Ֆրանսա-Արցախ Բարեկամութեան խմբակը պատրաստ է աջակցելու Արցախին առնչուող գործնական ծրագիրներուն
Այսօր՝ փետրուար 12-ին, «Ֆրանսա-Արցախ Բարեկամութեան խմբակ»ը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, զորս կը հրապարակենք ստորեւ.
Յունուար 29-ին, Ֆրանսայի Հանրապետութեան Նախագահ Էմանուէլ Մաքրօն, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի (CCAF) ամենամեայ ընթրիքի ելոյթի իր խօսքին մէջ, պատասխանելով վերոնշեալ Խորհուրդի երկու համանախագահներուն՝ Մուրատ Փափազեանի և Արա Թորանեանի հարցումներուն, անդրադարձած է Արցախի ինքնորոշման իրավիճակին, նշելով որ, որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի համանախագահ երկիր՝ Փարիզը «նախապատուութիւնը կու տայ ժողովուրդներուն ի սպաս գործող իրաւունքին»:
Մաքրօն մանրամասն անդրադարձած է նաւ Ֆրանսայի և Արցախի քաղաքներուն միջեւ ստորագրուած բարեկամութեան եւ համագործակցութեան հռչակագրերուն մասին, որոնց մեծ մասը վարչական դատարաններուն կողմէ ուժի մէջ չէ մտած, նշելով, որ «օրէնքի կիրառումը չի բացառեր երկխօսութեան կարելիութիւնը եւ յետայսու պէտք է բանակցիլ աւելի իրատեսական և արդիւնաւէտ ճանապարհով»: Այս իմաստով, Մաքրօն յոյս յայտնած է, որ «ուղղակի երկխօսութիւն կը հաստատէ Ֆրանսայի Արտաքին եւ Ներքին Գործերու նախարարութեանց եւ տեղական կառավարման հաստատութիւններուն միջեւ, կանխելու համար թիւրըմբռնումները եւ աւելի արդիւնաւէտ միջոցներ որոնելու:
Մանրամասնելով իր գաղափարը, Մաքրօն առաջարկած է աշխատանքային խումբի շրջանակներուն մէջ քննարկել համագործակցութեան կարելիութիւնները, որպէսզի այն տեղական իշխանութիւնները, որոնք կը փափաքին օժանդակութիւն ցուցաբերել Արցախի բնակչութեան, կարենան ընդունիլ արդիւնաւէտ և իրաւական որոշումներ: Եթէ նպատակը մշակութային կամ մարդասիրական օժանդակութիւնն է, մենք կը գտնենք իրականացման իրաւական շրջանակը» նշած է ան:
«Իմ նպատակս Արցախի հետ կրթական և մարդասիրական ոլորտներու զարգացման ծրագիրներու իրականացումն է»,- նշած է Ֆրանսա-Արցախ Բարեկամութեան շրջանակի անդամ եւ Ֆրանսայի Առնուվիլ քաղաքի քաղաքապետ Փասքալ Տոլը, որուն կողմէ ստորագրուած Բարեկամութեան հռչակագիրը ուժի մէջ չէ մտած վարչական դատարանին կողմէ: «Մօտակայ շաբաթներուն ընթացքին, ես եւ Բարեկամութեան խմբակի բազմաթիւ անդամներ կապ կը հաստատենք Ներքին Գործերու նախարարութեան հետ, ուսումնասիրելու համար թէ ինչպէս կարելի է համագործակցութիւնը իրականցնել՝ յարգելով օրէնքի գերակայութիւնը և Հանրապետութեան սկզբունքները»,- ընդգծած է ան:
Նշենք, որ Բարեկամութեան խմբակը պատրաստ է խթանել Արցախի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու հետ հաստատուած համագործակցութիւնն ու զարգացնել Ֆրանսայի եւ Արցախի միջեւ կառուցողական յարաբերությունները՝ հետևելով նախագահական վերջին նախաձեռնութիւններուն: