Փանթուրքիզմի կայսրութեան յարձակողապաշտ ձգտումները՝ երէկ եւ այսօր

           Լուսին Գասպարեանի յօդուածին անգլերէն բնօրինակը հրատարակուած է WND.com-ի մէջ, հայերէնի թարգմանութիւնը կը հրատարակենք կայքի խմբագրութեան թոյլտուութեամբ։ 

 

«Հայոց Ցեղասպանութեան կրկնութեան սպառնալիքը ամէնօրեայ իրականութիւն է»։

Լուսին Գասպարեան

Անգարայէն ղեկավարուող փանթրքական կայսրութեան ստեղծման Թուրքիոյ կայսերական նկրտումները իրենց արտայայտութիւնը կը գտնեն նաեւ ներկայ Կովկասի մէջ եւ այլուր։

Ցեղապաշտութեան ջատագով այս ​​գաղափարախօսութիւնը կը նախատեսէ հիմնել կայսրութիւն մը, որ կը ներառէ թրքախօս իւրաքանչիւր երկիր կամ տարածաշրջան,անկախ թէ տուեալ երկրի լեզուն որքանո՞վ հեռու է Թուրքիոյ մէջ խօսուող լեզուէն, կամ թէ այդ շրջաններու ժողովուրդը որքանո՞վ համաձայն է նման կայսրութեան մը ստեղծումին: Այս սկզբունքը  եղած է եւ կը մնայ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական տարրը։

Այս ծրագրի իրականացման ճամբուն կանգնած Քրիստոնեայ Հայաստանը Քաղաքականութեան Բնօրրան կը համարուի։ Աստուածաշնչեան աւանդոյթին համաձայն, Նոյեան Տապանը հանգչած է Հայաստանի պատմական խորհրդանիշին՝ Արարատ լեռան գագաթին։ Հայոց լեզուն կը նկատուի հնդեւրոպական մայր լեզուներէն մէկը (չըսելու համար՝ հիմնականը)։ Հայաստանի ժողովուրդը ոչ-թրքական ցեղ է։

Փանթուրքիզմը՝ երէկ

Փանթուրքիզմը Օսմանեան Թուրքիոյ հիմնական դրդապատճառն էր՝ 1914-ին դաշնակիցներուն դէմ Առաջին Համաշխարհային պատերազմին մէջ ներքաշուելու:

Օսմանեան Թուրքիան ոչ միայն կը ձգտէր ընդարձակել արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող Միջինարեւելեան իր կայսրութիւնը, այլեւ կը ջանար տարածուիլ դէպի արեւելք եւ իր սահմաններուն մէջ ներառել այս յօդուածին կից հեղինակային ծաղրանկարին մէջ պատկերուած բոլոր տարածաշրջանները (որոնցմէ շատերը, այդ օրերուն, նոյնիսկ երկիրներ չէին): Փանթուրքիզմի առանձնայատկութիւնը պիտի համարուէր այլազան երկիրներու, յատկապէս՝ թրքալեզուներու, աշխոյժ ներգրաւումը Թուրքիոյ գաղափարական, մշակութային, ռազմական, դիւանագիտական ​​եւ տնտեսական ազդեցութեան ոլորտ։

Օսմանեան Թուրքիան փանթուրքիստական իր նպատակին հասնելու համար կը նպատակադրէր արմատախիլ ընել այսօրուան Թուրքիա կոչուող տարածքին մէջ ապրող բնիկ քրիստոնեայ ազգերը, այսինքն՝ հայերը, ասորիներն ու յոյները: Վերջինները այդ հողերուն վրայ բնակած էին եւ պետութիւններ ստեղծած հազարաւոր տարիներ առաջ, նախքան թրքական եկուոր ցեղերուն Կեդրոնական Ասիայէն եւ Մոնկոլիայէն ժամանումը եւ Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումը՝ 1453-ին։

Փանթուրքիզմը Թուրքիոյ հիմնական մղիչ ազդակն էր 1915-1923 թուականներուն հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնը իրագործելու համար: Թուրքիան կը ձգտէր միատար դարձնել ու թրքացնել իր կայսրութիւնը: Այս նպատակին հասնելու համար միլիոնաւոր բնիկ քրիստոնեաներ խոշտանգումներու ենթարկուեցան, մորթուեցան, առեւանգուեցան, հարճերու վերածուեցան եւ բռնի մահմետականացուեցան: Ցեղասպանութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ թուրք բռնապետ Քեմալ Աթաթուրքի օրօք, Համաշխարհային Ա․ պատերազմէն ետք։ Ան հրամայեց իր զօրավարներուն «Հայաստանը քանդել քաղաքականապէս եւ ֆիզիքապէս»։

Թուրքիոյ եւ իր գործընկեր Ատրպէյճանի ցեղասպանական նպատակները գաղտնիք չեն։ Այդ տրամադրութիւնները այսօր իրենց արձագանգը կը գտնեն թուրք բռնակալ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի եւ ազերի միապետ Իլհամ Ալիեւի մօտ․ անոնք կը ջանան վերացնել թրքական այս երկու պետութիւններուն միջեւ որպէս պատնէշ կանգնած Հայաստանը: Այսօր, քրիստոնեայ Հայաստանը (որուն բնակչութիւնը 3 միլիոնէն նուազ է) կը հանդիսանայ Թուրքիոյ (86 միլիոն բնակչութիւն ունեցող) եւ թրքալեզու Ատրպէյճանի (10 միլիոն բնակչութիւն ունեցող) յարձակողապաշտութեան թիրախը, այնպէս ինչպէս էր՝  Համաշխարհային Ա․ պատերազմի ընթացքին։

Փանթուրքիզմի ներկայ դրսեւորումները

Լիպիացի լրագրող Ալաատտին Սալեհ խօսելով փանթուրքիզմի սպառնալիքին մասին կը գրէ․ «Անգարա կը ձգտի շահագործել Պաքուի հետ դաշինքը տարածաշրջանին մէջ իր դիրքը ամրապնդելու համար՝ փորձելով վերականգնել Օսմանեան կայսրութիւնը եւ Կեդրոնական Ասիոյ թրքական պետութիւնները համարկել բանակավարական (լոճիստիք) հարթ տարածութեան մը մէջ՝ զինուած  միացեալ ուժերու տեղաւորումով»:

Փանթուրքիզմի ազդեցութիւնը, սակայն, չի սահմանափակուիր Կեդրոնական Ասիոյ եւ Հայաստանի վրայ․ Այս իմաստով ակադեմիկոս Տիմիթրիոս Արիստոպուլոս կը գրէ․«Թուրքիոյ ներթափանցումը Լիպիա, ինչպէս նաեւ Սուրիա, անոր յաւակնութիւնները Արեւելեան Միջերկրականի մէջ Յունաստանի եւ Կիպրոսի տնտեսական գօտիներու նկատմամբ նոյնպէս մաս կը կազմեն փանթուրքիզմի քաղաքական օրակարգին»։

Հողերու բռնագրաւումը՝ փանթուրքիզմի յատկանիշ

Թուրքիան ուղղակի ելք չունի դէպի Ատրպէյճան, Կասպից ծով եւ Կեդրոնական Ասիա։ Հայաստան կÿընդմիջէ զայն։ Վերջինս տնտեսապէս խեղդելու ակնկալութեամբ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւններու Միութեան (ԽՍՀՄ-ի) լուծարումէն անմիջապէս ետք փակեցին Հայաստանի հետ իրենց սահմանները։ Այս շրջափակումը մասամբ օրհնութիւն էր Հայաստանի համար․ Թէեւ ան կÿարգիլէր բեռնափոխադրութիւնը դէպի Հայաստան եւ Հայաստանէն դուրս նշեալ երկիրներուն ճամբով, սակայն, թոյլ չէր տար, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կործանարար գործունէութիւն ծաւալեն Հայաստանի դէմ:

Վրաստան եւ Իրան ներկայիս կը ծառայեն որպէս թրքական երթուղիներ դէպի Ատրպէյճան եւ անկէ անդին, բայց անոնք կը մնան անուղղակի ճամբաներ: Ներկայիս Թուրքիան-Ատրպէյճանին կապող  ճամբան Պաքու-Թիֆլիս-Ճեյհան (ՊԹՃ)  քարիւղատարն է։ Ան կÿերկարի Կասպից ծովուն մէջ գտնուող Ազերի-Չիրաղ-Կիւնաշլի քարիւղային հանքավայրէն մինչեւ Միջերկրական ծով, կը միացնէ Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուն եւ հարաւարեւելեան Միջերկրականի ափին գտնուող Թուրքիոյ Ճեյհան նաւահանգիստը՝ Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի ճամբով։

2020-ին Ատրպէյճան Թուրքիոյ տնօրինումով յարձակում սանձազերծեց ոչ միայն Արցախի ինքնավար մարզին, այլեւ Հայաստանի վրայ։ Թուրքիան այս նախայարձակման համար տրամադրած էր կառավարման մեքանիզմ, զինամթերք, զօրք, ՏԱՀԵՇ-ի եւ այլ զինեալ ահաբեկիչներ։ Ատրպէյճան ստացած էր նաեւ ամերիկեան F-16 եւ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր։ Յարձակումներու տեսանելի նպատակը ներխուժելով յաղթելն էր, տիրանալու պատմականօրէն հայկական այն տարածքին, որ կը կոչուի Լեռնային Ղարաբաղ (Արցախ), եւ որուն կարելի չէր տիրանալ բարոյապէս, դիւանագիտութեամբ կամ պատմական բացարձակ փաստերով: Բայց մտադրութիւնը շատ աւելին էր. Ան կը ներառէր Հայաստանի տարածքներու գրաւում, որպէսզի աշխարհագրականօրէն Թուրքիան կապէր Ատրպէյճանին՝ Հայաստանի Սիւնիքի մարզին միջոցով, որ ծանօթ է նաեւ որպէս Զանգեզուրի շրջան: Սիւնիքը Հայաստանը կը կապէ Իրանի, Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի։ Վերջինս պատմականօրէն հայկական ներգաւառ (անկլաւ) է, որ այժմ կը գտնուի Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ:

Թուրքիա եւ Ատրպէյճան իրենք զիրենք «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» կը համարեն. Սակայն 2019-ին Էրտողան իր իսկական մտադրութիւնը յայտնեց, երբ յայտարարեց թէ. «Այս նպատակին հասնելու հիմնական գործիքը 2009-ին ստեղծուած Թրքական Խորհուրդն է, որ միացուցած է թրքական աշխարհի բոլոր (բացառութեամբ Թուրքմենստանի) ժամանակակից ներկայացուցիչները։ Մինչեւ այսօր մենք կÿըսէինք «Մեկ ազգ՝ երկու պետութիւն [պետութեան մէջ]»։ Երէկ ես յայտարարեցի, որ մենք դարձած ենք մէկ ազգ 5 պետութիւն [պետութեան մէջ], Աստուծոյ օգնութեամբ մեզ կը միանայ նաեւ Թուրքմենստանը, եւ այսպիսով մենք կը դառնանք մէկ ազգ վեց պետութիւն [պետութեան մէջ]։ Մենք տարածաշրջանին մէջ կÿամրապնդենք միատեղ համագործակցութիւնը»։

Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ նոյնիսկ կը պնդէ, որ Երեւանը (Հայաստանի մայրաքաղաքը), Սեւանայ լիճը եւ հարաւային Հայաստանը կը պատկանին «հին Ատրպէյճանին»։ Այս անհեթեթ պնդումը կարելի է հերքել պարզապէս ծանօթանալով քարտէսներուն, այդ կարգին՝ հնագոյններուն։ Աշխարհի ողջ պատմութեան մէջ, մինչեւ 1918 թուական, Ատրպէյճան անունով երկիր գոյութիւն չէ ունեցած։

 Ճեղքել ոչնչացնելով

2020-ի ատրպէյճանական ներխուժումէն ետք, ատրպէյճանական զօրքերը շարունակեցին  բռնագրաւել Հայաստանի հարաւային որոշ տարածքներ եւ պատանդներ վերցնել՝ նոյնիսկ կողմերուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրուելէն ետք։

Խաղաղութեան համաձայնագիրը գնահատող վերլուծաբաններու կարծիքով, Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյություն ունեցող  ճանապարհներու ապաշրջափակումը յատկապէս պիտի ծառայէր մէկ նպատակի՝ ապրանքներու փոխանակումին։ Մինչդեռ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան մտադիր չեն թոյլատրել Թուրքիոյ ճամբով Հայաստանի անկաշկանդ երեթեւեկութեան հասանելիութիւնը Եւրոպա․ 2021-ին Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ ընդգծեց իրենց քարոզարշաւին փանթրքական միտումը, երբ ըսաւ. «Ե՛ւ Թուրքիա, ե՛ւ Ատրպէյճան անհրաժեշտ քայլերու կը ձեռնարկեն Զանգեզուրի միջանցքին արդիւնագործման համար․․․ թրքական ամբողջ աշխարհը միացնելու միտումով»:

Փոխադրամիջոցներու կապերը յստակ նպատակի կը ծառայեն․ Միւս կողմէ, «միջանցքները» կրնան շատ աւելին նշանակել։ Հետեւաբար բազմաթիւ այլ պատճառներ կան՝ կասկածով նայելու Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ներթափանցման ծրագրերուն։

2020-ին, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած պատերազմի ընթացքին, նոյնիսկ անոր յաջորդող շրջանին, Ատրպէյճան գրաւեց ինքնիշխան Հայաստանի տարածքներ, փակեց ճանապարհներ, փորձեց ապօրինի կերպով «մաքսեր» կորզել բեռնատարներէ, որոնք ստիպուեցան վերադառնալ իրենց ապրանքներով։

Ընդամէնը օրեր առաջ՝ 13 Սեպտեմբերին, Ատրպէյճան կրկին յարձակեցաւ Հայաստանի վրայ։ Թէեւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ կնքուած զինադադարը* ենթադրաբար ուժի մէջ մտաւ երկու օր անց, սակայն ատրպէյճանական ներխուժումները կը շարունակուին, իսկ Հայաստան կը շարունակէ մնալ մինակ՝ առանց որեւէ կողմի ռազմական օգնութեան**:

Ցեղասպանութիւնը՝ փանթուրքիզմի դրոշմ

Փանթուրքիզմը ինչ-որ ազնիւ, տեսական նպատակ չէ։ Ան կը սպառնայ տարածաշրջանային կայունութեան։ Ան լուրջ վտանգ է, յարձակողապաշտ եւ տարածուելու ընդունակ: Հետեւաբար Հայոց Ցեղասպանութեան վերսկսման սպառնալիքը ամէնօրեայ իրականութիւն է։

Կովկասը վտանգաւոր դրացիութիւն է. Եթէ ​​արեւմտեան բազէները կը ձգտին փանթուրքիզմի միջոցով զսպել Ռուսիան եւ Իրանը, արդեօ՞ք կը կարծեն, որ այս նախադրեալը հետագային կարելի է շրջել ըստ իրենց ցանկութեան։ Միթէ՞ կարելի է արձակուած ճինը վերադարձնել լապտերին: Անկախ այս բոլորէն, ողջ շրջանը կրնայ դժոխքի վերածուիլ, եթէ անխոհեմ դերակատարներ փորձեն փոփոխութեան ենթարկել Իրանի սահմանները: Վերջերս, Իրանն ու Ատրպէյճանը յայտարարեցին Արաքս գետին վրայ, սահմանի մէկ կողմէն միւսը, փոխադրամիջոցներու երթեւեկութեան կամուրջի կառուցման իրենց մտադրութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Ատրպէյճանը Իրանի տարածքով Նախիջեւանի արտագաւառին (էքսկլաւին) կապել՝ տարանցիկ միցանցքի մը ստեղծման ծրագրին լոյսին տակ: Եթէ ​​նշեալ կամուրջը կարելի կը դարձնէ այդ կապը, ինչո՞ւ  անհրաժեշտ է ուրեմն Հայաստանը գրաւել ու միջանցքի պատրուակով անոր սահմաններէն ներս խուժել։

Եթէ պահ մը ենթադրենք որ Հայաստան դուրս եկաւ ՀԱՊԿ-էն (Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութիւն) կամ հրաժարեցաւ առնչուիլ տարածաշրջանային տէրութիւններու՝ Ռուսիոյ կամ Իրանի հետ, այս բոլորը դէպի ծով ելք չունեցող, շրջափակուած Հայաստանը ազգային ինքնասպանութեան պիտի առաջնորդեն անկասկած:

Հայաստան յայտնուած է ցեղասպանական պատմութիւն ունեցող երկու պետութիւններու միջեւ եւ չի վստահիր ԱՄՆ-ի կամ ՆԱԹՕ-ի երաշխաւորութեան: Թէեւ ԱՄՆ-Հայաստան յարաբերութիւնները դարեր շարունակ ջերմ եղած են, սակայն պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ Արեւմուտքը լքած է իր «փոքր դաշնակիցը»՝ Հայաստանը, երբ այդ մէկը հրամայական դարձած է: Տակաւին հաւանական է, որ ՆԱԹՕ-ն յորդորէ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը ամբողջութեամբ գրաւելու եւ կլանելու Հայաստանը՝ տարածաշրջանը արեւմտեան ազդեցութեան ոլորտ բերելու նպատակով:

Այսպէս՝ մինչ Արեւմուտքը կը ձգտի սահմանափակել սպառողներու կողմէ բնական կազի եւ պենզինի օգտագործումը, ան միաժամանակ կարելիութիւններ կÿորոնէ այդ նիւթերը ապահովելու այլընտրանքային աղբիւրներէ, ինչպէս օրինակ՝ Ատրպէյճանէն, պոյքոթի ենթարկելու ռուսական մատակարարները եւ իրանական խողովակները: Աշխարհաքաղաքական առումով Ռուսիան եւ Իրանը տապալելու այս փորձը թերի է եւ անհեռատես: Արդեօ՞ք Ատրպէյճանն ու Թուրքիան պիտի կարենան փոխարինել Իրանը կամ ռուսական կազը եւ լոկ իրենց միջոցներով մատակարարել Եւրոպան եւ անկէ անդին (բացառելով Իրանի փոխադրման ծառայութիւններու տնտեսական գօտին)։ Ինչպէ՞ս կարելի է վստահ ըլլալ, որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը այս միջոցները քաղաքական շահերու խաղաքարտի պիտի չվերածեն։ Միթէ՞ չենք յիշեր որ Թուրքիա նման քայլ առաւ, երբ Էրտողան սպառնաց իր պահանջները չբաւարարուելու պարագային սուրիացի փախստականները ազատ արձակել դէպի Եւրոպա, յիշենք նաեւ Թուրքիոյ ամբարտակներ կառուցելու բազմաթիւ ջանքերը, որոնք կը միտէին սովի մատնել իր հակառակորդները:

Եթէ ​​Հայաստան կը մտածէ իր տարածքով տնտեսական փոխադրական շարասիւներու առիթ ընծայել, անհրաժեշտ է որ ռազմական աջակցութիւն ապահովէ՝ առաջքը առնելու Տրովադայի այն ձիերուն, որոնք կրնան նոր բռնագրաւումներ եւ ցեղասպանութիւններ ի գործ դնել: (Հայաստան ինքզինք իրաւունք պէտք է վերապահէ նաեւ երթեւեկութեան համար վճարումներ սահմանելու):

Բայց ովքե՞ր պիտի ըլլան Հայաստանի ռազմական պաշտպանները: Ռուսե՞րը, իրանցի՞ն, թուրքե՞րը, ազերի՞ն, ամերիկացինե՞րը, ՆԱԹՕ՞-ն, թէ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերը․․․։

Ի դէպ, այս բեմագրութիւնը այնքան վտանգաւոր է, որ կրնայ սանձազերծել Համաշխարհային երրորդ պատերազմ մը:

Իրականութեան մէջ, ոչ միայն պատմական տուեալներուն, այլեւ՝ այսօրուան զարգացումներուն լոյսին տակ կարելի է հաստատել, որ ո՛չ Թուրքիան, ոչ ալ Ատրպէյճանը կրնան Հայաստանի հետ ազնիւ բանակցող ըլլալ։ Երկուքն ալ կը շարունակեն բացայայտօրէն ոչնչացնել հայկական կեանքի եւ մշակոյթի բոլոր մնացորդները, այդ կարգին՝ խոշտանգելով ռազմագերիներ եւ խաղաղ բնակիչներ, կիրառելով քիմիական արգիլուած զէնք եւ քանդելով իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող եկեղեցիներ, վանքեր, յուշարձաններ ու գերեզմանատուներ:

Այս իսկ պատճառներով, թրքական եւ ատրպէյճանական փոխադրական ճանապարհները պէտք է շարունակեն շրջանցել Հայաստանը։ Հայաստան այլեւս պէտք չէ ըլլայ մէկ կողմէ Ռուսիոյ, միւս կողմէ ԱՄՆ-ի ու ՆԱԹՕ-ի քաշքշուկի առարկան: Գործնական եւ բարոյական հրամայականը փանթուրքիզմին  բացայայտումն է (եւ անոր դէմ դնելը):

Մերժել փանթուրքիզմը՝ յանուն ժողովրդավարութեան, մարդասիրութեան եւ խաղաղութեան

Համաձայն ակադեմիկոս Տիմիթրիոս Արիստոպուլոսի․ «Հակառակ այն իրողութեան, որ Էրտողանի կառավարման տարիներուն Թուրքիան տեսականօրէն հրաժարած է փանթուրքիստական ​​հռետորաբանութենէն՝ յօգուտ «նորօսմանիզմի», գործնականօրէն, սակայն, փանթուրքիստական ​​գաղափարախօսութիւնն է որ կը շարունակէ ուղղել Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքականութիւնը»:

Աւելին՝ Արիստոպուլոսի կարծիքով․ «Իսլամ եղբայրներու իր աջակցութենէն եւ Հիւսիսային Սուրիա ներխուժումէն սկսեալ, մինչեւ Լիպիոյ քաղաքացիական պատերազմ,  ապօրինի ներգաղթի սպառնալիքներ՝ ուղղուած Յունաստանի եւ Եւրոպայի, տակաւին Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) պատերազմ, զուգահեռաբար քիւրտերու հալածանքներ․․․ ոչ այլ ինչ են, քան Թուրքիոյ ծաւալապաշտական ​​քաղաքականութեան վերաբերող փանթրքական ծրագրի օրակարգեր»:

10 Նոյեմբեր 2016-ին, Քեմալ Աթաթուրքի մահուան տարելիցի առիթով, Էրտողան բացայայտօրէն յայտարարեց, որ «Թուրքիան ներկայ իր տարածքէն աւելի մեծ է»․ ան խօսելով «սրտի սահմաններու»  կրօնական իր ուսմունքին մասին հաստատեց․ «Մենք չենք կրնար բանտարկուիլ 780 հազար քառ. քլմ․-ի սահմաններուն մէջ, մեր բնական սահմանները կը տարբերին մեր սրտի սահմաններէն։ Մուսուլի, Քերքուքի, Հոմսի, Սքոփժէի մէջ ապրող մեր եղբայրները կրնան Թուրքիոյ բնական սահմաններէն անդին ըլլալ, սակայն միշտ կը մնան մեր սրտի սահմաններուն մէջ»։

Մտաւորական Վահան Բաբախանեանի խօսքերով. «Թուրքիզմի գաղափարախօսութիւնը ոչ միայն վտանգաւոր է, այլեւ, խորքին մէջ, ցեղասպանութեան մէկ արտայայտութիւնն է»:

«Փանթուրքիզմը կը քողարկուի մշակոյթի եւ կրօնի ծածկոյթին տակ», կ՛աւելցնէ Բաբախանեան, «ըստ էութեան մնալով սակայն յարձակողապաշտ, ցեղապաշտ ուսմունք՝ օտար հողերու բռնագրաւման եւ «Մեծն Թուրանի» ստեղծման համար»։

 

         *Այս յօդուածի հրապարակումէն ետք տեղեկութիւններ յայտնուեցան զինադադարի միջնորդութեան մէջ ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի դերակատարութեան մասին։                             

                 **Նոյն յօդուածի հրապարակումէն ետք Հայաստանին օտարերկրեայ զէնք վաճառելու մասին չհաստատուած լուրեր եւս շրջանառութեան մէջ դրուեցան։

*

Լուսին Գասպարեան գրող եւ հեղինակային ծաղրանկարիչ է, կը բնակի ԱՄՆ: Ան այս յօդուածը կը նուիրէ պետական ​​գործիչ Գարեգին Նժդեհին, որ ապրած եւ մահացած է Սիւնիքի եւ Հայաստանի համար: Այցելեցէ՛ք Գասպարեանի՝ www.lucinekasbarian.com կայքը։

Անգլերէնէ թարգմանեց՝

Զարմիկ Պօղիկեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.