Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդը Կը Քննէ Միջին Արեւելքի Հայ Համայնքներու Վիճակը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Երեքշաբթի, 27 Յունիսին հրաւիրած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԱԽ) նիստ, որուն օրակարգի գլխաւոր հարցերէն մէկը Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վիճակն էր:

Միջին Արեւելքի տարածքին տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ հայկական համայնքներուն վրայ անոնց ազդեցութեան մասին արտաքին գործոց նախարարի զեկոյցը լսելէ ետք, նախագահը ընդգծած է, որ Հայաստանի համար առաջնահերթ մտահոգութեան պատճառ կը հանդիսանան այնտեղ գտնուող հոծ հայկական համայնքները, անոնց մշակութային ու կրթական կեդրոնները, հայ ժողովուրդին համար նուիրական նշանակութիւն ունեցող կրօնական ու պատմական ժառանգութիւնը:

Նախարարի զեկոյցէն ետք, նախագահ Սարգսեան յանձնարարած է շարունակել միջոցներ ձեռնարկել Միջին Արեւելքի հայրենակիցներու կենսագործունէութեան եւ անոնց անվտանգութեան ապահովման, սուրիահայ փախստականներու կարիքները հոգալու, հայկական կրօնական, պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանութեան ուղղութեամբ: Նախագահը յանձնարարած է նաեւ շարունակել աշխատանքները գործընկեր երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներու հետ՝ սուրիահայերուն տրամադրուող օժանդակութեան շարունակականութիւնը ապահովելու համար եւ պատրաստ ըլլալ արձագանգելու հաւանական ոչ-բարենպաստ զարգացումներուն՝ զուգահեռաբար ամրապնդելով եւ խորացնելով Հայաստանի աւանդական յարաբերութիւններու մակարդակը արաբական երկիրներու հետ:

Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներու քննարկման ներկայացուած են նաեւ Հայաստանի բնական պաշարներու կառավարման հայեցակարգի նախագիծը եւ երկրին մէջ պարէնային անվտանգութեան վիճակի ու անոր յետագայ բարելաւման հիմնախնդիրները:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.