Փաշինեան. «Ռուսիոյ Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Պէտք Է Ըլլան Շատ Աւելի Բարձր Մակարդակի Եւ Եղբայրական»

«Զինուժ» հաղորդաշարին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հաստատած է, որ Ռուսիոյ հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները առանձնայատուկ տեղ եւ նշանակութիւն ունին:

«Մենք յոյս ունինք, որ կարելի կ՛ըլլայ այդ յարաբերութիւններու արդիւնաւէտութիւնը էականօրէն բարձրացնել: Մեր յարաբերութիւնները պէտք է ըլլան շատ աւելի բարձր մակարդակի, շատ աւելի ռազմավարական, շատ աւելի գործընկերային եւ շատ աւելի եղբայրական», ըսած է ան:

Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձ կատարած է նաեւ Հայաստանի զինուած ուժերու մարտունակութեան ու ռազմական համակարգերով օժտուածութեան, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման մեքանիզմներուն եւ կարելիութիւններուն, ՀԱՊԿ-ի գործունէութեան:

«Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն հետ առաջին կապերէն իսկ ինծի համար ակնյայտ դարձաւ, որ այս նոյն հարցը կայ նաեւ անոնց մօտ: Առաջին` արձանագրել խնդիրի գոյութիւնը եւ համբերատար, դաշնակցային մթնոլորտի մէջ եւ տրամաբանութեամբ քննարկել հարցերը, որպէսզի մենք իմանանք, թէ ի՞նչ պարտաւորութիւններ ունի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը Հայաստանին, եւ ի՞նչ պարտաւորութիւններ ունի Հայաստանի Հանրապետութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան եւ անոր անդամ երկիրներուն նկատմամբ», դիտել տուած է Փաշինեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.