Քանոնահար Մարիաննա Գէորգեանը Միանգամայն Երկու Յաղթական Դափնի Բերաւ Հայաստանին

Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ կայացած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի եւրոպական ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած միջազգային մրցոյթ-փառատօնին կրկնակի յաղթանակ տարաւ` զբաղեցնելով առաջին հորիզոնականները` «Գործիքային կատարողական արուեստ» անուանակարգերուն մէջ: Մարիաննա Գէորգեան միաժամանակ երկու յաղթական դափնի բերաւ Հայաստանին:

Քանոնահարուհի, միջազգային բազմաթիւ մրցոյթներու դափնեկիր Մարիաննա Գէորգեան վերջերս դարձած էր Global Cultural Initiative World Folk Vision համաշխարհային մրցոյթ-փառատօնի գլխաւոր մրցանակակիր` «Աշխարհի ժողովուրդներու երաժշտութիւն» անուանակարգին մէջ, ուր ներկայացած է ազգային նուագարան քանոնը: Տաղանդաւոր հայուհին 115 երկիրներու 3950 մասնակիցներու մէջ արժանացած է գլխաւոր` «Կրանփրի» մրցանակին: Բացի այդ, մրցանակներու արժանացած է Հնդկաստանի մէջ կազմակերպուած միջազգային մրցոյթին` ճանչցուելով 1-ին կարգի դափնեկիր եւ ստանալով «Բեմական հմայք» ու «Երաժշտութեան դեսպան» յատուկ մրցանակներ: Բազմաթիւ այլ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր է: Հնագոյն երաժշտութեան «Տաղարան» համոյթի քանոնահարն է:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.