Քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ներկայութեամբ Թորոնթոյի մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակը

(Լուսանկարները՝ Իշխան Ղազարեանի)

«Հորիզոն».- Կիրակի, Ապրիլ 28-ին, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի սրահէն ներս, Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Թորոնթոյի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւնը:

Հանդիսութեան ներկայ էին Գանատայի Հայ Դատի (շրջանային եւ տեղական) գրասենեակներու ներկայացուցիչներ, Օնթարիոյի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս տիար Վարուժան Լափոյեան, Օնթարիոյ նահանգային խորհրդարանի պատգամաւոր Միսիսակա-Էրին, Միլս շրջանի երեսփոխան Շէրիֆ Սապաուէյ, Սգարպորօ-Էյճինգորդ շրջանի երեսփոխան Ժան Եիբ, Հիւսիսային Սգարպորօ շրջանի երեսփոխան Շոն Գլէն, Ուիլոտէյլի շրջանի երեսփոխան Ալի Էհսասի, Լիբանանի հիւպատոս Գրիգոր Պոսթաճեան, Օնթարիոյ օրէնսդրութեան նախկին խօսնակ Տէյուիթ Ուրնըր, Օնթարիո նահանգի Սգարպորօ-Էյճինգորդի երեսփոխան Արիս Պապիկեան նաեւ բազմաթիւ քաղաքական, հասարակական գործիչներ, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ։

Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներէն ետք, ներկաները հրաւիրուեցան մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան եւ բոլոր ցեղասպանութիւններու նահատակներու յիշատակը: Օրուան հանդիսավարն էր օրդ. Սարիկ Պապեան, որ իր բացման խօսքէն ետք համառօտ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօս Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութեան նախագահ փրոֆ. Հէնրի Թէրիոն:

Բանախօսը իր պատգամին մէջ հիմնականօրէն շեշտեց ցեղասպանութիւններու ուսուցման անհրաժեշտութիւնը երկրորդական վարժարաններէն ներս: Ան անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման գործընթացին եւ դատապարտեց Թուրքիոյ հերքումի շարունակական ընթացքը:

Ապա յաջորդաբար խօսք առին Գանատայի Շրջանային Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Շահէն Միրաքեան, Օնթարիոյի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս տիար Վարուժան Լափոյեան, Գանատայի սահմանային ապահովութեան նախարար Պիլ Պլէյր, երեսփոխան Հարոլտ Ալպրէջտ, որ ներկայացուց ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավարին խօսքը, Թորոնթոյի քաղաքապետ Ճօն Թորի, նախարարներ Չէյմոնտ Չօ, Ռոտ Ֆիլիփս եւ Մայքըլ Թիպոլօ, որ ներկայացուց Օնթարիոյի վարչապետ Տակ ֆորտի պատգամը, Օնթարիո նահանգի երեսփոխան Միթցի Հանթըր ներկայացուց Ազատական կուսակցութեան ժամանակաւոր ղեկավարին խօսքը, նաեւ ընթերցուեցաւ Գանատայի Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավար Ճակմիտ Սինկի խօսքը:

Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան Նուէր Ղազարեան՝ երգով, տուտուկի ընկերակցութեամբ Սէյրան Ղազարեանի, նաեւ մեներգեց Լեւոն Նահհասը եւ ասմունքով իր մասնակցութիւնը բերաւ Արիս Ջուլճեանը:

Հանդիսութեան աւարտին ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին դիմաց:

Նշենք, թէ նախքան հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ լուսանկարներու ցուցահանդէս, որ կ’ընդգրկէր եւրոպական եւ այլ երկիրներու թերթերու մէջ լոյս տեսած 1915-ի նկարներ, որոնք առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրուեցան Թորոնթոյի մէջ։

Սարին Փօլատեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.