Վաստակաւոր մտաւորականն ու նուիրեալ ՀՕՄ-ուհին՝ Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեան (1926-2017)

Դոկտ. Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեան ծնած է հանրածանօթ ազգայիններ Մելքոն եւ Լիւսի Տէր Մելքոնեաններու ընտանիքին մէջ, Պէյրութ, Լիբանան։ Տան մթնոլորտն ու ծնողքի ջամբած դաստիարակութիւնը, որոնք կազմաւորած են ապագայ մտաւորականն ու անխարդախ հայը, իր նկարագիրը շաղախած են երկու ազդակներով.- արուեստի ու գրականութեան արժէքներու նկատմամբ սէր եւ հանրային կեանքի նուիրում։

Այս պայմաններուն մէջ աւարտելէ ետք նախակրթական ուսումը, ան կը յաճախէ Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանի երկրորդական բաժինը, ուրկէ կը ստանայ ֆրանսական Ա. եւ Բ. պաքալորիայի վկայական։ Ապա բարձրագոյն ուսումը կը շարունակէ Lysée Francaise-ին մէջ, ուր կ’ուսանի գրականութիւն եւ մանկավարժութիւն, եւ կը վկայուի Bachelor of Arts վկայականով:

Որոշ ժամանակ «Սուրբ Նշան» եւ Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարան կրթական հաստատութիւններուն մէջ կը ստանձնէ ուսուցչական պաշտօն: Ապա կը մեկնի Փարիզ, այնտեղ շարունակելու համար իր համալսարանական ուսումը: Կը յաճախէ Sorbonne համալսարանը, ուրկէ կը վկայուի Գրականութեան Դոկտորայի աստիճանով։

Ֆրանսա ապրած օրերէն իսկ, Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեան դերակատարութիւն կը ստանձնէ ազգային-հասարակական կեանքին մէջ։ Ուսանողական օրերէն սկսեալ, ան մաս կը կազմէ հետեւեալ պարբերականներու խմբագրական կազմերուն. «Արաքս» մանկապատանեկան պարբերաթերթին, Նոր Սերունդ Միութեան «Հայաստան» ամսագրին, եւ «Յառաջ» օրաթերթին: Միաժամանակ կը վարէ Cité universitaire de Paris-ի Maison des étudiants armémiens հայ ուսանողական տան տնօրէնի պաշտօնը:

1963-ին, իր զաւկին Ալեքս Սաքըզի հետ կը հաստատուի Մոնթրէալ, ուր կ՚ամուսնանայ Վարուժան Մինասեանի հետ։ Մոնթրէալի մէջ եւս կը մտնէ ուսուցչական ասպարէզ, նախ՝ École normale Jacques Cartier, ապա՝ Université du Québec à Montréal համալսարանը, ուր կը հանդիսանայ համալսարանի գրականութեան բաժանմունքի հիմնադիրներէն մին, եւ ուր 24 տարիներ կը դասաւանդէ անընդմէջ իբր մնայուն փրոֆեսոր։

Բացի իր ակադեմական աշխատանքէն, ընկերուհի Շաքէն կը շարունակէ մաս կազմել մեծաթիւ հայկական թերթերու եւ պարբերականներու խմբագրական կազմերուն, ինչպէս «Ակօս», The Armenian Review, The Canadian Slavonic Papers, La Cause Arménienne, եւ Հորիզոն Շաբաթաթերթի Գրական Յաւելուածը։ Միաժամանակ, ան իր յօդուածներով կ՚երեւի «Ազդակ»ի, «Այգ»ի, «Յառաջ»ի, «Ազդարար»ի եւ «Հորիզոն»ի էջերուն մէջ։

Ընկերուհի Շաքէի բեղուն գործունէութիւնը չի սահմանափակուիր դասաւանդութեամբ եւ գրականութեամբ։ Ան նաեւ գործօն դերակատարութեամբ կը մասնակցի այլեւայլ յանձնախումբերու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու վարչական կազմերուն։ 1970-ին կ՚ընտրուի Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ, եւ այդ պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 1986: 1972-1978 փոխ-նախագահն է Conseil des écoles ethniques de Montréal մարմնին, 1974-1986՝ անդամ Comité consultatif de ministère de l’immigration du Québec-ին, 1976-1978՝ անդամ Communication jeunesse-ի վարչութեան, 1981-1984՝ իր բաժանմունքի ներկայացուցիչը Conseil des études of the Université du Québec-ին, եւ 1990-1994՝ անդամ Ville St. Laurent-ի Liberal կուսակցութեան տեղական վարչութեան։

Այս բոլորին կողքին, Դոկտոր Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեանի հարուստ վաստակին մաս կը կազմեն իր աշխատասիրութիւնները, թարգմանութիւններն ու հատորով լոյս տեսած գործերը։ Անոնց արագ թուում մը գաղափար մը կու տայ հանգուցեալին մտաւորական արգասիքին մասին.

Contes et légendes arméniens, Beyrouth, 1964.
L’épopée populaire arménienne, David de Sassoun, Montreal, 1972.
Politiques littéraires en union soviétique, Montréal, 1978.
Contes arméniens. Editions Kirk. 1987.
Le dossier arménien, Montreal, 1988.
Renyi Picture Dictionary – English-Armenian. Toronto, 1990.
Հայերէնի գիրքս դասագրքերու շարքը 1978-1994
Թարգմանութիւն Lawrence Durrellի Prospero’s Cell գործին, «Յառաջ»ի մէջ
Օղակներէն մէկը կամ Վաղարշ Ա. Թագաւոր Հայոց, 2000.

Ընկերուհի Շաքէի ստեղծագործական եւ կրթական գործունէութիւնը բարձր գնահատուած է ամենուր։ 1996-ին ան ստացած է Montreal Citizenship Council-ի Outstanding Citizen մրցանակը, 1997-ին Արեւելեան Ամերիկայի եւ Գանատայի Կիլիկեան թեմի Առաջնորդարանը զինք հռչակած է «Տարուան կինը», նոյն տարին, Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը իրեն պարգեւած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը, իսկ 2004-ին, ան պատուըուած է ստացած է Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան շքանշանով։

Համազգայինի մէջ, ընկերուհի Շաքէն եղաւ հաւատաւոր անդամ, խթանելով վարչութիւններու գործունէութիւնը, իր մասնակցութիւնը բերելով անոնց կազմութեան, եւ սատար կանգնելով որ ի գործ դնենք մեր առաքելութիւնը։

Վիգէն Թիւֆէնքճեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.