«Քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքէն ներս փոքրամասնութիւն նկատուելու բարդոյթէն պէտք է ազատուի». Արամ Ա. կաթողիկոս
- (0)

7_8 Մայիս 2025_ին Ամմանի (Յորդանան) մէջ տեղի ունեցած քրիստոնեայ_իսլամ միջազգային համագումարի բացման նիստի իր խօսքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կերպով շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքները իրենք զիրենք փոքրամասնութիւն նկատելու եւ նկատուելու բարդոյթէն պէտք է դուրս գան:
Համագումարը կազմակերպուած էր Յորդանանի Հասան Պըն Թալալ իշխանի հիմնած ու գլխաւորած քրիստոնեայ_իսլամ կազմակերպութեան կողմէ: Յայտնենք, որ Հասան իշխան, Յորդանանի նախկին թագաւոր՝ Հուսէյնի փոքր եղբայրն է եւ ներկայ թագաւոր Ապտ Ալլայի՝ հօրեղբայրը: Համագումարին կը մասնակցէին քրիստոնեայ ու իսլամ հոգեւորականներ ու մասնագէտներ: Բացման նիստին նաեւ ներկայ էին բազմաթիւ հրաւիրեալներ՝ պետական, դիւանագիտական ու կրօնական շրջանակներէ: Նոյն նիստին խօսք առին նաեւ հինգ քրիստոնեայ հոգեւոր պետեր եւ իշխան Հասան:
Իր խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը շեշտելէ ետք կարեւորութիւնը քրիստոնեայիսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան, համագումարին ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալ բնագաւառները, որոնք կը կարօտին յատուկ ուշադրութեան. ընկերաբարոյական հարցեր, հաւատք եւ բանականութիւն, կրօնք եւ քաղաքականութիւն, կրօնքի շահագործում, հաւաքական բարոյական արժեհամակարգի ստեղծում:
Իր խօսքի երկրորդ բաժնին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ, թէ քրիստոնեայ_իսլամ միասնաբար ինչ նպաստ կրնան բերել ներկայ աշխարհի հարցերուն: Այս ծիրէն ներս Հայրապետը յիշեց կենսոլորտը, կրօնական ծայրայեղութիւնը, անարդարութիւնը, մարդկային իրաւանց անտեսումը եւ ընկերութեան կեանքը խաթարող երեւոյթներու բազմացումը, միաժամանակ շեշտելով, որ յիշեալ մարզերէն ներս երկու միաստուածեան կրօններու գործակցութիւնը կարեւոր է եւ հրամայական:
Աւարտին, Հայրապետը ըսաւ, որ քրիստոնեայ համայնքները եկուոր չեն տարածաշրջանէն ներս. անոնք իրենց յատուկ ինքնութեամբ, աւանդութիւններով ու մշակոյթով կը պատկանին շրջանի քաղաքակրթութեան: Քրիստոնեայ համայնքները տարածաշրջանի հասարակութեան լուսանցքին վրայ չեն, այլ մայր էջին վրայ են՝ իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերելով Միջին Արեւելքէն ներս արդարութեան վրայ հաստատուած խաղաղութեան հաստատման ու բարգաւաճման:
Երկու օրերու վրայ տարածուած համագումարը լծուեցաւ աշխատանքի՝ քննարկելով քրիստոնեայ_իսլամ գործակցութեան ու գոյակցութեան առնչուած շարք մը հարցեր:
Համագումարի աւարտին ժողովին առաջարկները պարզող ընդհանուր յայտարարութիւն մը կատարուեցաւ:
Նորին Սուրբ Օծութիւնը յաճախակի առիթներով խօսք առաւ եւ այս ծիրէն ներս իր ունեցած երկար տարիներու փորձառութեան լոյսին տակ իր տեսակէտները պարզեց:
Յայտնենք, որ ժողովական աշխատանքներուն մասնակից դարձաւ նաեւ իշխան Հասան, որուն Վեհափառ Հայրպաետը տարիներ առաջ ծանօթացած էր, եւ բերաւ իր դրական մասնակցութիւնը հարցերու քննարկման:
Ժողովական աշխատանքներուն առընթեր Արամ Ա. Կաթողիկոս հետեւեալ հանդիպումները ունեցաւ Ամմանի մէջ._
_ Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայնային խօսակցութիւնը ունեցաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ն.Ա.Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի հետ:
_ Նորին Սրբութեան այցելեց Յորդանանի եւ Իրաքի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սեւակ Աւետիսեան:
_ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Նորին Սրբութիւն ասորի ուղղափառ Աֆրամ Բ. Պատրիարքին հետ: Երկու հոգեւոր պետերը քննարկեցին յառաջիկայ շաբաթ Գահիրէի (Եգիպտոս) մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին առնչուած նիւթեր:
_ Յաճախակի առիթներով Նորին Սրբութիւնը հակիրճ հանդիպումներ ունեցաւ իշխան Հասանի հետ եւ իր գնահատանքը յայտնեց համագումարի ընթացքին երկու առիթներով Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշելուն համար:
_ Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Ամմանի հայ համայնքի ազգային վարչութեան անդամները, առաջնորդութեամբ հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Աւետիս Ծ. Վրդ. Իփրաճեանի:
_ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց այցելութիւնը Երուսաղէմի Հայոց Թաղի Պահպանութեան եւ Պաշտպանութեան շարժման (SavetheArQ) համահիմնադիրներ Յակոբ Ճռնազեանի եւ Սեդրակ Պալեանի։ Անոնք եկած էին ներկայացնելու Երուսաղէմի Կովերու Պարտէզին հարցը։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց յիշեալ հարցին կարեւորութիւնը եւ զայն համազգային ճիգերով հետապնդելու անհրաժեշտութիւնը։
_ Տոքթ. Աբգար Գէորգեան Նորին Սրբութեան յանձնեց Սուրբ Զատիկի ճրագայոցին Երուսաղէմի Սուրբ Յարութիւն տաճարի Քրիստոսի վիմափոր գերեզմանէն ծագած լոյսը: Վեհափառ Հայրապետը զայն բերաւ Մայրավանք: