Արցախի Մէջ 25 Տոկոսով Աճած է Ընտանիքներու 4րդ Երեխայի Ծնունդը
«Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամի ծրագիրով 2016-2018 թուականներուն Արցախի ընտանիքներուն մէջ չորրորդ երեխայի ծննդեան առիթով տրամադրուող 4000ական ԱՄՆ տոլարին համարժէք դրամի աջակցութիւնը խթանած է ծնելիութիւնը:
Այս մասին` ըստ “Արցախփրես”-ի՝ ըսած է Արցածի աշխատանքի, ընկերայի հարցերու եւ վերաբնակեցման նախարար Սամուել Աւանեսեան:
Անոր խօսքով` մինչեւ այս ծրագրի մեկնարկը Արցախի մէջ արձանագրուած է 4րդ երեխայի 150 ծնունդ, իսկ 2016 թուականին` 213, 2017ին` 230, իսկ 2018ին՝ 201:
«Ծրագրի իրականացման ընթացքին Արցախի մէջ 25 տոկոսով աճած է 4րդ երեխաներու ծնունդը: Ունինք բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնք կը նպաստեն ծնելիութեան աճին: Օրինակ` երրորդ երեխային համար պետութիւնը միանուագ կը տրամադրէ 500 հազար դրամ գումար, իսկ չորրորդին` 700 հազար դրամ: Մինչեւ 2 տարեկան երեխային համար պետութիւնը սահմանած է նպաստ, իսկ 4րդ երեխային մինչեւ անոր 18 տարեկանը` ամենամսեայ: Հինգ եւ աւելի երեխաներ ունեցող ընտանիքները կ՛օգտուին նաեւ պետական եւ բարեգործական այլ աջակցութիւններէն»,- մասնաւորապէս ըսած է նախարարը:
Այսօր` Մարտ 27ին, Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի ունեցած է ձեռնարկ, որու ընթացքին «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամը 2018ին Արցախի 201 ընտանիքներուն չորրորդ երեխայի ծննդեան առիթով տրամադրած է 4000ական ԱՄՆ տոլարին համարժէք դրամ:
Ձեռնարկին ներկայ եղած է նախագահ Բակօ Սահակեան կարեւոր համարած է տարիներ շարունակ իրականացուող այս նախաձեռնութիւնը` ընտանիքներուն ընկերային վիճակի բարելաւման եւ հանրապետութեան մէջ բազմազաւակութեան խթանման տեսանկիւններէ:
Ան երախտագիտութիւն յայտնած է Սամուէլ Կարապետեանին՝ Արցախի նկատմամբ յատուկ վերաբերմունք ունենալուն համար:
Արցախի պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան ըսած է, այս ծրագիրը նպաստած է երիտասարդ ընտանիքներու կայացման եւ բազմազաւակութեան խթանման, որ իր հերթին կը հանդիսանայ ամուր պետականութեան հիմքը: “Բարեգործական ծրագրի սկիզբէն` 2016 թուականէն սկսած, մինչեւ այսօր, ծրագիրէն օգտուած է 443 ընտանիք”, յայտնած է ան:
Ծրագիրէն օգտուած Վանք գիւղէն 4 երեխաներու մայր Նարինէ Աբրահամեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնած է «Տաշիր» հիմնադրամին եւ ըսած է, որ ինք զոհուած ազատամարտիկի հարս է, եւ իր 4րդ երեխան ծնած է Արցախի անկախութեան օրը` Սեպտեմբեր 2ին եւ զայն անուանած են Արցախ: Ան համոզուած է, որ իր որդիները պիտի ըլլան հերոսական հայրենիքի արժանի զաւակները: