Ատրպէյճան դարձեալ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրումը կը պայմանաւորէ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեամբ

Ատրպէյճան կը շարունակէ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը ներկայացնել իբրեւ խաղաղութեան վերջնական համաձայնագիրի ստորագրման գլխաւոր նախապայման՝ հակառակ Պաքուի այն պնդումներուն, թէ երկու երկիրները արդէն իսկ «իրական խաղաղութեան պայմաններու մէջ» կ’ապրին։

Ատրպէյճանի նախագահի օգնական եւ արտաքին քաղաքականութեան բաժանմունքի ղեկավար Հիքմէթ Հաճիեւ Reuters-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ Պաքուի համար կարեւոր է Հայաստանի իրաւական փաստաթուղթերուն մէջ գտնուող եւ Ատրպէյճանի կողմէ «տարածքային պահանջ» նկատուող դրոյթներուն պաշտօնական վերացումը։

«Սահմանադրական փոփոխութիւններու ձեւը Հայաստանի ներքին հարցն է։ Ատրպէյճանի համար կարեւոր է, որ այն դրոյթները, զորս մենք մեր երկրին նկատմամբ տարածքային պահանջ կը նկատենք, պաշտօնապէս վերացուին՝ նոր սահմանադրութեան ընդունման կամ իրաւական այլ միջոցի ճամբով», ըսած է Հաճիեւ։ Ան աւելցուցած է, որ այդ հարցի լուծումէն ետք, իր համոզումով, խաղաղութեան վերջնական համաձայնագիրի ստորագրման համար այլ խոչընդոտ պիտի չմնայ։

Պաքու մասնաւորաբար կ’ակնարկէ Հայաստանի Սահմանադրութեան նախաբանին մէջ Անկախութեան հռչակագիրին կատարուած յղումին։ 1990-ի հռչակագիրը իր կարգին կը յիշատակէ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման վերաբերեալ 1989-ի որոշումը։ Ատրպէյճան այս յղումը կը ներկայացնէ իբրեւ իր տարածքային ամբողջականութեան դէմ պահանջ, մինչ հայկական կողմը բազմիցս նշած է, որ Հայաստանի սահմանադրական կարգը հարեւան պետութիւններու նկատմամբ տարածքային պահանջ չի պարունակեր։

Հաճիեւ միաժամանակ պնդած է, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան ներկայիս «իրական խաղաղութեան պայմաններու մէջ» կը գտնուին՝ վկայակոչելով երկկողմ ուղղակի շփումներու եւ առեւտրական կապերու աճը, ներառեալ՝ Հայաստան արտածուող ատրպէյճանական նաւթամթերքները։

«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար խաղաղութիւնը այլեւս թուղթի վրայ գրուած խօսք կամ հռչակագիր չէ. ան իրականութիւն է», ըսած է ան։ Սակայն Պաքուի կողմէ Հայաստանի ներքին իրաւական գործընթացներուն առնչուող շարունակական նախապայմանը ցոյց կու տայ, որ խաղաղութեան համաձայնագիրի վերջնական ստորագրումը տակաւին կը մնայ Ատրպէյճանի քաղաքական պահանջներէն կախեալ։

Հայաստան եւ Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրը համաձայնեցուցած էին 2025-ի մարտին, իսկ նոյն տարուան օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրած էին համաձայնագիրը։ Այնուամենայնիւ, վերջնական փաստաթուղթը մինչեւ այսօր չէ ստորագրուած, քանի որ Պաքու կը պնդէ, թէ Երեւան նախ պէտք է փոխէ իր Սահմանադրութիւնը։

Հայաստանի իշխանութիւնները յայտարարած են նոր սահմանադրութեան նախագիծ պատրաստելու եւ հանրաքուէ կազմակերպելու մտադրութեան մասին։ Սակայն իշխանական «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը Ազգային ժողովին մէջ չունի հանրաքուէ նշանակելու համար անհրաժեշտ սահմանադրական մեծամասնութիւնը։