Առաջնորդ Բաբգէն Սրբազան Գէմպրիճի մէջ

Այսօր, 30 Յուլիս 2017-ին, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան նախագահեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը՝ Ս. Նշան Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագը մատուցեց Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան։

Պատարագի աւարտին, տեղի ունցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Լիզպոնի Հինգ Հերոսներու Նահատակութեան 34րդ տարելիցին առիթով։ Ինչպէս նաեւ, Հոգելոյս Նորայր Եպիսկոպոսի հոգւոյն ի յիշատակ, որ վախճանեցաւ Ուրբաթ, 21 Յուլիս 2017-ին, Անթիլիասի մէջ։

Քարոզի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Լիզպոն Հինգի նահատակ երիտասարդներուն մասին, ինչպէս նաեւ Նորայր Եպիսկոպոսի եկեղեցանուէր ծառայութեան, եւ «Մի արհամարէք մանուկները» օրուան բնաբանին՝ կեդրոնանալով մանուկներու հայ, ազգային եւ կրօնական դաստիարակութեան վրայ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.