ՑԱՒԱԿԻՑ ԽՈՀԵՐՈՎ

Կասկածէ վեր է, թէ նախախնամութեան անիմանալի իրադրութեամբ, հայ ժողովուրդը այսօր կապրի մահաբոյր աղէտներու զիրար յաջորդող երկար շարան մը: Այդ մթամած շարքէն, գէթ այժմ, վերջինը աշխարհացրիւ հայութեան քաղաքամայր Երեւանի ալեկոծ սրտին մէջ՝ Սուրմալուի առեւտրական կեդրոնի անսպասելի պայթումն էր, որուն պատճառով զոհուեցան եւ վիրաւորուեցան անմեղ քաղաքացիներ, նաեւ արձանագրուեցան անհատ կորսուածներ:

Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր զօրակցութիւնն ու խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ զոհուածներու ընտանիքներուն, շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ վիրաւորներուն եւ ուժ, կորով ու համբերութիւն մեր հայրենակիցներուն:

Մեր հազարամեակներ բոլորած գոյութեան ընթացքին, որպէս ստեղծագործ, շինարար ազգ, կառչած իր լեռնաշխարհին, լեզուին, մշակոյթին ու հաւատքին, յաճախ անհաւասար մարտերու մէջ մարտիրոսացած ի խնդիր այդ արժէքներու պահպանման ու գոյատեւման, այսօր կանգնած ենք անորոշ ապագայի մը եզրին:  Այս ճգնաժամային պահուն, կը հաւատանք որ մեր անլոյծ թուող հարցերուն լուծումը պիտի չգայ դուրսէն այլ՝ պիտի գայ մեր իսկ ժողովուրդէն, միահաւաք ու միակամ Հայ Ազգն է որ պիտի լծուի աշխատանքի ապահովելու համար իր վերականգնումն ու անկաշկանդ յառաջխաղացքը դէպի լուսաւոր ապագայ:

Ներկայ մութ օրերու ընթացքին, ինչպէս անցեալի լաւ ու վատ ժամանակներուն, Հայ ժողովուրդի հարազատ ծոցէն ծնած ու սնած Հայ Օգնութեան Միութիւնը, հաւատարիմ իր մարդասիրական համամարդկային Ուխտին, Ժողովուրդիս Հետ, Ժողովուրդիս Համար, եղած է ու կը մնայ Հայ ժողովուրդի հոգեկան արժէքներու պարիսպներուն ժրաջան եւ միշտ արթուն պահակը: Որպէս գթառատ մայր, ան կը բաժնէ իր հարազատներուն ցաւն ու սուգը միաձուլելով իր արտասուքն ու վիշտը բոլոր մերօրեայ զոհերու հարազատներուն արտասուքին ու վիշտին հետ:

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւն

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.