Վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց, որ չի կիսեր ՀՅԴ երիտասարդականի անդամներուն եւ ուսանողներուն կարծիքը – Video
Նոյեմբեր 8-ին, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը հանդիպեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան (ՀԵՄ) անդամներուն հետ, որոնք նստացոյց կը կատարէին Կրթութեան նախարարության շէնքին դիմաց:
Վարչապետը արտաքին գործոց նախարարութիւն կ՚այցելէր երիտասարդ դիւանագէտներու երդման արարողութեանը եւ դիւանագիտական դպրոցի ստեղծման տասնամեակին նուիրուած հանդիսութեան մասնակցելու։
Զրուցելով ՀՅԴ ՀԵՄ-ի ներկայացուցիչներուն հետ, Փաշինեանը յայտարարեց, որ չի կիսեր երիտասարդներու և ուսանողներու կարծիքը նախարար Արայիկ Յարությունեանին ուղղուած։ Նախարարը մէկ օր առաջ անդաստիարակ անունած էր իրեն քննադատողներուն:
Նշենք, ՀՅԴ-ի երիտասարդները եւ Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողները 7 նոյեմբերին նստացոյց սկսան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան դիմաց` պահանջելով նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը: Հրաժարականի պահանջին պատճառը մեծ աղմուկ բարձրացուցած է Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ հայոց լեզուի, պատմութեան ու գրականութեան նիւթերը այսուհետեւ պարտադիր չընելու Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ծրագիրն ու «Յուզանք ու զանգ» ներկայացումն է, որուն ֆինանսաւորման համար նախարարութիւնը տրամադրած էր 2.700.000 դրամ: