Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ 34-րդ Ընդհանուր Ժողովի Պաշտօնական Բացումը

28 փետրուարին «Անի Փլազա» պանդոկի «Անի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բացման պաշտօնական արարողութիւնը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 34-րդ Ընդհանուր ժողովին, որուն կը մասնակցէին աշխարհի շուրջ 28 երկիրներէ աւելի քան 100 ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ։

Բացումը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներով։

Տէրունական աղօթք կատարեց Նաթան արք. Յովհաննիսեան, որ նաեւ փոխանցեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ողջոյններն ու օրհնութիւնը։

Խօսքեր արտասանեցին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան։

Ընդհանուր ժողովը, որ ՀՅԴ համազգային կառոյցի բարձրագոյն ժողովն է, կը գումարուի 4 տարին անգամ մը։ 34-րդ Ընդհանուր ժողովը առաջինն է Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք, անիկա պիտի տեւէ մինչեւ 8 մարտ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.