Տնաշինական Ծրագիր Արցախի Նախիջեւանիկ Գիւղին Մէջ

«Սատարենք մեր հերոսներուն» բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը եւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը ստորագրած են փոխըմբռնման յուշագիր, որուն համաձայն, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը պիտի հովանաւորէ Ասկերանի շրջանի Նախիջեւանիկ գիւղի նոր թաղամասի կառուցման 16 տուներէն վեցին շինարարութիւնը:

Այս մասին տեղեկացուցին Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութենէն` ըսելով, որ ծրագրին մասնակցութիւնը, Արցախը վերականգնելու եւ զայն վերաբնակեցնելու առաքելութեան մէկ մասն է: «Պատերազմէն անմիջապէս ետք Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը վերստին ձեռնամուխ եղաւ ո՛չ միայն առաջին օգնութիւն տրամադրելու, այլեւ օգնելու` վերակառուցելու քանդուածը: Նշենք, որ ցարդ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը Ստեփանակերտի եւ Մարտունիի մէջ նորոգած է 17 տուն:

«Սատարենք մեր հերոսներուն» բարեգործական Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը նախաձեռնած էր Նախիջեւանիկ գիւղի նոր թաղամասի կառուցման ծրագիրը 2021 թուականի յունուարին: Արցախի կառավարութեան կողմէ կազմակերպութեան նուիրուած էր 3 հեկտար հողատարածք», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.