«Քաղաքական պատասխանատուները խոստում պէտք է տան ժողովուրդին՝ բարեկարգումներ սկսելու» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. յայտարարութիւն տարածած է Լիբանանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցող հակակառավարական ցոյցերուն վերաբերեալ.

Լիբանանի ժողովուրդը փողոց իջած է։ Լիբանանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ողջ ժողովուրդը, առանց կրօնական, համայնքային ու քաղաքական տարբերութեան, իր պահանջները յստակօրէն կը պարզէ պետական իշխանութեան։ Ըսած ենք ու կը կրկնենք.- Կը բաժնենք ժողովուրդին պոռթկումը եւ արդար սպասումը։

Նման կացութեան դիմաց, անհրաժեշտ է խոհեմ ու իրապաշտ մօտեցում ունենալ։ Զգացական արտայայտութիւններ ու հապճեպ քայլեր եւ քաղաքական շահարկումի փորձեր կրնան կացութիւնը աւելի սրել։ Քաղաքական պատասխանատուներ պէտք է հեռու մնան յանցաւոր փնտռելու ու զիրար այպանելու մօտեցումներէն։ Առաջնահերթը ու հիմնականը ժողովուրդը համոզող գործնական քայլերու դիմել է։ Ժողովրդային յեղափոխութեան առաջին իսկ օրը Մեր տեսակէտը պարզեցինք՝ երկիրը տնտեսական տագնապէս դուրս բերելու միտող։ Նոյնը կը կրկնենք.-

1) Նկատի ունենալով ստեղծուած կացութիւնը, իր զանազան երեսներով ու հետեւանքներով, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով, թէ ներկայ կառավարութեան մաս կը կազմեն Լիբանանի քաղաքական բոլոր կուսակցութիւնները, անհրաժեշտ է որ ներկայ կառավարութիւնը շարունակէ մնալ։ Անոր հեռացումը կրնայ նորանոր բարդութիւններ ստեղծել եւ երկիրը անորոշութեան մատնել։

2) Անհրաժեշտ է, որ բարձրագոյն աստիճանի պետական պատասխանատուներն ու կառավարութիւնը, քաղաքական բոլոր կողմերուն ամբողջական աջակցութեամբ ու յանձնառութեամբ, հրապարակային խոստում տան ժողովուրդին, թէ շուտով պիտի դիմեն ժողովուրդին կեանքը բարելաւող գործնական քայլերու։

3) Տրուած հրապարակային խոստումին ու կատարուած գրաւոր յանձնառութեան մէջ պէտք է յստակօրէն ճշդուին այն գործնական քայլերը, որոնց կառավարութիւնը շուտով պիտի դիմէ՝ տնտեսական, ընկերային, առողջապահական, կրթական, վարչական եւ այլ բնագաւառներէ ներս։

4) Բարեկարգումի կարօտ մարզերու եւ առնուելիք քայլերու սոսկ յիշատակումէն անդին, անհրաժեշտ է որ յստակ ժամանակացոյց մը ճշդուի՝ բնականաբար կատարուելիք բարեկարգումներու առաջնահերթութիւնը ու տարողութիւնը նկատի ունենալով։

5) Կառավարութեան կողմէ կատարուելիք բոլոր բարեկարգումները յստակ մէկ նպատակ եւ ուղղութիւն պէտք է ունենան.- Ժողովուրդը հեռու պահել տնտեսական յաւելեալ տուրքերէ, ինչպէս նաեւ մշակել տնտեսական բարեկարգումի նոր ծրագիր մը՝ հանգրուանային կերպով իրագործելի։ Կատարուելիք այս աշխատանքներուն գծով կառավարութիւնը միշտ պէտք է համարատու մնայ ժողովուրդին։

Նման գործնական քայլերու դիմելով, Մեր կարծիքով, երկիրը բարեկարգումի ու զարգացումի դրական ընթացքի մէջ կը մտնէ։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.