Քաղաքացիական Պայմանագիրը Տապալեց Արցախի Հարցով Գումարելի Խորհրդարանի Արտակարգ Նիստը. Ոստիկանութիւնը Անհամաչափ Ուժ Կիրարկեց Ցուցարարներուն Դէմ

Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին վրայ, ինչպէս նախատեսուած էր, երէկ տեղի ունեցաւ  «Դիմադրութեան» շարժման հանրահաւաքը:

«Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը մերժեց քննարկել երկրին համար  կենսական նշանակութիւն ունեցող հարցերը», Ֆրանսայի հրապարակին վրայ յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան:

«Ազգային ժողովի կանոնակարգ-օրէնքին համաձայն, դեռ 4 ժամ Ազգային ժողովի նիստը բաց է, եւ 4 ժամ դեռ հնարաւորութիւն կայ, որպէսզի իրենք խելքի գան եւ գան խորհրդարան եւ որպէսզի տեղի ունենայ այդ շատ կարեւոր նիստը», ըսաւ Սաղաթէլեան:

Իշխան Սաղաթէլեան առաջարկեց քայլերթ կատարել դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւն` այնտեղ ներկայացնելու համար պահանջներն ու ընելիքները:

«Առանց Նիկոլ Հայաստան» վանկարկումներով երթը ընթացաւ դէպի կառավարութիւն:

«Մենք կը շրջափակենք կառավարութեան բոլոր 6 մուտքերը: Ոեւէ մէկը շէնք մտնել թող չփորձէ, ոստիկանութեան հետ բախումի մէջ չենք ուզեր մտնել», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան:

Նշենք, որ կառավարութեան շէնքի մօտ կեդրոնացած էին մեծաքանակ ոստիկանական ուժեր:

«Պայքարի ելքը այն է, որ իրենք պէտք է հեռանան` ուրիշ ելք չկայ», շրջափակուած կառավարութեան շէնքի դիմաց լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Կառավարութեան դիմաց արցախեան երեք պատերազմներու մասնակից, բժիշկ, ազատամարտիկ Տարօն Տօնոյեան կոչով դիմեց ոստիկանութեան ուժ չկիրարկելու:

«Մենք ծանր պարտութիւն կրած ենք, բայց հնարաւորութիւն ունինք մեր ողնայարը վերստին շտկելու: Ատոր համար ալ պարտութիւն կրած ընդհանուր հրամանատարը պէտք է հեռանայ վայրկեան առաջ: Մենք պէտք է կարենանք հայրենանուէր եւ արհեստավարժ կառավարութիւն ձեւաւորել, որ կարող է զօրքը առաջնորդել: Մէկ վայրկեան առաջ պէտք է ազատինք Նիկոլէն», ըսաւ Տօնոյեան:

Դիմադրութիւն շարժման անդամները, քանի մը ժամ կառավարութեան բոլոր մուտքերը շրջափակելէ ետք, երթով քալեցին դէպի կառավարական ամարանոց:

Կառավարական ամարանոցի առջեւ մեծաթիւ ոստիկաններ` վահաններով եւ սաղաւարտներով զինուած, շղթայ կազմած էին:

Յայտնենք, որ աւելի ուշ երթին մասնակցող ցուցարարներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ տեղի ունեցան ծանր բախումներ, բազմաթիւ ցուցարարներ բերման ենթարկուեցան, արձանագրուեցան վիրաւորներ:

Նշենք, որ Ազգային ժողովի ընդդիմադիր խմբակցութիւններու նախաձեռնած Ազգային ժողովի արտահերթ նիստը չկայացաւ:

Առաջին անգամ նիստը յետաձգուեցաւ չորս ժամով օրինաթիւ չապահովելու պատճառով: Քաղաքացիական պայմանագիր խմբակցութիւնը յայտարարած էր, որ պիտի չներկայանայ խորհրդարան եւ չ՛ուզեր մասնակցիլ Արցախի հարցով Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.