ՀՅԴ Գանատայի Արցախի Օժանդակութեան յանձնախումբը 100,000 տոլար կը նուիրէ ՀՕՄ-ի «Թիկունք կանգնինք Արցախցի ընտանիքին» ծրագիրին

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի Արցախի Օժանդակութեան յանձնախումբը կը շարունակէ իր աշխատանքները` հասնելու Արցախի կարիքներուն։

Յանձնախումբը Սեպտեմբեր 26 թուակիր իր հաղորդագրութեամբ, նշած էր. «Այսօր, մեր սուրբ հողը՝ մեր Արցախը անգամ մը եւս կը կանչէ մեզի։ Այսօր, բոլորս ունինք մէկ նպատակ՝ Արցախ եւ բիւր գործեր, յանուն անոր խաղաղ ապրելու իրաւունքին»։ Նոյնն է այսօր. Արցախը բոլորիս կարիքն ունի՝ բուժելու յետպատերազմական իր վէրքերը։

Բոլորիս պարտքն է հասնիլ իւրաքանչիւր վիրաւոր զինուորի, աջակցիլ տեղահանուած ընտանիքներուն, օգնել Արցախի վերականգնման։

Յանձնախումբի կատարած համագանատական նուիրահաւաքի ամէն լումա պիտի ծառայէ Արցախի վերականգնման ու արցախահայութեան օժանդակութեան յատուկ ծրագիրներուն։

Յանձնախումբը օգնութեան իր ծրագիրները կ՚իրագործէ Հայ Օգնութեան Միութեան հետ համագործակցաբար և այդ նպատակով յանձնախումբը 100,000 ԱՄՆ տոլար տրամադրած է ՀՕՄ-ի «Թիկունք կանգնինք Արցախցի ընտանիքին» ծրագիրին` հովանաւորելով Արցախէն տեղահանուած 100 ընտանիքներու կարիքները։

Համագանատական նուիրահաւաքը կը շարունակուի. Արցախի համար ձեր նուիրատուութեան մասնակցութիւնը կրնաք բերել՝ այցելելով՝ https://camam.akaraisin.com/ui/ArtsakhAid կամ գրել ArtsakhAid@armenian.ca:

ՀՅԴ Գանատայի Արցախի Օժանդակութեան յանձնախումբ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.