«Տարածքներ՝ Խաղաղութեան Դիմաց» Բանաձեւը Նոյնիսկ Քննարկել Չենք Կրնար. Փաշինեան

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումները բանակցութիւններ չեն, անոնք ոչ պաշտօնական շփումներ են, որոնց ընթացքին ուղղակի տեղի կ՝ունենայ մտքերու փոխանակում։ Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին, Յունուար 30-ին, լրագրողներու հետ ունեցած ճեպազրոյցի մը ընթացքին՝ ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Լրագրողի այն հարցադրման, թէ վերջերս սկսած է շրջանառուիլ այսպէս կոչուած «տարածքներ խաղաղութեան դիմաց» թեզը, ՀՀ վարչապետը պատասխանած է.

«Մենք ընդհանրապէս չենք կրնար նոյնիսկ քննարկել «տարածքներ խաղաղութեան դիմաց» բանաձեւը»:

Փաշինեան նկատած է, որ ներկայ կառավարութիւնը ԼՂ կարգաւորման հարցով կը վարէ քաղաքականութիւն, որ նախապէս ոչ մէկ կառավարութիւն վարած է:

«Որեւէ զուգահեռ տանիլը եւ նախապէս վարած քաղաքականութեան հետ ընդհանրութիւն գտնելու փորձերը կատարեալ մոլորութիւն են»,- վստահեցուցած է Փաշինեան:

Անդրադառնալով հարցին, թէ արդեօք ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու կողմէն բանակցութիւնները վերսկսելու ու նոր թափ հաղորդելու նախաձեռնութիւն կա՞յ, Փաշինեան ըսած է,- «Այս հարցը կը գտնուի արտաքին գործոց նախարարներու քննարկման օրակարգին վրայ»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.