Աշխատանք կը տարուի Գանատայի Խորհրդարանին մէջ Արցախ-Հայաստան Խորհրդարանական Բարեկամութեան խմբակ հիմնելու

Հարցազրոյց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Ռաֆֆի Տօնապետեանին հետ

Վ.Գ.- 2018 թուականը յատկանշուեցաւ Հայ Դատի եւ մանաւանդ Գանատայի ՀՅԴ կառոյցի աշխոյժ գործունէութեամբ Հայաստանի մէջ: Սկսինք Վանաձորի ծրագիրներէն. ի՞նչ ներդրում ունեցաւ ՀՅԴ Գանատայի կառոյցը Վանաձորի առնչութեամբ:

Ռ.Տ.- Իսկապէս, որ պատմական տարի մըն էր 2018-ն՝ ամեակներով եւ իրադարձութիւններով լի: Իսկ ինչ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ ՀՅԴ-ի կազմակերպական զօրացման, գիտենք, որ Գանատայի շրջանը զուգաւորուած է Լոռիի շրջանին հետ, հետեւաբար արդէն աշխատանքներ սկսած էին Ստեփանաւանի եւ Սպիտակի մէջ՝ բարելաւելու մեր կառոյցները, վերանորոգելու մեր կեդրոնները եւ տեղ յատկացնելու երիտասարդներուն: Այդ աշխատանքները շարունակուեցան եւ Մայիս 28-ին, ՀՀ-ի ստեղծման 100-ամեակին առթիւ երբ կը գտնուէինք Հայաստան, այցելեցինք Վանաձոր եւ բացումը կատարեցինք Վանաձորի մէջ ՀՅԴ Կեդրոնին, որ նաեւ կ’օգտագործուի Հայ Օգնութեան Միութեան, Երիտասարդականին եւ Պատանեկանին կողմէ: Հարկ է նշել, որ տղաքը բաւականին լաւ կերպով նորոգած էին կեդրոնը, եւ բացումի կոկիկ յայտագիր մը տեղի ունեցաւ:

Յայտնեմ, որ Վանաձորի կեդրոնի բացումէն անդին կրկին տեղի ունեցաւ Վանաձորի մէջ մեր երիտասարդականի կազմակերպած ճամբարը, որուն կողքին այս տարի երկրորդ բանակում մը եւս կազմակերպուեցաւ Սպիտակի մօտ. այսպիսով մենք այս տարի յաջողեցանք Լոռիի շրջանի երկու վայրերու մէջ ճամբար իրագործել:

Եւ հակառակ որ մեր շրջանը զուգաւորուած է Լոռիի շրջանին հետ, բայց միշտ Արցախի կամ Հայաստանի այլ շրջաններուն, նոյնիսկ Ջաւախքի հետ առնչուող ծրագիրներ ունեցած ենք: Ըսեմ, որ ներկայիս նորոգման ընթացքի մէջ է Ախալցխայի մեր կեդրոնը, անշուշտ կրկին մեր շրջանի աջակցութեամբ, եւ յոյսով ենք, որ յաջորդ ամիսներուն ընթացքին այդ աշխատանքները կ’աւարտին, եւ մենք առիթը կ’ունենաք շուտով ներկայ գտնուելու կեդրոնի բացումին:

Վ.Գ.- Հայ Դատի աշխատանքներուն առնչութեամբ շատ հետաքրքրական էր 2018-ն, որովհետեւ Գանատայի խորհրդարանին մէջ առաջին անգամ ըլլալով հնչեց Արցախի Հանրապետութիւն անունը: Ի՞նչ են Արցախի ուղղութեամբ աշխատանքները Գանատայի մէջ:

Ռ.Տ.- Արցախի հարցով աշխատանքները միշտ եղած են այն ուղղութեամբ, որ Գանատան միշտ զօրաւիգ կանգնի Մինսկի խմբակի աշխատանքներուն եւ կողմնակից ըլլայ Ղարաբաղեան հարցի խաղաղ եւ արդար լուծման: Հետեւաբար այդ իմաստով մենք Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ տեղական մեր կառոյցներուն միջոցաւ միշտ կը փորձենք Գանատայի տարբեր մակարդակի քաղաքական դէմքերը իրազեկ դարձնել Արցախի հարցին, միշտ հիմնաւորուելով մարդկային իրաւունքներու պաշտպանման վրայ: Այս առնչութեամբ կը փորձենք նաեւ Խորհրդարանին մէջ ունենալ Արցախ-Հայաստան Խորհրդարանական Բարեկամութեան խմբակ մը, եւ յոյսով ենք, որ այդ աշխատանքն ալ մօտօրէն իր դրական աւարտին կը հասնի: Այս մէկը արդիւնքն է անշուշտ Գանատայի կարգ մը երեսփոխաններու Արցախ այցելութեան համար մեր տարած աշխատանքին: Նշեմ, որ երբ բարեկամական խմբակը առաջանայ խորհրդարանէն ներս, Արցախի հարցը նկատառելի յառաջխաղացք կրնայ արձանագրել:

Վ.Գ.- Մենք ձեզի հետ ունեցանք յատուկ հարցազրոյց մը վարչապետ Թրուտոյի Հայաստան այցելութեան առնչութեամբ, բայց նկատի ունենալով որ «Հորիզոն»ի Ամանորի բացառիկ թիւերը միշտ արխիւային նիւթեր կը պարունակեն, վերստին հարց տամ. համապարփակ ձեւով ինչպէ՞ս կ’արժեւորէք Գանատայի վարչապետի այս պատմական այցելութիւնը:

Ռ.Տ.- Բացարձակ դրական. ինչպէս որ նախորդ հարցազրոյցիս ընթացքին ըսած էի՝ ամիսներու չէ, այլ տարիներու աշխատանքի արդիւնք էր այդ մէկը: Երբ տեղեկացանք, որ ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովը Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ, սկսանք աշխատանք տանիլ՝ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ այլեւայլ միջոցներով, որպէսզի Գանատայի մասնակցութիւնը ապահովենք նախեւառաջ վեհաժողովին, ապա անկէ անդին Գանատայի վարչապետին պաշտօնական այցը իրագործելու: Երկու ծրագիրներն ալ յաջողութեամբ պսակուեցան, հակառակ որ երկար ժամանակի կարօտեցաւ, եւ մեր առաջադրանքներուն պատասխանները սկիզբէն չունեցանք, սակայն նոյնիսկ վերջին շաբաթներուն ընթացքին կարելի եղաւ կազմակերպել բաւականին յաջող այցելութիւն: Նախ յայտնեմ, որ վեհաժողովը բծախնդրօրէն կազմակերպուած էր Հայաստանի կառավարութեան կողմէ. վարչապետ Թրուտօ, Քեպէգի վարչապետ Լըկօ եւ Զբօսաշրջութեան նախարարուհի Մելանի Ժոլին ներկայ եղան վեհաժողովին: Վարչապետը նաեւ խոհեմութիւնը ունեցած էր իր հետ տանելու նախկին ծերակուտական Սէթլաքուին, որ ծագումով հայ է, նաեւ Ժան Եիբ երեսփոխանը, որուն ամուսինը՝ հանգուցեալ Առնոլտ Չէնը Հայաստանի հետ Երեսփոխանական Բարեկամական խմբակի նախկին նախագահն էր: Այս բոլորին մէջ մեզի համար կարեւորը այն էր, որ Հայաստանի նախագահն ու վարչապետը, Գանատայի վարչապետին հետ կարենան անձնական մակարդակի վրայ յարաբերութիւն մշակել եւ այդ յարաբերութիւնը ապագայի ծրագիրներուն խարիսխը դարձնել, ըլլան անոնք մշակութային, տնտեսական, մարդկային իրաւանց եւ ընդհանրապէս արտաքին քաղաքականութեան գետնի վրայ: Մենք վարչապետին ընկերացանք Ծիծեռնակաբերդ իր այցելութեան ընթացքին, վարչապետին ի պատիւ կազմակերպուած պաշտօնական ճաշկերոյթին, ինչպէս նաեւ ընդունելութեան մը, որուն ընթացքին նախկին գանատահայ հայրենադարձներու հետ հանդիպելու առիթ ունեցաւ վարչապետը: Ան նաեւ այցելեց Էջմիածին, նախքան Գանատա վերադառնալը: Այս բոլորէն ետք կենսականը այն է, որ ստեղծուած դրական մթնոլորտը պէտք է օգտագործենք երկու երկիրներուն յարաբերութեանց բարգաւաճման, սերտացման եւ զարգացման՝ բոլոր ասպարէզներէն ներս:

Վ.Գ.- Մօտօրէն Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան Խորհրդարանական ընտրութիւնները, եւ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը կը պատրաստուի մասնակցելու: Այս միջոցին ընկերային ցանցերու վրայ յաճախ կը խօսուի դուրսի եւ ներսի Դաշնակցութեան մասին, սակայն մենք շատ լաւ գիտենք, որ Դաշնակցութիւնը անձնաւորուած կուսակցութիւն չէ, այլ գաղափարախօսութիւն է: Ի՞նչ ըսելիք ունիք այս մասին:

Ռ.Տ.- Պատմական տարուան շարունակութիւնն է այս բոլորը. այսինքն թաւշեայ յեղափոխութիւն, Երեւանի քաղաքապետարանի ընտրութիւններ եւ հիմա Ազգային Ժողովի արտահերթ ընտրութիւններ: Նկատի առած որ այս ընտրութիւնները իրենց սահմանուած ժամանակէն առաջ տեղի կ’ունենան, հետեւաբար բաւական արագ կազմակերպուած են, եւ ընտրապայքարի ժամանակաշրջանն ալ շատ կարճ է: Նկատառելի է, որ թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք տակաւին մեծ ալիքը առկայ է եւ կը նպաստէ թաւշեայ յեղափոխութեան ղեկավարներուն, որոնք այսօր նաեւ Հայաստանի առաջին դէմքերն են կառավարման իմաստով, եւ նկատի առած որ ընտրապայքարի շրջանը կարճ է, հետեւաբար այդ ալիքին դէմ պայքարիլը դժուար պիտի ըլլայ, ասով հանդերձ, մինչեւ այն ատեն որ ընտրութիւնները ազատ եւ արդար են, պէտք է ընդունիլ արդիւնքները եւ աշխատանքը շարունակել:

Իսկ Դաշնակցութեան միասնականութեամբ մտահոգ չեմ, կը կարծեմ, որ ինչ ալ ըլլան ընտրութեան արդիւնքները, Դաշնակցութիւնը կը մնայ միակամ եւ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ, Արցախի, Ջաւախքի, Ռուսիոյ Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Ամերիկայի մէջ եւ այլուր: Դաշնակցութեան երթը ընտրութիւններու արդիւնքով սահմանուած չէ, եւ Դաշնակցութեան միասնականութեան սպառնացող վտանգ չկայ, ես կը բացառեմ այդպիսի հաւանականութիւն: Այս իմաստով չի նշանակեր, թէ նոր մարտահրաւէրներ պիտի չունենանք, բայց վստահ եմ, որ ժամանակի ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ այդ բոլորը յաղթահարել: Վերջ ի վերջոյ Դաշնակցութեան նպատակը հայ ազգին ծառայել է ամէնուր՝ Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի եւ Սփիւռքի մէջ:

Վ.Գ.- Վերջին քառամեակին գաղութը ուռճացաւ, յատկապէս Սուրիայէն ներգաղթած հայերու ալիքով, եւ գիտենք, որ Գանատայի համայնքը տիրական ներկայութիւն է Սփիւռքի մէջ, իսկ ներքին իմաստով Գանատայի մէջ տիրական ներկայութիւն է Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնը. իբրեւ այս կուսակցութեան ներկայացուցիչ, հեռակայ ժամանակահատուածին ի՞նչ մարտահրաւէրներ կրնայ ունենալ մեր գաղութը:

Ռ.Տ.- Ճիշդ է, իսկապէս աշխուժութիւն եւ աճ կայ գաղութի թիւի իմաստով. Այդ մէկը կարելի է տեսնել մեր դպրոցներուն, մեր կեդրոններուն, մեր եկեղեցիներուն կամ այլ հաստատութիւններուն մէջ: Հետեւաբար, որպէս անդրադարձ այս բոլորին, հիմնականին մէջ, մենք պէտք է կարենանք լաւագոյն ձեւով ծրագրաւորել մեր յառաջիկայի ծրագիրները, որպէսզի այս աճող գաղութը համախմբուի մեր կեդրոններուն, դպրոցներուն, եկեղեցիներուն եւ միութիւններուն շուրջ: Այսպիսով մենք կրնանք շարունակել հայապահպանման եւ Հայ Դատի մեր աշխատանքները: Անշուշտ այս բոլորը ինքնանպատակ չեն, գաղութային իմաստով, վերջ ի վերջոյ համահայկական մեծ ընտանիքին մաս կը կազմենք, եւ մեր նպատակը հայ մշակոյթը եւ ազգային արժէքները պահպանել է, Հայաստանի ու Արցախի նեցուկ կանգնիլն է եւ մեր ազգի զաւակներուն կարիքները գոհացնելն է: Այս նպատակակէտով է որ պէտք է առաջնորդուինք, ամրապնդուինք ու գօտեպնդուինք, որպէսզի մեր վրայ դրուած գրաւը իրականացնենք եւ մեզի վստահուած պատասխանատուութիւնը լիովին արդարացնենք:

Հարցազրոյցը վարեց՝ Վահագն Գարագաշեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.