Առաջադէմ առաջին հանրապետութենէն մէկ դար անց ժամանակն է Հայաստանի մէջ քրէականացնելու ընտանեկան բռնութիւնը

Ռաֆֆի Արտալճեան  

Մայր Հայաստանը՝ Երեւանի թերեւս ամենաբարձր արձանը, իր բարձունքէն ուշի ուշով կը հետեւի թրքական սահմանին: Ազգային այս խորհրդանիշը նոյն պազալտէ պատուանդանին վրայ փոխարինեց դաժան բռնապետ Եոսիֆ Սթալինի արձանը, վերջինին մահէն ետք: Յուշարձանը, որ իր մէջ կը կերպարանաւորէ խաղաղութիւն՝ ուժի միջոցով, կարծես Հայաստանի կանացի մարմնաւորումն է: Ան նաեւ դիտողին կրնայ յիշեցնել աւելի քան մէկ դար առաջ երկարատեւ եւ արիւնալի հայկական ազատագրական շարժման մէջ կիներուն ունեցած դերին մասին։ Պայքար, որ 1375-էն սկսեալ դարեր շարունակ պետականութենէ զուրկ ըլլալէ ետք ի վերջոյ յանգեցուց 1918 Մայիս 28-ին Հայաստանի առաջին հանրապետութեան ստեղծման։ 

Երկու տարուան կարճատեւ կեանք ունեցած Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը կիներուն ընտրական՝ ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքով օժտած առաջին պետութիւններէն էր, նոյնիսկ  աւելի կանուխ, քան ԱՄՆ-ի կիները, որոնք ստիպուած էին սպասելու մինչեւ 1920 թուականին ընդունուած Տասնիններորդ սահմանադրական փոփոխութիւնը:

Այսօր Հայաստանի Ազգային ժողովի 105 պատգամաւորներէն 19-ն կիներ են։ 1919 թուին առաջին հանրապետութեան 80 հոգինոց խորհրդարանին մէջ եւս կային կին պատգամաւորներ՝ Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեանը, Կատարինէ Զալեան-Մանուկեանը եւ Վարվառա Սահակեանը:  Առաջին հանրապետութիւնը նաեւ տուած է արդի ժամանակաշրջանի առաջին կին հիւպատոսը (դիւանագէտ) Տիանա Աբգարը եղած է Ճաբոնի մէջ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը։

Այս յօդուածը նպատակ ունի ընդգծել «Ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման եւ ընտանեկան բռնութեան ենթարկուած անձերու պաշտպանութեան մասին» օրէնքին նախագիծին կարեւորութիւնը՝ որպէս կիներու հզօրացման ուղղուած առաջին քայլերէն մէկը. թեմա, որ առաջնային դեր ունի 21-րդ դարուն Հայաստանի զարգացման հարցով։ Օրինագիծը մշակուած է անցեալ տարի ՀՀ Արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ եւ վերջերս ներկայացուած՝ խորհրդարան: Կ’ակնկալուի, որ քուէարկութեան կը դրուի մինչեւ 2017 թուականի տարեվերջ։

ՀՀ խորհրդարանին մէջ եօթը պատգամաւոր ունեցող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (ՀՅԴ) խորհրդարանական դաշինքը իր աջակցութիւնը յայտնած է օրինագիծին ընդունման՝ ակնկալուող որոշակի շտկումներէ ետք։ ՀՅԴ-ն առաջարկուած օրինագիծը կը համարէ հասարակական արժէքային համակարգի կարեւոր մէկ մասը, որ անհրաժեշտ է առողջ հասարակութեան համար: Վերջերս ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչը, ներկայ գտնուելով Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Սոցիալիստական կիներու ինտերնացիոնալի (Սոցիալիստական ինտերնացիոնալին կից կուսակցութիւններու՝ սոցիալիստական, սոցիալ-դեմոկրատական եւ լէյպըրիստական կուսակցութիւններու կիներու կազմակերպութիւններու միջազգային կազմակերպութիւն)   խորհուրդի համագումարին, հաստատեց իր աջակցութիւնը ամէնուր կիներուն նկատմամբ բռնութեան վերացման։

Այս յօդուածը ժամանակակից հայկական ֆեմինիստական մանիֆեստ հիմնելու կամ հայկական կեանքին «ինքնութեան քաղաքականութեան» մէջ ներգրաւուելու փորձ չէ: Եթէ հայերը կը ձգտին հաստատելու արդար հասարակութիւն, ապա անոնք պէտք է անտարբեր չըլլան անարդարութեան նկատմամբ եւ համակրանք դրսեւորեն փոխադարձ յարգանքի նկատմամբ։ Թէեւ հայ քաղաքական կեանքին մէջ կիներու օրակարգը ընդհանուր առմամբ կը մնայ չսահմանուած, բաւականին մասնատուած եւ երբեմն անտեսուած, դէպի հայ կիներու հզօրացում տանող ուղին հայկական քաղաքական օրակարգին անբաժանելի մասն է: Այս համատեքստին մէջ ժամանակակից հայ քաղաքական միտքը գենդերային (սեռային) անհաւասարութիւնը պէտք է դիտարկէ որպէս ուժերու անհաւասար բաշխման ուղղակի հետեւանք: Ան նաեւ պէտք է ներգրաւուած ըլլայ՝ առաջին հերթին կեդրոնանալով կիներու եւ աղջիկներու հանդէպ բռնութեան վերջ տալու վրայ:

Երեք նկատառումներ

Նախ, ակնյայտ է, որ հասարակութեան մէջ խնդիր կայ, եւ Հայաստանի մէջ առկայ օրէնսդրական կարգաւորման դաշտը բաւարար չէ անոր համարժէք անդրադառնալու համար։ Ընտանեկան բռնութեան դէմ գոնգրետ օրէնքը անհրաժեշտ է՝ լրացնելու Ընտանեկան օրինագիրքին մէջ եւ ՀՀ քրէական օրինագիրքին առկայ դրոյթները: Այս համատեքստին մէջ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը կարեւոր է ոչ միայն այն պարագային, երբ թեման բուռն քննարկումներու առիթ կը դառնայ, այլեւ առաւել կարեւոր է, երբ անոր շուրջ քննարկումներ չկան։

Երկրորդ, կիներու իրաւունքները պէտք չէ դիտարկուին աշխարհաքաղաքականութեան տեսանկիւնէն (այսինքն` տարածաշրջանային ուժերն ու Արեւմուտքը), որոնք երբեմն սխալ երանգ կը հաղորդեն այս հարցերուն: Հայաստանի յետխորհրդային հասարակութեան մէջ շատերը դեռեւս կիներուն ՀԿ-ներու ջանքերը կը դիտարկեն որպէս օտարերկրեայ պետութիւններու կողմէ ֆինանսաւորուող օրակարգ։

Չնայած արեւմտեան կառավարութիւններէն ոմանք եւ ոչ կառավարական դոնորները ( նուիրատուները) զգալի ռեսուրսային (դրամական) աջակցութիւն կը ցուցաբերեն Հայաստանի ռիսքային (վտանգի ենթարկուած)

կիներու աջակցող հայաստանեան ՀԿ-ներուն, սակայն միեւնոյնն է, ան չի տար պատկերին ամբողջութիւնը։ Յատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձնել Հայաստանի հետ Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեանն ու ընդլայնման բանակցութիւններուն: Եւրոպական յանձնաժողովի հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով ԵՄ յանձնակատար Եոհաննէս Հանը վերջերս յայտարարած է, որ ԵՄ-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը կը ստորագրուի Նոյեմբերի սկիզբը Պրուքսէյլի մէջ [համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ-խմբ.]: Յանձնակատարը շեշտեց, որ առաջին անգամ Եւրասիական միութեան անդամ հանդիսացող երկիրը հեռահար համաձայնագիր կը ստորագրէ Եւրամիութեան հետ: Ան աւելցուց. «Այդ ցոյց կու տայ, որ համակեցութիւնը հնարաւոր է, եւ ան կրնայ օրինակ ծառայել միւսներուն համար»:

Թէեւ Հայաստանի ներառական արտաքին քաղաքականութիւնը ողջունելի է, հայ քաղաքական միտքը պէտք է տարբերակէ (սեռային) գենդերային քաղաքականութիւնը աշխարհաքաղաքականութենէն:

Վերջին 10 տարիներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ կիներու շարժման փոքր, բայց դրական աճի միտում կը նկատուի: Այնուամենայնիւ, Հայաստանը դեռեւս կը գտնուի տնտեսական անցման փուլի մէջ, եւ քիչեր կրցած են ֆինանսական միջոցներ յատկացնել` աջակցելու կիներու հզօրացման ուղղութեամբ աշատող ՀԿ-ներուն, ինչպէս նաեւ ընտանեկան բռնութեան զոհերու համար ապաստանարաններ կառուցելուն։ Այսօր ընդամէնը մի քանի նման ապաստանարաններ գոյութիւն ունին։

Այստեղ դեր ունի նաեւ հայկական սփիւռքը:  Այն կազմակերպութիւնները, ինչպիսիք են Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ), որ հանդէս եկած է ընտանեկան բռնութեան օրինագիծին լիովին աջակցող յայտարարութեամբ, կրնայ աւելին ընել: Ան կրնայ, օրինակ, վերանայիլ իր ծրագիրներուն Հայաստանի մէջ եւ, ի լրումն մանկապարտէզի եւ մանկատան աւանդական ծրագիրներուն, միջոցներ յատկացնել այնպիսի ծրագիրներու, ինչպիսիք են տարածաշրջանային ապաստանարանները, որոնք անհրաժեշտ են նոր օրինագիծին աջակցելու համար:

Հայ հասարակութիւնը չի կրնար փոխակերպուիլ, եթէ չփոխէ այդ հասարակութեան մէջ կիներուն դիրքը։

Երրորդ` Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան մէջ նշուած արժէքներու համաձայն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կողմէ ստորագրուած միջազգային պայմանագիրներով սահմանուած կարգով, այսպիսի օրինագիծը լիովին օրինական է:

Հայաստանը ստորագրած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Գլխաւոր (ժողովին) ասամբլեային կողմէ 1979 Դեկտեմբեր 18-ին ընդունուած «Կիներու նկատմամբ խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին (պայմանագիրը)

կոնվենցիան», որ կը գործէ որպէս «կիներու իրաւունքներու միջազգային օրինագիծ»: Որպէս Հայաստանի վերաբերեալ ՄԱԿ-ի յանձնաժողովներու հինգերորդ եւ վեցերորդ պարբերական զեկոյցներու մաս՝ առաջարկութիւններ եղած են արագացնելու «յատուկ կիներու նկատմամբ (սեռային) գենդերային բռնութիւնը քրէականացնող համընդգրկուն օրէնքի ընդունումը»:

Նման օրէնք մը նաեւ համահունչ է ՀՅԴ-ի տեսակէտներուն եւ արժէքներուն: Դեռեւս 1909-ի սկիզբը, իսկ յետոյ նաեւ Առաջին հանրապետութեան ընթացքին, ՀՅԴ-ն պաշտօնապէս կ’աջակցէր կիներու եւ տղամարդոց հաւասարութեան, կիներու քուէարկելու եւ ընտրուելու իրաւունքին եւ աշխատավայրերու մէջ կիներու եւ երեխաներու վերաբերող այլ իրաւունքներուն:

Չնայած ներկայիս իշխող Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան հետ կոալիցիայի մէջ ըլլալուն՝ ՀՅԴ-ն իր պատմութեան մէջ բազմիցս աչքի ինկած է առաջադէմ արժէքներու պաշտպանութեամբ։  Ան կ’արժեւորէ Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւնները միջազգային հանրութեան առջեւ, քանի որ հասկցեր է, որ  քաղաքակիրթ հասարակութիւններուն մեծ մասը ընդունած է ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման դէմ մեխանիզմներ (տե՛ս ՀՅԴ խորհրդարանական դաշինքի ներկայացուցիչին յայտարարութիւնը. «Մեր դաշինքը կ’աջակցի այս օրէնքին ընդունման, քանի որ մենք աշխարհի մէկ մասն ենք»):

Հայաստանի մէջ ընտանեկան բռնութեան խնդիրը կը շարունակէ մնալ ազգային (ճառի) դիսկուրսի սահմաններուն մէջ: Armenian weekly 2014-ին լոյս տեսած յօդուածին մէջ քննարկուած էր խնդրին լրջութիւնը, եզրափակելով. «Այս սարսափելի յանցանքին դէմ պայքարող նուիրեալ կիներ եւ տղամարդիկ օգնութեան կարիք ունին»: Հայաստանի մէջ ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման մասին օրէնքի ներդրումը Հայաստանի հասարակութեան տարբեր շերտերուն հնարաւորութիւն կու տայ մասնակցելու այս գործընթացին: Այս (վեճը) դիսկուրսը պէտք է ներառէ նաեւ Հայաստանի սփիւռքը:

Ջանքերը Հայաստանի Արդարադատութեան նախարարութեան, որ անցեալ տարի մշակած է այս օրինագիծը, պէտք է ողջունուին յարատեւ արժէքներու յարող կուսակցութիւններուն կողմէ, ինչպիսին է ՀՅԴ-ն: ՀՅԴ-ի համար ընտանեկան բռնութեան մասին օրէնքը իր հիմքով կրնայ դիտարկուիլ որպէս սոցիալական արդարութեան հարց: Եթէ ընտանեկան բռնութեան Հայաստանի մէջ շարունակաբար բաւականաչափ ուշադրութիւն չդարձուի, կը նշանակէ, որ հայ հասարակութիւնը կը թերագնահատէ կիները՝ (որոնք կը կազմեն Հայաստանի բնակչութեան մեծամասնութիւնը) որպէս քաղաքացիներ եւ մարդ արարած եւ ուղերձ կը յղէ, որ անոնք տղամարդոցմէ աւելի քիչ արժէք ունին։ Այս մէկը իր հերթին, կը խարխլէ ողջ հայ հասարակութեան  հիմքերը։

Եզրայանգումներ

Արդի հայ քաղաքական միտքը պէտք է վերակառուցէ 1991 թուականէն ետք յետխորհրդային կոմունիստական անցումէն ի վեր այս հարցին շուրջ գոյութիւն ունեցող պահպանողական (զրույցը ) դիսկուրսը: Թէեւ հայաստանեան հասարակութեան մէջ (սեռային) գենդերային անհաւասարութեան խնդիրը բաղկացած է բազմաթիւ ենթախնդիրներէ, հեղինակը վճռականօրէն կը հաւատայ, որ վերաբերմունքի փոփոխութիւնը պէտք է որեւէ տեղէ սկսիլ։  Հայաստանի մէջ ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման մասին օրէնքը կրնայ այդ առումով կարեւոր մեկնակէտ դառնալ: Ի հարկէ, ոչ մէկ օրինագիծ ի սկզբանէ կատարեալ չէ, բայց այդ պէտք չէ պատճառ հանդիսանայ զայն մերժելու համար:

Հայ պետական ազգայնականութեան նեղ յետխորհրդային տարբերակը ի զօրու չէ փոխարինելու ազգային գաղափարախօսութեան եւ ճշգրտօրէն արտացոլելու հայկական աւանդական արժէքները: (սեռային) Գենդերային հաւասարութիւնը պէտք է արժեւորուի հաւասար հնարաւորութիւններու համատեքստին մէջ: Միջազգային հանրութիւնը «Կիներու նկատմամբ խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին (համագումար)

կոնվենցիայի», Հազարամեակի զարգացման նպատակներու եւ այլ պայմանագիրներու եւ պարտաւորութիւններու միջոցով, որոնց ստորագրեալ կը հանդիսանայ նաեւ Հայաստանը,  ճանչցած է (սեռային) գենդերային հաւասարութեան ապահովման կարեւորութիւնը։

Հայկական պետականութեան հարիւրամեայ յոբելեանին ընդառաջ՝ արդի հայ քաղաքական միտքը պէտք է այս օրինագիծէն այն կողմ աւելի խորքային հարցերու լուծում տայ, օրինակ՝ ինչո՞ւ Հայաստանը աշխարհի վրայ Չինաստանէն ու Ատրպէյճանէն ետք կը զբաղեցնէ երրորդ տեղը պտուղի սեռով պայմանաւորուած (վիժումներու) աբորտներու թիւով։ Արդեօ՞ք Հայաստանի կենսաթոշակային համակարգը պատշաճ ուշադրութիւն կը դարձնէ կիներուն։  Ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ գործազրկութեան մակարդակը աւելի բարձր է կիներու շրջանակներուն մէջ։ Ինչպէ՞ս հայ կիներուն հետ ՀԿ-ները աւելի սերտ կրնան փոխգործակցիլ իրենց գործունէութեան տարածքներուն մէջ եւ նպաստել կիներուն հզօրացման ու ինքնակառավարման գիւղական համայնքներուն մէջ, ուր արտերկիր աշատանքի մեկնելու հետեւանքով կը բացակային մեծ թիւով տղամարդիկ։

2018-ի շեմին հայկական քաղաքական միտքը պէտք է աւելի լայնախոհ ըլլայ եւ տեսնէ՝ ինչպէ՛ս կրնայ կիներուն աւելի լայն ներգրաւուածութիւնը նպաստել հայ հասարակութեան զարգացման:

Հայաստանի բնակչութեան աւելի քան 55 տոկոսը կազմող կիները անտեսուած են որպէս կենսունակ տաղանդի աղբիւր: Հայ կիները անցեալին աշխատած են տղամարդոց կողքին, եւ նման աշխատանք հիերարխիկ չէր, քանի որ նախարդիւնաբերական շրջաններուն մէջ տղամարդիկ եւ կիներ կ’աշխատէին տուներուն մէջ ու յարակից տնտեսութիւններով: Հայ կիները աշխատած են հագուստի, օճառի, մոմերու եւ այլ անհրաժեշտ կենցաղային ապրանքներու արտադրութեան մէջ: Արդիւնաբերական յեղափոխութենէն ետք արտադրութիւնը տնային տնտեսութիւններէն տեղափոխուեցաւ գործարաններ, հայ կիները խորհրդային ժամանակաշրջանին հաւասար իրաւունքներ ունեցան թէ՛ աշխատանքի, թէ՛ կրթութեան բնագաւառներուն մէջ, ունենալով նաեւ արտօնութիւններ (օրինակ, նախածննդեան եւ յետծննդեան արձակուրդ, ինչպէս նաեւ (վիժումներու) աբորտի օրինական իրաւունք 1920-էն ի վեր): Սովետական Հայաստանի մէջ կիները չափազանց «նուրբ» չէին գործարաններուն մէջ աշխատելու, յաջողակ (ճարտարագէտներ) ինժեներներ ըլլալու կամ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին մասնակցելու համար:

1991-էն ետք Հայաստանի կիներուն սոցիալ-տնտեսական վիճակը կտրականապէս փոխուեցաւ, քանի որ Հայաստանի տնտեսութիւնը անկում ապրեցաւ Խորհրդային Միութեան փլուզման հետ, նուազեցան աշխատատեղեր,ն ու բարձրացաւ աղքատութեան մակարդակը։ Շատ առումներով նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հապշտապ, անկանոն (եւ ի վերջոյ աղիտալի) մասնաւորեցման ջանքերը խորացուցին Հայաստանի ապարդիւնաբերականացումը: Որպէս Հայաստանի յետխորհրդային կլանային  նէո-կապիտալիզմի հետեւանք՝ շատ կիներ կը շարունակէին կորսնցնել աշխատանքը, որ նպաստեց հայ հասարակութեան մէջ կիներուն այսօրուան դե ֆակտօ ցած կարգավիճակին:

Բացի ասկէ, գոյութիւն ունին տարբեր այլ հանգամանքներ, որոնք այսօր կը խոչընդոտեն կիներուն մասնակցութիւնը Հայաստանի քաղաքական կեանքին: Անոնց կարգին՝ գենդերային (gender) կարծրատիպերը, գենդերային դերերը, կիներուն տնտեսական անկախութեան եւ սոցիալական կապիտալին պակասը, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ գերակշռող քաղաքական մշակոյթը: Հայ կնոջ դերը հասարակութեան մէջ կարծես նուազած է վատ կառավարման, օլիգարխներու ղեկավարման եւ անցնող 25 տարիներու սին պետական ազգայնականութեան ազդեցութեան ներքոյ:

Հայ ժողովուրդը արժէքաւոր հաւաքական նախագիծ է։ Եւ կը ներառէ հասարակութեան բոլոր անդամները: Մենք պէտք է ճիշդ հիմա գործենք, որպէսզի ըստ արժանւոյն գնահատենք այն զգալի եւ ակնյայտ փոփոխութիւնը, զոր կիները կրնան կատարել Հայաստանի մէջ։  Մենք չենք կրնար արդարացումներ փնտռել կամ նահանջել: Մենք չենք կրնար պարզապէս հաւասարութիւն հռչակել եւ ակնկալել, որ խնդիրը լուծուի։ Մենք պէտք է ստեղծենք անհրաժեշտ միջավայր, ուր կրնայ ծաղկիլ հաւասարութիւնը:

Հայաստանի մէջ կիներուն օրակարգին վերակենդանացումը կրնայ մեր կին խորհրդարանականներուն եւ մեր առաջին հանրապետութեան մատուցելիք յարգանքին լաւագոյն տուրքերէն մէկը ըլլալ: 2018-ն հայերուն համար ոչ միայն իրենց պետականութեամբ հպարտանալու տարի է։ 2018 թուականին հայերը նաեւ պէտք է նշեն Հայաստանի մէջ կիներու քուէարկութեան իրաւունքի 100-ամեայ յոբելեանը: Ընտանեկան բռնութեան մասին օրէնքը լուրջ եւ ուշագրաւ համազգային դիսկուրսի (վեճի) առիթ է բոլոր դասերու ու ծագման հայերու համար։ Ան կրնայ նաեւ խթան հանդիսանալ՝ զբաղելու մշակութային եւ սոցիալական այն նորմերու հարցով, որոնք այլեւս դրական դեր չունին հայ հասարակութեան համար:

***

Այս յօդուածը հայոց պետականութեան եւ հայ քաղաքական մտքի 100-ամեակին նուիրուած շարքին երկրորդ յօդուածն է: Այս յղումով կրնաք կարդալ առաջին՝ «Ազգայնականութենէն անդին. գործուն հայրենասիրութեան դերը պետականութեան 100-ամեակի նախօրէին» յօդուածին անգլերէն տարբերակը, որուն հեղինակներն են Վարագ Գեթսեմանեանը եւ Ռաֆֆի Արտհալճեանը։ Հայերէն տարբերակը՝ այստեղ։

***
Յօդուածի հեղինակ Ռաֆֆի Արտհալճեան  ֆինանսներու եւ գետարուեստի մասնագէտ եւ սփիւռքահայ քաղաքական գործիչ է, որ անկախութեան տարիներէն ի վեր Հայաստանի մէջ կը զբաղի հասարակական ձեռներէցութեամբ: Իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան Ֆլեչըր դպրոցի եւ Շիքակոյի համալսարանի Բութի պիզնեսի դպրոցէ շրջանաւարտ է:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.