«Վերնատուն» Ակումբի Համաժողովին Ընթացքին Ռուստամեան. «Արցախը Արդէն Ըսած Է, Թէ Ինչպէ՛ս Պէտք Է Հարցը Լուծել»
Նոյեմբեր 15-ին, տեղի ունեցաւ «Վերնատուն» հասարակական–քաղաքական ակումբի կազմակերպած համաժողովը:
«Վերնատուն» հասարակական-քաղաքական ակումբի հիմնադիր Վազգէն Մանուկեան յայտարարեց, որ ակումբը որեւէ քաղաքական ուժի չի պատկանիր:
Կազմակերպուած համաժողովին ունեցած իր ելոյթին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան յայտարարեց, որ Արցախը արդէն ըսած է, թէ ինչպէ՛ս պէտք է հարցը լուծել: «Ղարաբաղի ժողովուրդը իր Սահմանադրութեան 175-րդ յօդուածով յստակօրէն սահմանած է, թէ ինչպէ՛ս կը պատկերացնէ ղարաբաղեան տագնապի լուծումը. սթաթիւս քոն պէտք է պահպանուի այնքան ժամանակ, քանի դեռ չէ ճանչցուած Արցախի Հանրապետութիւնը եւ չէ վերականգնած անոր տարածքային ամբողջականութիւնն ու չեն ճշդուած սահմանները: Արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է ասոր հետեւի», ըսած է Արմէն Ռուստամեան:
Հրանդ Մարգարեան. «Իմ Կոչն Է` Չվախնալ Որեւէ Բանէ»
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որ անդրադառնալով Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, թէ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ», ըսաւ. «Ղարաբաղցիին ըսել` Արցախը Հայաստան է, կը նշանակէ ըսել` ես եմ վարչապետդ, իշխանութիւնդ շինծու է», աւելցնելով, որ յայտարարութիւնը ուղղուած է ոչ թէ ազրպէյճանցիներուն, ոչ թէ աշխարհին, այլ Արցախի ժողովուրդին:
«Երբ վարչապետը կը յայտարարէ` արցախեան տագնապի լուծումը պէտք է ընդունելի ըլլայ երեք կողմերու` Հայաստանի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի համար, յետոյ ալ կ՛ընդգծէ, թէ Հայաստանի երեք նախագահներէն ոչ մէկը նման բան ըրած է, ենթաթեքստն այն է, որ ինք պատրաստ է յաւելեալ բան զիջիլ, որ նախորդները պատրաստ չէին զիջելու»:
Նշենք, որ «Վերնատուն» հասարակական-քաղաքական ակումբին կազմակերպած համաժողովին նպատակն էր քննարկել հանրային-քաղաքական արդիական նիւթեր: Համաժողովին քննարկուած են հետեւեալ հարցերը`
– Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային գործընթացը կը մտնէ փակուղի` մեծցնելով պատերազմի վտանգը (ի՞նչ ընել),
– հանրութեան այս աստիճան պառակտումը ազգային անվտանգութեան սպառնալիք է (ինչպէ՞ս յաղթահարել),
– դատաիրաւական համակարգը, Սահմանադրական դատարանը կ՛ենթարկուին բիրտ ճնշումներու, փորձ կը կատարուի օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններուն վրայ հաստատուած անձնիշխանութիւնը տարածելու նաեւ իշխանութեան այս ճիւղին վրայ, ինչ որ կը հակասէ իրաւական-ժողովրդավարական պետութեան սկզբունքներուն (ինչպէ՞ս թոյլ չտալ):