Ականազերծման միջազգային կազմակերպութիւնը այցելեց Շուշիի «Արամ Մանուկեան» Ճամբար

HALO Trust ականազերծման միջազգային կազմակերպութիւնը, Արցախի մէջ տարիներէ ի վեր կը զբաղուի մեր ազատագրուած Արցախի հողին մէջ տակաւին թաքնուած ականներու մաքրագործումով:

Վերոյիշեալ կազմակերպութեան ներկայացուցիչները, դաստիարակչական ազդու ներկայացումներով, երեխաները կը զգաստացնեն ականներու սոսկալի վտանգին նկատմամբ: Ինչպէս ամէն տարի, օգտուելով Շուշիի «Արամ Մանուկեան» Ճամբարի ընթացքին համախմբուած երեխաներու նշանակալից թիւէն, անոնք այցելեցին Նարեկացի Արուեստի Միութեան Շուշիի Կեդրոնը եւ ճամբարի երեխաներուն փոխանցեցին ականներէ զգուշանալու կարեւոր գիտելիքներ:

Այս տարի, HALO-ի ներկայացման միացաւ նաեւ Արցախի Փրկարար Ծառայութեան ներկայացուցիչը, որ իր կարգին երեխաները լուսաբանեց այլազան այլ վտանգներու մասին, անոնց բացատրելով նաեւ արկածի պարագային առաջին խնամքի, շտապ օգնութեան միջոցներ:

Նշենք, որ անցնող 12 տարիներուն յաջորդաբար, ամէն ամառ, գանատահայ Հայդուկ, Այտա, Տեսիլ եւ Պատրոյգ Շամլեանները, Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ կը վարեն «Արամ Մանուկեան Ճամբար»-ը: Ամառնային այս ճամբարին կը մասնակցին Շուշիէն եւ մերձակայ բնակավայրերէն 450-է աւելի երեխաներ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.