Փարիզի Մէջ Հիմը Կը Դրուի Համահայկական Տնտեսական Համախմբումին
ՓԱՐԻԶ, «ՀՅԴ Մամլոյ Դիւնան».- Անցեալ շաբաթավերջին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ տարբեր երկիրներէ ժամանած հայ գործարարներու հանդիպումը՝ սկիզբ դնելով «Համահայկական տնտեսական համախմբում»ին:
Նկատի առնելով աշխարհասփիւռ հայութեան տնտեսական եւ գործարար հնարաւորութիւնները եւ այդ կարողականութիւնը համախմբելու եւ առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու անհրաժեշտութիւնը՝ հանդիպման մասնակիցները որոշեցին ստեղծել հայ գործարար ցանց մը, որուն կառավարումը պիտի վստահուի արհեստավարժ ու մասնագիտական հիմքերով գործող կառոյցի մը:
«Համահայկական տնտեսական համախմբում»ի (Panarmenian Economic Assembly) առաքելութիւնն է՝ ամրապնդել, խթանել եւ պաշտպանել հայ ազգի բազմակողմանի զարգացումը՝ ի մի բերելով հայ անհատական ֆինանսական եւ մասնագիտական կարողականութիւնը եւ աշխարհասփիւռ ներուժը՝ օգտագործելով ի նպաստ հայ մարդուն, հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին:
Ժողովը կազմած է յատուկ յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնն է Փարիզի հանդիպումէն բխած գաղափարներուն եւ որդեգրած սկզբունքներուն հիման վրայ պատրաստել «Համախմբում»ի ուղեգիծն ու գործելաոճը, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ամիսներուն կազմակերպել «Համահայկական տնտեսական համախմբում»ի առաջին համաժողովը: