Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան 200,000 տոլար կը նուիրեն Լիբանանի ազգային վարժարաններու կարիքաւոր աշակերտներուն

Ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլը 200,000 տոլար նուիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին՝ տրամադրուելու համար Լիբանանի ազգային վարժարաններու կարիքաւոր աշակերտներուն որպէս կրթաթոշակ:

Յայտնենք, որ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանները հրաւիրուած էին ներկայ գտնուելու Ազգային Ընդհանուր Ժողովին, սակայն բանաւոր պատճառով չկարողացան ներկայ ըլլալ: Այս առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ուղղած իրենց նամակին մէջ գրեցին հետեւեալը.- «Վեհափառ Տէր, այսօր, երբ բացումը կը կատարէք Ազգային Ընդհանուր Ժողովին, ես եւ տիկինս՝ Անին մեր անհուն ուրախութիւնը եւ ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք Ձեզի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Առողջական պատճառներով պիտի չկարենանք ներկայ գտնուիլ Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին համար յատուկ կարեւորութիւն ներկայացնող այս Ժողովին»։

Անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան՝ նամակը կ՚ըսէ.- «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր համահայկական առաքելութեամբ կեդրոնական դեր գրաւած է Սփիւռքի մէջ, հոգեւոր ծառայութեան կողքին նաեւ հայ դատի հետապնդման, կրթական կեանքի զարգացման եւ հայ մշակոյթի ծաղկման մարզերէն ներս։ Որեւէ ժամանակէ աւելի մեծ է դերը, ամէ՛ն իմաստով, այս Ս. Աթոռին, մասնաւորաբար Սփիւռքի մէջ։ Այսօր Դուք էք, սիրելի՛ Վեհափառ Հայր, առաջնորդը Անթիլիասի մեծ առաքելութեան եւ զայն կը կատարէք իմաստութեամբ, քաջութեամբ եւ մեր ժողովուրդի զաւակները ազգային գերագոյն իտէալներու շուրջ համախմբելու վճռակամութեամբ։ Մենք, հեռաւոր Զուիցերիայէն, իբրեւ հաւատարիմ բարեկամը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմական Ս. Աթոռին, ուրախութեամբ ու հպարտութեամբ կը հետեւինք Ձեր հսկայ աշխատանքին։ Անցնող երկու տարիներու ընթացքին կամովին, եւ միշտ խորհրդակցելով Ձեզի հետ, մեր գործնական զօրակցութիւնը յայտնեցինք Ձեզի՝ Լիբանանի հայութեան ընկերատնտեսական կարիքներուն օգտակար ըլլալու Ձեր հայրական ճիգին մէջ։ Մեր սպասումն է, որ ժողովուրդի կարիքներուն օգտակար ըլլալու մեր նախանձախնդրութեան նաեւ միանան ունեւոր ազգայիններ՝ գործնապէս ցոյց տալով իրենց ազգային ոգին»։

Ապա, տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններ կը գրեն.- «Այս առիթով ես եւ Անին որոշած էինք 200,000 (երկու հարիւր հազար) ամերիկեան տոլար դնել Ձերդ Սրբութեան տրամադրութեան տակ՝ Ձեր հայեցողութեամբ տրամադրելու Կաթողիկոսարանի ծրագիրներուն։ Վեհափառ Տէր, դուք հայրական սիրով ու գնահատանքով ընդառաջելով մեր ջերմ փափաքին, Ձեր կարգին ուզեցիք, որ յիշեալ գումարը ամբողջութեամբ տրամադրուի Լիբանանի մեր ազգային վարժարաններու կարիքաւոր աշակերտներուն որպէս կրթաթոշակ։ Ահաւասիկ Ձեր հայրական գուրգուրանքը հայ դպրոցին ու կարիքաւոր ընտանիքներուն նկատմամբ, որ ինքնին ցոյց կու տայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժողովրդանուէր ծառայութիւնը։ Կը վստահեցնենք Ձեզ, որ մենք Ձեզի հետ ենք եւ՝ Անթիլիասի ազգանուէր առաքելութեան կողքին»։

Յայտնենք, որ Պէյրութի մէջ իր աշխատանքները սկսած Ազգային Ընդհանուր Ժողովի ընթացքին, երբ անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի հայ գաղութին կատարուած տնտեսական օժանդակութեան, Վեհափառ Հայրապետը այս ծիրէն ներս յատուկ կերպով անդրադարձաւ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլին կատարած յաջորդական օժանդակութիւններուն՝ կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ յատկապէս առողջապահական պարագաներուն: Նորին Ս. Օծութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ազգային բարերար ամոլին եւ այս առիթով նաեւ Ընդհանուր Ժողովին կարդացուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին իրենց ուղղած նամակը, ուր նաեւ յիշուած էր ամոլին կատարած օժանդակութիւնը ազգային վարժարաններուն:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.