Արցախի Մէջ 25 Տոկոսով Աճած է Ընտանիքներու 4րդ Երեխայի Ծնունդը

«Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամի ծրագիրով 2016-2018 թուականներուն Արցախի ընտանիքներուն մէջ չորրորդ երեխայի ծննդեան առիթով տրամադրուող 4000ական ԱՄՆ տոլարին համարժէք դրամի աջակցութիւնը խթանած է ծնելիութիւնը:

Այս  մասին` ըստ “Արցախփրես”-ի՝ ըսած է Արցածի աշխատանքի, ընկերայի հարցերու եւ վերաբնակեցման նախարար Սամուել  Աւանեսեան:

Անոր խօսքով`  մինչեւ այս  ծրագրի  մեկնարկը Արցախի մէջ արձանագրուած է 4րդ երեխայի 150 ծնունդ, իսկ 2016 թուականին` 213, 2017ին`  230, իսկ 2018ին՝ 201:

«Ծրագրի   իրականացման ընթացքին Արցախի մէջ 25 տոկոսով աճած է  4րդ երեխաներու ծնունդը: Ունինք բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնք կը նպաստեն  ծնելիութեան  աճին: Օրինակ` երրորդ երեխային համար պետութիւնը միանուագ կը տրամադրէ 500 հազար դրամ գումար, իսկ չորրորդին` 700  հազար դրամ: Մինչեւ 2 տարեկան երեխային համար պետութիւնը սահմանած է նպաստ, իսկ 4րդ երեխային մինչեւ անոր 18  տարեկանը`  ամենամսեայ: Հինգ եւ աւելի երեխաներ ունեցող ընտանիքները կ՛օգտուին նաեւ պետական եւ բարեգործական այլ աջակցութիւններէն»,- մասնաւորապէս ըսած է  նախարարը:

Այսօր` Մարտ 27ին, Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի ունեցած է ձեռնարկ, որու ընթացքին «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամը 2018ին Արցախի 201 ընտանիքներուն չորրորդ երեխայի ծննդեան առիթով տրամադրած է 4000ական ԱՄՆ տոլարին համարժէք դրամ:

Ձեռնարկին ներկայ եղած է նախագահ Բակօ Սահակեան կարեւոր համարած է տարիներ շարունակ իրականացուող այս նախաձեռնութիւնը` ընտանիքներուն ընկերային վիճակի բարելաւման եւ հանրապետութեան մէջ բազմազաւակութեան խթանման տեսանկիւններէ:

Ան երախտագիտութիւն յայտնած է Սամուէլ Կարապետեանին՝ Արցախի նկատմամբ յատուկ վերաբերմունք ունենալուն համար:

Արցախի պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան ըսած է, այս ծրագիրը նպաստած է երիտասարդ ընտանիքներու կայացման եւ բազմազաւակութեան խթանման, որ իր հերթին կը հանդիսանայ ամուր պետականութեան հիմքը: “Բարեգործական  ծրագրի  սկիզբէն`  2016 թուականէն սկսած, մինչեւ այսօր,  ծրագիրէն  օգտուած  է  443  ընտանիք”, յայտնած է ան:

Ծրագիրէն օգտուած Վանք  գիւղէն 4 երեխաներու մայր Նարինէ Աբրահամեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնած է  «Տաշիր» հիմնադրամին եւ ըսած է, որ ինք զոհուած ազատամարտիկի հարս է, եւ իր 4րդ երեխան ծնած է  Արցախի անկախութեան օրը` Սեպտեմբեր 2ին եւ զայն անուանած են Արցախ: Ան համոզուած է, որ իր որդիները պիտի ըլլան հերոսական հայրենիքի արժանի զաւակները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.