանութիւնները կը շարունակեն հպարտանալ, թէ խաղաղութիւն բերած են երկրին:

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Թադեւոս Աւետիսեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ օրէ օր Հայաստանի անվտանգային խնդիրները կը խորանան, ուստի կարելի չէ անտարբեր մնալ անոնց նկատմամբ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Իկոր Սարգսեան իր կարգին յայտնեց, որ այս իշխանութիւնները կը զիջին հայրենիքը, ճամբաները, գիւղերը, թշնամին կը մօտենայ Երեւանին, ուստի պէտք է սթափի ժողովուրդը: Ան կոչ ուղղեց ոտքի կանգնելու, դիմադրելու, մերժելու մեր ճամբաները թուրքին տալու որեւէ քայլ:

«Առանց թուրքի Հայաստան» կը գոչէին ցուցարարները, որոնց կը հսկէին մեծաթիւ ոստիկաններ` արգիլելով կառավարութեան շէնք մտնել:

«Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորներ Աննա Գրիգորեան եւ Գեղամ Մանուկեան յայտարարեցին, որ` իբրեւ պատգամաւորներ, իրենք իրաւունք ունին կառավարութեան շէնք մտնելու եւ գործադիրի անդամներէն պարզաբանումներ պահանջելու, սակայն ոստիկանները անոնց թոյլ չտուին մօտենալ մուտքին, այդ պատճառով ալ տեղի ունեցաւ հրմշտուք, ինչպէս նաեւ ձերբակալութիւններ կատարուեցան:

Ցոյցին ընթացքին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աննա Գրիգորեան` անդրադառնալով պաշտօնեաներու` այլընտրանքային ճամբուն մասին յայտարարութիւններուն, ըսաւ. «Այսինքն` կարելի՞ է մեր սեփական միջպետական ճամբան յանձնել եւ անոր փոխարէն ըսել` մենք ունինք այլընտրանքային ճամբայ: Նախ այդ ճամբան լիարժէք ձեւով չի կրնար փոխարինել գործող միջպետական ճամբան` հաշուի առնելով աշխարհագրական բարձրաքանդակը: Եւ երեք գիւղեր, մասնաւորապէս, Բարձրաւանը, Որոտանը եւ Շուռնուխը շատ վատ իրավիճակի մէջ պիտի յայտնուին` շրջափակման մէջ», շեշտեց ան: Գրիգորեան նշեց, որ երկու ամիսէ ի վեր ինք կը յայտարարէ, որ ազրպէյճանական կողմը մայրուղիի այդ հատուածին մէջ շինարարական աշխատանքներ կը կատարէ, սակայն պետական մարմինի ոչ մէկ ներկայացուցիչ իր բարձրացուցած հարցին պատասխան տուաւ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.