«Աթքէն Արմէնեան» հիմնադրամը կ՚աջակցի հայրենի երաժշտասէր նորահաս սերունդին

«Կոչ կ’ուղղեմ մեր ժողովուրդին, որ ներկայ ըլլալով մեր համոյթին քաջալերեն Հայաստանի մեր երաժշտական տաղանդ ունեցող երեխաները, անոնք իսկապէս արժանի են հոգատարութեան, որպէսզի ապագային իրենց նուաճումներով արդարօրէն հպարտանանք բոլորս, որպէս ազգ եւ ժողովուրդ».

Հարցազրոյց «Աթքէն Արմէնեան» հիմնադրամի տնօրէն Վան Արմէնեանի հետ

Հ.- Պարո՛ն Վան, կը խնդրենք, որ դուք ձեզ ծանօթացնէք մեր ընթերցողներուն:

Վ.Ա.- Ծնած եմ Ալպերթա, Գանատա: Երաժշտական ուսումս ստացած եմ Քեպէգ քաղաքի Conservatoire de music de Québec-ի մէջ, ապա աւարտած եմ Պոսթընի New England Conservatory-ն, 2001-էն ի վեր հաստատուած եմ Մոնթրէալ: Այժմ ջութակահար եմ, երաժշտութեամբ կը զբաղիմ եւ «Աթքէն Արմէնեան» հիմնադրամին տնօրէնն եմ: Նշեմ, որ Աթքէն Արմէնեանը հայրս է: Ան Հայաստանի անկախութենէն ետք հաստատուեցաւ Հայաստան եւ զանազան բարեսիրական աշխատանքներ տարաւ հոն, ան նաեւ ունէր շատ ծրագիրներ կապուած գիւղատնտեսութեան, գիրքերու հրատարակման, երաժշտական եւ այլն: Երբ մահացաւ մենք իր յիշատակին հիմնեցինք այս հիմնադրամը:

Հ.- «Աթքէն Արմէնեան» հիմնադրամը հիմնուած է ինը տարի առաջ. այս ինը տարիներուն ընթացքին ի՞նչ բնոյթի աշխատանք տարած է եւ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ:

Վ.Ա.- Մենք կը փորձենք Հայաստանի մարզերուն մէջ տաղանդաւոր երաժիշտ-դասատուներ գտնել, ինչպէս նաեւ երաժշտական ձիրքեր ունեցող աշակերտներ, որոնց կը տրամադրենք երաժշտական գործիքներ եւ կը յանձնենք զիրենք այդ դասատուներուն, որպէսզի մասնագէտներու հսկողութեամբ զարգացնեն իրենց ձիրքերը: Նաեւ Եղեգնաձորի մէջ երգչախումբ կազմած ենք, որ արդէն Հայաստանի մանկական լաւագոյն երգչախումբերէն մէկը կը համարուի եւ առ այսօր արժանացած է զանազան մրցանակներու Հայաստանի, Վրաստանի մէջ եւ այլուր: Երգչախումբին կազմութեան նպատակն է յայտնաբերել երաժշտական տաղանդները, ապահովել անոնց տաղանդաւոր ուսուցիչներ, ապա օժանդակել, որպէսզի կատարելագործեն իրենց երաժշտական ուսումը:

Որպէս օրինակ կրնամ յիշել Նարեկը, որ Քարագլուխ գիւղին մէջ հովուութեամբ կը զբաղէր եւ կենդանիները արածելու ժամանակ շատ գեղեցիկ ձայնով կ’երգէր: Մեր երգչախումբին ղեկավարը ծանօթներու միջոցաւ լսած էր իր մասին, հետաքրքրուած եւ յայտնաբերած էր, որ բացառիկ ձայն ունի, անմիջապէս հովանաւորեցինք զինք եւ, այս տարեշրջանին, Երեւանի երժաշտական դպրոցներէն մէկուն մէջ ուսանելու առիթը ընծայեցինք իրեն: Նախորդող երկու տարիներուն Նարեկը բանակին կը ծառայէր եւ Արցախեան Քառօրեայ պատերազմին սահմանի վրայ էր, ան շատ ազդուած էր, երբ իր կողքի զինծառայող ընկերը նահատակուեր էր… զօրացրուելէն ետք, երբ իմացեր էր, որ մեր հիմնադրամը պիտի հոգայ իր երաժշտական ուսման ծախսերը՝ յուզումէն լացեր էր… Այս է «Աթքէն» հիմնադրամի նպատակը. գտնել մեր տաղանդաւոր երեխաներն ու աջակցիլ անոնց, որպէսզի կատարելագործեն իրենց երաժշտական ուսումը:

Վերջին երկու տարիներուն այլ բնոյթի ծրագրի մը եւս սկսանք օժանդակել Եղեգնաձորի գիւղացիներուն օժանդակութեան նպատակաւ: Լաւալաբնակ Թոնի Հալէպլի, գիւղատնտեսական զարգացման ծրագիր մը (Syunik NGO) պիտի իրականցնէ Եղեգնաձորի մէջ, ըստ որում գիւղացիներուն պիտի տրամադրուին պտղատու ծառերու տունկեր եւ մեղուաբուծութեան անհրաժեշտ իրեղէն, անոնց ապագայի հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի մնայ գիւղացիներուն: «Աթքէն Արմէնեան» հիմնադրամին միջամտութեամբ տիար Թոնիի այս ծրագիրը հունի մէջ դրուած է արդէն եւ որ պիտի ծառայէ շրջանի ժողովուրդին զարգացման եւ բարօրութեան:

Հ.- Պարո՛ն Արմէն, «Աթքէն Արմէնեան» հիմնադրամը ինչպիսի՞ իրագործումներ ձեռք բերած է առ այսօր:

Վ.Ա.- Մեր իրագործումները զանազան են, մեր ամենամեծ իրագործումն է Եղեգնաձորի երգչախումբը, որ արդէն իսկ մրցանակներու արժանացած է: Կրնամ այլ օրինակներ եւս յիշել. Ջաւախքէն Աննա Ղարսլեան անունով աղջնակ մը, մերթ ընդ մերթ Երեւան կու գայ եւ մեր մասնագէտին տունը մնալով (որմէ շատ շնորհակալ ենք այս ազնիւ վերաբերմունքին համար) կը հետեւի յատուկ ծրագրի: Ան կարճ ժամանակէ մը ետք մրցոյթի մը մասնակցեցաւ նախ Վրաստան, ապա Իտալիա եւ մրցանակի արժանանալով առիթը պիտի ունենայ յառաջիկայ Փետրուարին Իտալիոյ մէջ երկու շաբթուան տեւողութեամբ դասընթացքի մը մասնակցելու տաղանդաւոր դասատուի մը հսկողութեան տակ:

Ունինք Կիւմրիէն Մարիամ Ժամակոչեանը (13 տարեկան) եւ եղբայրը՝ Ալեքսանդրը (10 տարեկան): Մարիամը բացառիկ սրնգահար է, կրնամ ըսել, որ Հայաստանի լաւագոյն սրնգահարն է, տեղեկացանք, թէ սրինգի կարիքը ունի, որովհետեւ իր հին սրինգը անգործածելի է այլեւս, նոյն ժամանակ London Royal Academy of Music դպրոցի սրինգի դասատուն, որ հօրս զարմիկին ծանօթ է, մեզի տրամադրեց իր սրինգը: Անմիջապէս զայն յանձնեցինք Մարիամին, որ առ այսօր կ’օգտագործէ զայն: Իսկ Ալեքսանդրը, տաղանդաւոր դաշնակահար է, Հայաստանի մէջ մրցանակի արժանանալով իրեն առիթը ընծայուեցաւ, որ Աւստրիոյ, Իտալիոյ եւ Սլովենիոյ մէջ յատուկ դասընթացքի եւ ելոյթի մասնակցի:

Ասոնք են մեր իրագործումները, մեր երեխաներո՛ւն իրագիործումները:

Հ.- Որո՞նք կը հովանաւորեն ձեր ծրագիրները:

Վ.Ա.- Մենք ունինք սփիւռքի մէջ մնայուն հովանաւորներ, սակայն մեր ծրագիրները հետեւողական բնոյթ ունենալուն պատճառով յաճախ նոր հովանաւորներու կարիքը ունինք: Ունինք նաեւ Հայաստանէն հովանաւորներ, ինչպէս՝ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի պաշտօնեաներէն ոմանք, նաեւ Անթուան Մերճանեանը, որ 6 ամիս Եղեգնաձոր, 6 ամիս ալ Օթթաուա կ’ապրի, ան մեր կազմակերպութեան սիւներէն է: Մենք մշտական փնտռտուքի մէջ ենք նոր հովանաւորներու, որպէսզի չկասեցուին մեր հետեւողական ծրագիրները:

Հ.- Դեկտեմբեր 17-ին տեղի պիտի ունենայ «Աթքէն Արմէնեան» հիմնադրամի երկրորդ տարեկան համոյթը. որո՞նք հանդէս պիտի գան այդ ելոյթին, եւ ձեր ո՞ր ծրագրին պիտի յատկացուի անոր հասոյթը:

Վ.Ա.- Մեր տարեկան համոյթները կենսական են մեր ծրագիրները կարենալ առաջ տանելու համար, անոնց հասոյթները կը տրամադրուին հիմնադրամին բոլոր ծրագիրներուն: Դեկտեմբեր 17-ի մեր համոյթին պիտի մասնակցին Ալին Գութան՝ ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս, Ալպերթ Պրաուըր եւ Լուգ Պոսեժուրը, որոնք Գանատայի մեծագոյն երաժիշտներէն են: Անոնք սիրայօժար կերպով իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն մեր համոյթին, նկատի առած որ անոր հասոյթը պիտի տրամադրուի երաժշտական տաղանդ ունեցող երեխաներու: Մեր համոյթին պիտի ներկայացուին Կոմիտասէն եւ Վիւալտիէն արիաներ, ինչպէս նաեւ ունինք բացառիկ անակնկալ մը: Հոս կ’ուզեմ կարեւորութեամբ նշել, թէ մեր ակնկալութիւնն է, որ մեր համայնքի զաւակներն ալ իրենց մասնակցութիւնը բերեն եւ քաջալերեն համոյթը, որպէսզի այս մեծ երաժիշտներուն օժանդակութիւնը արժեւորուի: Հետեւաբար կոչ կ’ուղղեմ մեր ժողովուրդին, որ ներկայ ըլլալով մեր համոյթին քաջալերեն Հայաստանի մեր երաժշտական տաղանդ ունեցող երեխաները, անոնք իսկապէս արժանի են հոգատարութեան, որպէսզի ապագային իրենց նուաճումներով արդարօրէն հպարտանանք բոլորս, որպէս ազգ եւ ժողովուրդ:

Հարցազրոյցը վարեց՝ Սոնա Թիթիզեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.