Տաւուշէն Երեւան համահայկական ՈՉ՝ ազգադաւ գործընթացին

Տաւուշէն Երեւան ուղղուող մեր ժողովուրդը, իր տարբեր հատուածներով, Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեանի առաջնորդութեամբ, հիմնականին մէջ կը պահանջէ մէկ բան. դադրեցնել միակողմանի զիջումները թշնամիին եւ ՈՉ ըսել պապենական հողերու յանձնումին:

Հեղինակազրկուած իշխանութիւնները ոչ մէկ իրաւական հիմք ունին սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացի նախաձեռնելու՝ առանց հանրաքուէի դիմելու, իսկ մեր ժողովուրդը փաստօրէն դէմ է գործադրուող պարտուողական քաղաքականութեան: Փաստ՝ Տաւուշէն մինչեւ մայրաքաղաք ոտքի կանգնած գլխագիր Ազգը, որուն անվերապահ զօրավիգ է Սփիւռքը: Եւրոպայի տարբեր քաղաքներու մէջ կատարուող զօրակցական հաւաքները ա՛յդ կ’ապացուցեն, որոնց շարքին՝ Ֆրանսայի ինը քաղաքներ, ուր մեր ձայնը կը միացնենք պահանջատէր հայրենի մեր ժողովուրդին, որ արդարօրէն մտահոգ է պետական ու ազգային մեր անվտանգութեամբ, որուն ուղղուած լուրջ սպառնալիք է գործադրուող ներկայ ազգադաւ քաղաքականութիւնը:

Առ այդ, հրամայական է իշխանափոխութիւնը, առանց որուն պիտի շարունակուի նահանջը, զոր կը մերժենք կտրականապէս:

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ

8 Մայիս 2024
Փարիզ

Comments are closed.