Քննարկուած են հայ-ռուսական ռազմական համագործակցութեան ծրագրերը
1865
0
Մոսկուա կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեանը փետրուար 7-ին հանդիպած է Ռուսաստանի ռազմական համագործակցութեան դաշնային ծառայութեան տնօրէն Տիմիթրի Շուկաևի հետ։ Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-ռուսական ռազմական սարքաւորումներու ծիրէն ներս համագործակցութեան ընթացիկ ծրագրերը և հետագայ համագործակցութեան ուղենիշները։