Վարչապետին Ներկայացուեցան Արհեստագիտական Կրթութեան Ոլորտին Մէջ Jhm Հիմնադրամի Եւ ԹՈՒՄՕ-ի Ծրագիրները

Մարտ 9-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց JHM հիմնադրամի հիմնադիր, բարերար Լիսա Գրիգորեանը եւ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Մարի Լու Փափազեանը:

Անոնք վարչապետին ներկայացուցին Հայաստանի մանուկներուն եւ պատանիներուն մօտ արհեստագիտութեան կրթութեան ոլորտին մէջ նախատեսուող ծրագիրները եւ նախաձեռնութիւնները, յատկապէս` Գիւմրիի եւ հանրապետութեան մարզերու այլ քաղաքներու մէջ: Անոնք նշեցին, որ այժմ Հայաստանի կառավարութեան նկատմամբ ներդրողներուն մօտ կայ վստահութեան բարձր մակարդակ, որուն իբրեւ արդիւնք` կեանքի կը կոչուին նման տարբեր ծրագիրներ, եւ ի յայտ կու գան նորանոր նախաձեռնութիւններ:

Վարչապետ Փաշինեան հետաքրքրական նկատեց ներկայացուած գաղափարները եւ նախաձեռնութիւնները` նշելով, որ կառավարութիւնը կարեւոր կը նկատէ JHM-ի եւ ԹՈՒՄՕ-ի կողմէ իրականացուող ծրագիրները: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ ԹՈՒՄՕ-ն միջազգային ասպարէզի մէջ դարձած է Հայաստանի մակնիշը եւ կառավարութիւնը կ՛աջակցի յառաջիկային նախատեսուող ծրագիրներուն: Ան աւելցուց, որ ԹՈՒՄՕ-ի ծրագիրները կը համապատասխանեն կառավարութեան ապագայի տեսլականին եւ համահունչ են կրթութեան ոլորտին մէջ վերջինիս առաջնահերթութիւններուն: «Կարեւոր է, որ ձեր ծրագիրները միայն բարեգործութիւն չեն, այլ ներդրում` ապագայի մէջ», դիտել տուաւ Փաշինեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.