Տեղեկատուական պատերազմին մէջ սպառազինուելու անհրաժեշտութիւնը. Խմբագրական
Հայաստանի անկախութեան վերահաստատումէն ի վեր, մօտ երեք տասնամեակ, կը գտնուինք ամրոց պետութիւն (Garisson state) ըլլալու հարկադրանքին տակ, շրջապատուած Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ թշնամաբար տրամադրուած երկու հարեւան պետութիւններու կողմէ։
Հայաստանի եւ Սփիւռքի լրատուամիջոցները յոյժ կարեւոր դերակատարութիւն ունին կատարելիք Տեղեկատուական-քարոզչական պատերազմին առնչութեամբ։
Հինգերորդ դարու ռազմարուեստի փորձագէտ չինացի զօրավար Սուն Ցուի խօսքերը 26 դար ետք տակաւին այժմէական հնչեղութիւն ունին. «Ռազմի արուեստը կը սորվեցնէ այն, թէ ոչ թէ թշնամիի մօտալուտ յարձակման մասին տեղեակ ըլլալն է հիմնականը, այլ՝ յարձակումը դիմակայելու լիակատար պատրաստուածութիւնը եւ դիրքերը անխորտակ պահելու առաջադրանքը»։
Տեղեկատուութեան աղաւաղումը կը նպատակադրէ տեղեկութիւններ այլափոխելով վարկաբեկել եւ վարկազրկել հակառակորդի դիմագիծը՝ յաչս միջազգային ընտանիքին։ Այս ծիրէն ներս աշխուժօրէն կը գործեն ատրպէյճանական ընկերային ցանցերու օգտատէրերը եւ ապատեղեկատուութիւն կը սերմանեն համացանցի վրայ։
Տեղեկատուութեան նենգափոխման վերջին ցայտուն օրինակը տեղի ունեցաւ Յունիսի սկիզբը՝ Ղազախսստանի նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին։
Ղազախստանի նորընտիր նախագահ Կասիմ-Ժոմարտ Տոկաեւ ընտրութենէն ետք հարցազրոյցի մը ընթացքին դրական գնահատած էր հայ-ղազախական յարաբերութիւնները։ Այս Հարցազրոյցէն ետք, ատրպէյճանական կողմը օգտագործելով կեղծ «հայկական» կայքեր, փորձեց ապատեղեկատուութիւն տարածել Ղազախստանի հասարակութեան մէջ, հայերու հանդէպ բացասական վերաբերմունք ձեւաւորելու յստակ նպատակով։
Armenianreport.com կեղծ «հայկական» կայքէջի կեղծ «հայ» խմբագրի միջոցով հրապարակուած էր յօդուած, որ վիրաւորական արտայայտութիւններ կը պարփակէր ղազախ ժողովուրդին հանդէպ։ Ռուսատար այս հակահայ կայքէջը առայսօր կը գործէ։
Տեղեկատուական անվտանգութիւնը կ՚ենթադրէ տեղեկատուութեան ենթակառուցուածքներու պաշտպանուածութիւնը ամրապնդել կանխամտածուած քարոզչական ազդեցութիւններէ, որոնք հիմնարար վնաս կրնան հասցնել հայկական տեղեկատուական ոլորտին:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային տեղեկատուական դաշտին մէջ պէտք է գործունէութիւն ծաւալէ այնպիսի ուղղութիւններով, որոնց մէջ տեղեկատուական հոսքի համակարգումը, վերահսկումը, անվտանգութիւնը եւ յատկապէս ապատեղեկատուութեան կանխարգիլումը առաջնահերթ տեղ ունենան։
Միջազգային աշխարհին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան մասին ապատեղեկատուութեան տարածման չէզոքացումը, ինչպես նաեւ ՀՀ դէմ թշնամաբար տրամադրուած պետութիւններու քարոզչական եւ հոգեբանական նախայարձակ գործողութիւններուն հակազդելու եւ հակադարձելու գործելաձեւերու համակարգումը անյետաձգելի եւ էական պարտաւորութիւն է այսօր։
Առ այդ, պետական այդ խիստ կարեւոր բաղադրիչի՝ Տեղեկատուական անվտանգութեան ենթակառուցուածքի հայեցակարգի արդիականացումը առանցքային նշանակութիւն ունի, առկայ մարտահրաւէրներուն համահունչ տեղեկատուական անվտանգութեան ապահովման նոր չափորոշիչներու եւ քարոզչական ռազմավարութեան մշակման տեսանկիւնէն:
Ատրպէյճանի հակահայ քարոզչութիւնը բազմաբեւեռ է եւ կը միտի ապատեղեկատուութեան սփռումով միջազգային հանրութեան մօտ ստեղծել Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը հեղինակազրկող ու վարկաբեկող բացասական կարծիք։ Ատրպէյճանական հակաքարոզչութիւնը յատկապէս կը նպատակադրէ Հայաստանի տնտեսական իրավիճակը գորշ պատկերով ներկայացնել եւ այդ կացութեան հիմնական պատճառը Արցախի հիմնահարցին վերագրել։
Տեղեկատուական զսպիչ եւ հակադարձող գործողութիւններով սպառազինուած հայկական կողմի քարոզչական համակարգը պէտք է ազդու ձեւով հակազդէ եւ սանձէ նաեւ ատրպէյճանական իշխող վերնախաւի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը։
Հայկական լրատուամիջոցներու այսօրուան եւ վաղուան առաքելութիւնը նպատակաուղղուած պէտք է ըլլայ հզօրացնելու, ամրագրելու եւ զարգացնելու գիտարուեստի համացանցային քարոզչական անվտանգութեան հայկական ծիրը, որպէսզի յաւելեալ ներուժով դիմագրաւենք եւ ինչու ոչ հակադարձենք հակառակորդի ապատեղեկատուական ոտնձգութիւններուն ու խեղաթիւրումներուն:
«Հորիզոն»ի խմբագրական