Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն Կարօ Փայլանին յանձնած է Grand Vermeil պատուոյ մետալը
Ֆրանսաի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը Փարիզի մէջ հանդիպած են Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու Համակարգող խորհուրդի ամենամեայ ընթրիքին:
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւորին ծափահարած է ընթրիքին մասնակցող 500 մարդ:
«Ձեր կեանքը մշտական վտանգի մէջ է: Շնորհակալկութիւն այն բանին համար, որ դուք կ՝ընէք: Դուք ժողովրդավարութեան հերոս էք, հերոս, որ կը պաշտպանէ մարդու իրաւունքները: Ամէն անգամ, երբ մեր կարիքը ունենաք, հայերը ձեր կողքին պիտի ըլլան, Փարիզը ձեր կողքին պիտի ըլլայ»,- յայտարարած է Անն Իտալկոն:
Հանդիպման մասնակցած են նաեւ հրէական համայնքի ներկայացուցիչներ, ֆրանսացի փաստաբան եւ պատմաբան, նացիստական յանցագործութիւնները մերկացնելու եւ պատժելու մարտիկ Սերժ Քլարսֆելտը կնոջ՝ Պէաթայի հետ, որ ստացած է հայ համայնքի «Խիզախութեան համար CCAF» մետալը:
«Մենք մշտապէս հայ ժողովուրդի կողքին եղած ենք,- յայտարարած է Սերժը: – Եւ մենք կը պայքարինք այն բանի համար, որպէսզի Իսրայէլը նոյնպէս ճանչնայ Հայոց
Ցեղասպանութիւնը: Մենք նաեւ յոյս ունինք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացումը պիտի ընդունուի նաեւ Ֆրանսայի մէջ՝ ճիշդ այնպէս, ինչպէս ընդունուած է հրէայ համայնքը պաշտպանող օրէնքը»:
Նշենք, որ Grand Vermeil պատուոյ մետալի յաւակնորդները կ՝որոշեն քաղաքային եւ շրջանային խորհուրդի պատգամաւորները: Grand Vermeil-ը հիմնադրուած է 1948-ին: Անիկա կը շնորհուի սեփական մասնագիտութեամբ երակարատեւ, ազնիւ եւ պտղաբեր աշխատանքի համար: