Վարդանեան Եղբայրները Հազար Բուժաշխատողի Հաշուին 200,000-ական Դրամ Փոխանցած Են
1723
0
Բարերարներ Միքայէլ եւ Կարէն Վարդանեանները 200 միլիոն դրամ յատկացուցած են այն բուժաշխատողներուն, որոնք «քորոնա» ժահր համավարակի դէմ պայքարին առաջնագիծի վրայ կը փրկեն հազարաւոր կեանքեր: ԵՌԱԳՈՅՆ-ը այս մասին կը տեղեկանայ PanArmenian.net-էն
Երեւանի եւ մարզերու հազար բուժաշխատողէն իւրաքանչիւրի հաշուին փոխանցուած է 200,000-ական դրամ:
Վարդանեան եղբայրները, նախապէս, 100 միլիոն դրամ փոխանցած էին «քորոնա» ժահր հիւանդութեան կանխարգելման եւ յաղթահարման ուղղուած պետական հաշուին: