Ֆրանսա Պիտի Շարունակէ Գործել` Ի Նպաստ Հայաստանի
- (0)

Ֆրանսան, որ վերջերս ստանձնեց Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահութիւնը, պիտի շարունակէ գործել ի նպաստ շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման: Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութենէն:
«Ֆրանսայի դեսպանը եւ դեսպանութեան ամբողջ անձնակազմը հայ ժողովուրդին կը յղեն խաղաղութեան, երջանկութեան եւ բարգաւաճման իրենց բարեմաղթանքները 2022 թուականին համար: Ֆրանսան պիտի շարունակէ գործել շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման ի խնդիր», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: