Տիկին Շաքէ Կէօնճեան 50 հազար տոլար կը նուիրէ Լիբանանահայութեան
Նկատի ունենալով Լիբանանի շարունակուող տնտեսական տագնապալի կացութիւնը եւ Լիբանանահայութեան օրըստօրէ ստուարացող անմիջական կարիքները, գանատահայ ազգային բարերար տիկին Շաքէ Կէօնճեան 50 հազար գանատական տոլար նուիրեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Լիբանանի հայ համայնքին։ Տիկին Կէօնճեան նուիրատուութեան վճարագիրը անցնող շաբաթավերջին յանձնեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին։
Նշենք նաեւ, որ 2021 թուականի Սեպտեմբերին, տիկին Կէօնճեան անսալով ՀՅԴ Բիւրոյի Լիբանանահայութեան ձեռք երկարելու կոչին՝ 50 հազար տոլար նուիրած էր։
Տիկին Կէօնճեանի փափաքով, Լիբանանի ազգային, կրթական, բարեսիրական եւ մամուլի մեր կառոյցներու կարիքներուն համար նախատեսուած այս նոր նուիրատուութիւնը պիտի բաշխուի հետեւեալ ձեւով.
$ 20 000 Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան
$ 10 000 Ազգային Միացեալ վարժարանին
$ 10 000 Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին
$ 5 000 ԼՕԽ-ին
$ 5 000 Ազդակին
Ազգային բարերար Տիկին Շաքէ Կէօնճեանի Լիբանանի հայութեան երախտարարութիւնները պերճախօս վկայութիւններ են իր ազգասէր ոգիին եւ ազգին անմնացորդ սատարելու իր հաւատարմութեան։