«Ֆրանսայի նախագահին եւ մեր միջեւ քաղաքական բաժանարար խոր տարակարծութիւն յառաջացած է Արցախի եւ Ֆրանսայի քաղաքներու միջեւ բարեկամութեան համաձայնագիրներու չեղարկման հարցով» Կը հաստատէ Մուրատ Փափազեան

«Ֆրանս-Արմենի»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին, պատասխանելով Արցախի քաղաքներու հետ ֆրանսական քաղաքներու կնքած բարեկամութեան համաձայնագիրներու ֆրանսական դատարանի կողմէ չեղարկման որոշումին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՖԿՀԽ-ի համանախագահ Մուրատ Փափազեան հետեւեալ ձեւով կը մեկնաբանէ հարցը.

«Վստահաբար կը յիշէք, որ անցնող 5 փետրուարին, նախագահ Մաքրոնի ներկայութեան Փարիզի մէջ կայացած ՖԿՀԽ-ի տարեկան ընթրիքին ընթացքին, իմ խօսքիս մէջ անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեցի բոլոր քաղաքապետներուն, որոնք Արցախի հետ ստորագրած են բարեկամութեան պայմանագիր եւ կոչ ուղղեցի նախագահին` ի նպաստ դիրքորոշուիլ ապակեդրոն համագործակցութեան այս քայլերուն: Սակայն օրին իսկ, հանրապետութեան նախագահը շատ յստակ արդէն դէմ արտայայտուած էր բարեկամութեան այս նախաձեռնութիւններուն. կէտ մը, որուն կարծրօրէն կ‘ընդդիմանանք: Այս իմաստով, ուրեմն ան մեզի չի դաւաճանեց, որովհետեւ ոչինչ խոստացած էր, ընդհակառակը: Այսուհանդերձ երբեք մտքով, իսկ չէինք անցըներ, որ պետութիւնը դատական համակարգի միջոցին կը դիմէ տուեալ քաղաքապետներուն նկատմամբ` կասեցնելու անոնց առած ազնուական քայլը: Հետեւաբար, հանրապետութեան նախագահին հետ այժմ ունինք քաղաքական աննախընթաց հարց:

Կացութիւնը երկու շաբաթէ ի վեր ցաւալի է: Մէկ կողմէ կը լսենք դառնացած եւ ընդվզած քաղաքապետները, որոնք իրենց կամքը արտայայտած են ի նպաստ երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան, որոնք կը բաժնեն ժողովրդավարական միեւնոյն արժէքները, եւ միւս կողմէ` պետութիւնը, որ տեղի կուտայ Ազրպէյճանի կամայականութեան դիմաց…

Յամենայնդէպս, շատ առարկայականօրէն պիտի վերլուծեմ կացութիւնը եւ ըսեմ հետեւեալը. Էմանուէլ Մաքրոն երկու թղթածրարի գծով յանձնառութիւն վերցուցած է.

1- Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը` 24 Ապրիլը Ֆրանսայի մէջ ազգային օր հռչակել, ինչ որ գործադրեց շատ արագ, որ անշուշտ մեծապէս կը գնահատենք:

2- որդեգրել պատժական օրէնք մը` Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման գծով: Այս իմաստով ցարդ կը սպասենք Էլիզէէն յստակ կեցուածք:

Սակայն Հայ Դատը ամբողջութիւն մըն է, որ չի հատուիր: Այսինքն, չենք կրնար ի նպաստ գործել Հայոց Ցեղասպանութեան թղթածրարին, բայց միւս կողմէ սպասարկել Ազրպէյճանին, որուն նպատակն է բնաջնջել Արցախի հայութիւնը: Ուրեմն այստեղ հարցականներ կը ստեղծուին անկեղծութեան իմաստով:

Վերջապէս, յայտնեմ, որ այս ընթացքով, Արցախի խնդիրը ֆրանսահայութեան եւ Մաքրոնի միջեւ խզումի հիմնական պատճառը կրնայ դառնալ, սակայն տակաւին կայ առիթ համախոհութեան յանգելու, եւ յառաջիկայ ամիսները վճռական պիտի ըլլան այս գծով: Պէտք է յստակ դիրքորոշուիլ այլեւս, որովհետեւ «միաժամանակ»-ը ա՛լ չի ստացուիր: «Միաժամանակ» ի նպաստ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի եւ «միաժամանակ» այսպէս կոչուած Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան…

Հուսկ, մենք մինչ այդ անդադար պիտի յիշեցնենք հանրապետութեան նախագահին, որ ինչքան հիմնարար արժէքներ են մեզի համար Արցախի հայութեան անկախութիւնն ու ֆրանսական դիւանագիտութեան անկախութիւնը` ազրպէյճանական բռնապետութեան դիմաց:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.