Քէպէգ Նահանգի Կրթութեան նախարարութեան կողմէ Ցեղասպանութեանց դասաւանդման ուղեցոյցի որդեգրումը՝ Հայ Դատի գծով կարեւոր իրագործում է

Ապրիլ 26-ին, Գանատայի Քէպէգ Նահանգի Կրթութեան նախարարութիւնը յայտարարեց Ցեղասպանութեանց դասաւանդման ծրագրի ուղեցոյցի մեկնարկը:

Կրթական ծրագրի այս ուղեցոյցը մշակուած է Ցեղասպանութեան Կրթական Հիմնադրամի (Genocide Education Foundation) եւ գործակից կազմակերպութիւններու, ինչպէս՝ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ, որ Քէպէգ Նահանգի կրթական մշակներուն համար պիտի ծառայէ իբրեւ սկզբնաղբիւր, ուսուցանելու ցեղասպանութիւններու յանցագործութեանց ու անոնց հետեւանքներուն մասին:

Այս ծրագիրը ցեղասպանութեան վերաբերեալ առաջին համընդհանուր կրթական ուղեցոյցն է, որ հասանելի պիտի ըլլայ Քէպէգի միջնակարգ դպրոցներու աւելի քան 343,000 աշակերտներու եւ 800 կրթական հաստատութիւններու:

Երկլեզու այս ուղեցոյցը կը սահմանէ ցեղասպանութեան յանցագործութիւններու դրոյթները, մասնագիտականօրէն կը բացատրէ ցեղասպանութեան տարբեր փուլերը, որոնք պատմականօրէն պատճառ դարձած են նմանօրինակ յանցագործութիւններու: Ուղեցոյցը նաեւ լոյս կը սփռէ ՄԱԿ-ի եւ Գանատայի կողմէ ճանչցուած ինը ցեղասպանութիւններու մանրակրկիտ դէպքերուն, ինչպիսիք՝ Գանատայի բնիկ հնդիկներու մշակութային ցեղասպանութիւն (1876-1993),  Հերերոյի եւ Նամայի ցեղասպանութիւն (1904-1908) Հայոց ցեղասպանութիւն (1915-1923), Ուքրանական Հոլոտոմորը-Սովասպանութիւն (1932-1933), Ռոման գնչուներու եւ Սինտիներու ցեղասպանութիւն (1935-1945), Հրեաներու Ողջակիզում (1939-1945), Գամպոտիայի ցեղասպանութիւն (1975-1979), Պոսնիայի ցեղասպանութիւն (1992-1995) եւ Ռուանտայի թութսիներու ցեղասպանութիւն (1994):

«Հորիզոն»ի աշխատակից Արիանէ Թասլաքեանը այս մասին հարցազրոյց ունեցաւ ուղեցոյցը խմբագրելու աշխատանքներուն մասնակից փրոֆ. Լալէ Մանճիկեանի եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Հրակ Չինչինեանի հետ։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.