Մեսրոպաշունչ լեզուի ջինջ ղօղանջը, Դաշնակցութեան գաղափարի ուղղամիտ երդուեալը՝ ընկեր Մարգարը

Ստորեւ՝ Յակոբ Ճանպազեանի դամբանականը Հայաստանի մէջ կայացած Մարգար Շարապխանեանի յուղարկաւորութեան ընթացքին։

Հաշուեյարդար. ի՜նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.
Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինա՜կ, ա՛յն մնաց.
Ինչ որ գնաց ուրիշին՝ վերադարձաւ անուշցած
Ու զօրացած՝ հոգիիս մէջ մնալու յաւիտեան։

Արժանապատիւ քահանայ հայր, յարգելի՛ սգակիր հարազատներ,
սիրելի՛ ընկերներ եւ ընկերուհիներ,

Ոչ եւս է մեր բոլորին սիրելի ընկեր Մարգար Շարապխանեանը։

Շաբաթ, 19 Օգոստոս 2023-ին, թորոնթոհայութիւնն ու ուշեցիները ընդհանրապէս եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութիւնն ու Համազգայինի մեծ ընտանիքը, կորսնցուցին իրենց նուիրեալ եւ վաստակաշատ հաւատաւոր ընկերներէն մին՝ ընկեր Մարգար Շարապխանեանը։

Դժուար է թանկագին անձնաւորութեան մը՝ ընկերոջ մը, դամբանական արտասանելը, դժուար, որովհետեւ ինչպէս շատերուն, ինծի համար ալ անհաւատալի կը թուի, որ այլեւս պիտի չկարենանք վայելել ու լսել մեր ընկերոջ՝ Մարգար Շարապխանեանի բարձրորակ եւ մաքրահնչիւն հայ լեզուի բանահիւսութիւնները, յարգանք պարտադրող ներկայութիւնն ու համակ սէրը։ Այսօր ընկեր Մարգարի առյաւէտ ննջելուն առիթով պիտի ջանամ մտածումի փշրանքներ միայն փոխանցել այստեղ այն քաղցր ապրումներէն եւ յիշատակներէն, զորս ունեցայ կուսակցական, մշակութային, ընկերային, հասարարական եւ կրթական մեր մտերմութեան ընթացքին։

Տակաւին անցնող Շաբաթ օրն էր, երբ իր բնակարանին մէջ ընտանեկան պարագաներով սիրոյ սեղանի մը շուրջ հեկեկաձայն խօսեցաւ Մարգարը, խօսեցանք միասին, խօսեցանք ազգային, մշակութային, կրթական,  հայրենական եւ կուսակցական մեր անցեալի քաղցր յիշատակներէն, խօսեցանք Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի վարժարանի կրթական եւ հանրային կեանքէն, մեր գաղութներու ունեցած յաջողութիւններուն եւ յանդուգն ծրագրերուն ու աշխատանքներուն մասին, որոնք սրտի խոր գոհունակութիւն կը պատճառէին իր հոգեկան ներաշխարհին։

Անձնապէս ընկեր Մարգարը ճանչնալու բախտաւորութիւնն ու պատիւը ունեցայ 48 եւ աւելի տարիներ առաջ Dupone-ի Հայ Կեդրոնին մէջ։ Բախտաւորութիւն կը համարեմ իր հետ ծանօթութիւնս, որովհետեւ իրեն հետ յարաբերիլը մարդկային եւ ընկերական սովորական կապերէն անդին մտերմութիւն մըն էր, մարդուս միտքը հարստացնող ու կեանքը ճոխացնող հաղորդակցութիւն մը։

Հակառակ իր յարգանք պարտադրող բնաւորութեան՝ ընկեր Մարգար ունէր ազնիւ եւ քնքուշ հոգի մը։ Կարդացէ՛ք իր կենսագրութիւնը, բանաստեղծութիւններն ու գրութիւնները եւ պիտի տեսնէք, թէ որքա՜ն նուրբ, որքա՜ն մեղմ զգացումներու դրսեւորումներ կը լեցնեն իր կեանքի էջերը:

Մարգար Շարապխանեան ծնած է Գալամաթա, Յունաստան, Օննիկ եւ Շաքէ Շարապխանեաններու հայաբոյր օճախին մէջ, երեք զաւակներէն երկրորդը։ Մարգար փոքր հասակին ընտանիքին հետ կը փոխադրուի Աթէնք եւ նախնական կրթութիւնը կը ստանայ տեղւոյն հայ վարժարանին մէջ, իսկ բարձրագոյն ուսման համար կը մեկնի Վենետիկ։

Ուսումը աւարտելէն ետք կը վերադառնայ Աթէնք որպէս հայագիտութեան ուսուցիչ։ 1968-ին կը հաստատուի Թորոնթօ, Գանատա, եւ կը ստանձնէ Թորոնթոյի համալսարանի գրադարանապետի պաշտօնը։ 1975 թուականին կ’ամուսնանայ ընկերուհի Էլիզ Հասըրճեանի հետ եւ կը բախտաւորուին երկու մանչ զաւակներով՝ Յովիկ եւ Վազրիկ։

1979 թուականին կը հիմնուի ՀՕՄ-ի վարժարանը եւ ընկեր Մարգար Շարապխանեան կը դառնայ հիմնադիր տնօրէնը մերօրեայ երկրորդական վարժարանին։

1970-ական թուականներուն Հայ Կեդրոնի երդիքին տակ ընկեր Մարգար հիմնած եւ խմբագրած է «Արձագանգ» առաջին հայ լրատուական խմորատիպ ամսաթերթը։ Ան իր յօդուածներուն եւ քարոզախօսութիւններուն հաւատարիմ՝ կը վերադառնայ հայրենի բնօրրան, եւ կեանքի երազանքը կ’իմաստաւորէ Ուշի գիւղին մէջ ներդնելով իր բարոյական եւ նիւթական կարելիութիւնները մինչեւ իր կեանքի մայրամուտը։

Տարօրինակ կերպով պարզ, խոնարհ ու անբացատրելիօրէն տիպար հայ մըն էր ընկեր Շարապխանեանը, որուն ներկայութեան ինքզինքդ կը զգայիր մտերիմ։

Ընկեր Մարգար Շարապխանեանը ծնաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն դաժան տարիներուն՝ տարագրուած ժողովուրդի մը առաջին սերունդը։ Ան իր մարմնին վրայ կրեց տարագրութեան ահաւոր տառապանքներն ու ցաւերը։ Կրեց հայրենիք ու բնօրրան կորսնցուցած ըլլալու ահաւոր իրականութիւնները։

Իր գիտակցական կեանքի ամբողջ ընթացքին, Յունաստանի մանկութեան օրերէն մինչեւ Վենետիկի Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարանը ու մինչեւ իր կեանքի մայրամուտը՝ Հայաստանի Ուշի գիւղին մէջ, եղաւ մեսրոպաշունչ լեզուի  ջինջ ղօղանջը, Հ. Յ. Դաշնակցութեան գաղափարի հաստատ համոզումներու ուղղամիտ երդուեալ ընկերը, եղաւ մեր ժողովուրդի արդարութեան եւ պահանջատիրութեան, ծառայութեան ու նուիրումի ոգին շեփորող խիզախ հրապարակախօսը, իր կոչոմին տէր կրթական մշակն ու տնօրէնը, աննկուն կամքով հրապարակագիրը, բանաստեղծը եւ գրագէտը։

Ընկեր Շարապխանեան իր բազմաբեղուն աշխատանքներուն եւ գործունէութիւններուն համար արժանացած է Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց պատուաբեր շքանշանին՝ ձեռամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, ինչպէս նաեւ արժանացած Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան պատուոյ շքանշանին։

Ընկեր Մարգարը, որպէս ուսուցիչ, տնօրէն եւ դաստիարակ, իր արդարագոյն լուման ներդրաւ կրթական եւ ուսումնական գանձարանին մէջ՝ ապահովելով պատուաբեր եւ արժանաւոր պատուանդան մը գրական եւ կրթական անդաստաներէնն ներս։ Իր շունչին տակ դաստիարակուեցան սերունդներ հայկական մաքրամաքուր շունչով, դաստիարակուեցան հայրական ջերմ գուրգուրանքով, Հայրենիքը չտեսնելով հանդերձ հայրենիքներ կերտուեցան նորահաս սերունդներու հոգիներուն մէջ՝ միշտ վառ պահելով մեսրոպեան ոգին, գիրն ու լեզուն:

Այո, ընկեր Շարապխանեանը իր գիտակցական կեանքի ամբողջ տեւողութեան, մանաւանդ ազգային, կրթական եւ մշակութային գործերուն մէջ իր բերած նպաստի ընթացքին եղաւ բծախնդիր, շրջահայեաց, անաչառ ու հեռատես։ Ան իր հաւատքը վերածեց գործի եւ տուաւ իր լաւագոյնը։ Եւ հիմա, այս պահուն, բարձրաճակատ ու հոգեկան մեծ հպարտութեամբ կ’ըսեմ, թէ ընկեր Շարապխանեանը նորահաս սերունդին կրցաւ հարազատօրէն  փոխանցել ազգի մը պատկանելիութեան հպարտութիւնը, հայ լեզուի եւ գրականութեան հանդէպ անսահման սէրը՝ հաւատալով, որ գալիք սերունդները պիտի կերտեն մեր նոր օրերու հայոց պատմութիւնը՝ ամբողջական հայրենիքի ամբողջական հայութեամբ պանծալի պատմութիւնը։

Սիրելի՛ ընկերուհի Էլիզ, թանկագին Յովիկ եւ Դալար, Վազրիկ եւ Գայիանէ, սիրասուն եւ անգին թոռնիկներ Դուին, Նայիրա, Տաթեւ, Արի եւ Սեւան,

Ձեր ամուսնոյն, հօր եւ մեծ հօր մահով Հայրենիքի եւ արտերկրի աշխարհացրիւ հայութիւնը ընդհանրապէս  եւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը մասնաւորաբար, կը կորսնցնեն լուսամիտ մտաւորական մը, հայ լեզուի եւ գրականութեան հսկայ մը, հաւատաւոր-ուղղամիտ ազգային նուիրեալ մը եւ տիպար երդուեալ դաշնակցական ընկեր մը՝ բառին բովանդակ իմաստովը։

Իր մահը մեծապէս կը յուզէ մեզ եւ յառաջիկային ալ վստահաբար պիտի զգանք իր բացակայութիւնը։

Այս պահուս, Շարապխանեան եւ Հասըրճեան ընդարձակուած ընտանիքներու անունով մեր խորազգաց շնորհակալութիւններն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնենք բոլոր անոնց որոնք ե-նամակներով հերաձայներով, առցանց գրութիւններով ծաղկեպսակներով՝ իրենց վշտակցութիւններն ու մխիթարական խօսքերով փորցեցին մեզ եւ ամոքեցին մեր վիշտը, շնորհակալութիւն ձեզ սիրելի հարազատներ, որ ներկայ եղաք հոգէհանգստեան, եկեղեցական եւ թաղմանական կարգերուն յարգելով Մարգար Շարապխանեանի անմեռ յիշատակը։

Այս տխուր առիթով սրտի պարտք կը համարեմ փոխանցելու ՀՅԴ Թորոնթոյի «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէի եւ կոմիտէութեան, Թորոնթոյի Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի վարչութեան, Թորոնթոյի ՀՕՄ-ի Ամէնօրեայ վարժարանի կրթական մարմինին, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, համայն աշակերտութեան եւ վարժարանի շրջանաւարտներուն խորազգած ցաւակցութիւնները Շարապխանեան, Գրիգորեան, Հասըրճեան, Նահապետեան, Սորֆազլեան, Գալուստեան, Խանծողեան եւ Ճանպազեան ընտանիքներու բոլոր պարագաներուն եւ համայն ուշեցիներուն։

Մենք կը հաւատանք, որ ընկեր Մարգարի թողած բազմաթիւ յիշատակներուն ու աշխատանքներուն ընդմէջէն ան յաւերժօրէն պիտի շարունակէ ապրիլ մեր բոլորին սրտերուն մէջ որպէս մաքրակենցաղ դաշնակցական, տիպար կրթական մշակ-տնօրէն, մտաւորական եւ ազնուասիրտ մշակոյթի հայ մարդ, անգին հայր եւ թանկագին մեծ հայր։

Սիրելի՛ ընկեր Մարգար, դուն այս անցաւոր աշխարհէն առյաւէտ կը բաժնուիս եւ մենք այսօր կը վերանորոգենք մեր սրբազան ուխտը, որ Հայ Դատի հանդէպ ունեցած նուիրումի ոգիդ, պարտաճանաչ մշակութասէրի եւ մեսրոպաշունչ կրթասէրի տիպար հայ մարդու նկարագիրդ վարակիչ պիտի դարձնենք գալիք սերունդներու հոգիներուն մէջ, եւ քու կիսատ թողած գործդ պիտի շարունակուի բոլոր անոնց կողմէ, որոնք դաստիարակուեցան հայաբոյր շունչովդ, եւ անոնց, որոնք քեզի նման ուխտած են հայ ազգի նաւը խաղաղ ու փրկարար ափեր առաջնորդելու։

Այժմ բարի երթ ըսելու ժամանակը հասած է, սիրելի՛ ընկեր Մարգար։ Թող Աստուած յաւիտենական հանգիստ տայ քեզի, եւ մեր նահատակներու արիւնով թաթախուած մայրենի սուրբ հողը իր մէջ գրկէ քեզ, որպէս տարագիր հայու յուշարձան։

Ամենայն տեղ մահը մի է.
Մարդ մի անգամ պիտ’ մեռնի,
Բայց երանի, որ իւր ազգի
Ազատութեան կը զոհուի:

Յակոբ Ճանպազեան
Հայաստան, Օհանավան 2023

 

Comments are closed.