Ֆրանսա – Արցախ Բարեկամութեան Շրջանակը Յայտարարութիւն Հրապարակած Է Հրադադարի Համաձայնագիրի 25-ամեակին Առիթով
Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակը յայտարարութիւն տարածած է` կրակի եւ ռազմական գործողութիւններու լիակատար դադրեցման վերաբերող համաձայնագիրի 25-ամեակին առիթով: Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Փաստաթուղթին մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է, որ չորս տարի տեւած եւ 30 հազար կեանք խլած պատերազմէն ետք ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի գօտիին վրայ տիրող խաղաղութիւնը, հակառակ իր փխրուն բնոյթին, 12 մայիս 1994-ին Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Արցախի միջեւ ստորագրուած հրադադարի մասին համաձայնագիրով ձեռք բերուած հիմնական նուաճումն է:
Յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է նաեւ, որ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակը կ՛ողջունէ հրադադարի դրութեան պահպանումը, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կը տեւէ արդէն քառորդ դար, եւ կոչ կ՛ուղղէ ստորագրելու եռակողմանի պայմանագիր` երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու մասին:
«Խաղաղութիւնը միշտ ողջունելի է, եւ այդ իմաստով կ՛արձանագրեմ, որ Արցախ պետութիւնը, որ արդէն քառորդ դարէ աւելի է գոյութիւն ունի, Արցախի ժողովուրդի գոյութեան իրաւունքի հիմնական երաշխաւորն է` ընդդէմ Ազրպէյճանի: Այս խաղաղութիւնը վերջնական չէ, քանի որ զինուած դիմակայութիւնը կը շարունակուի, այսուհանդերձ յարաբերական խաղաղութիւն կը տիրէ` շնորհիւ միակ եռակողմանի համաձայնագիրին, որուն տակ ստորագրած է նաեւ Արցախը», յայտարարած է Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Կի Թեսիէն:
Անդրադառնալով Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին մէջ տիրող լարուածութեան` ան նշած է, որ իւրաքանչիւր կողմէ ամէն մէկ մահ ողբերգութիւն է թէ՛ ընտանիքներու, թէ՛ հասարակութեան համար, եւ այդ լարուածութիւնը կը խանգարէ շրջանին յառաջընթացը:
«Հրադադարի մասին համաձայնագիրի դրական օրինակը կ՛ապացուցէ, որ շօշափելի արդիւնքներու հասնելու համար բանակցային հոլովոյթին մէջ պէտք է ընդգրկուին տագնապի բոլոր կողմերը: Հաշուի առնելով այս հանգամանքը` Ֆրանսան պէտք է խրախուսէ Արցախի Հանրապետութեան վերադարձը բանակցութիւններու սեղան` յաջողութեան հասնելու կարելիութիւնները բարձրացնելու համար», ընդգծած է Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահը: