Վանի բնակիչները կը պահանջեն վերականգնել Լիմ կղզիի Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցին
Թուրքիայի քաղաքացիները, Վանի զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու նպատակով, իշխանութիւններէն կը պահանջեն վերականգնել Վանայ լիճի ամենամեծ՝ Լիմ կղզիի (թուրք․ Ադըր) Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցին։ Վանի բնակիչները համոզուած են, որ Լիմը կարևոր տեղ կը զբաղեցնէ կրօնական զբօսաշրջութեան տեսանկիւնէն, և կը շեշտեն դեռ կանգուն մնացած եկեղեցւոյ կառոյցները հնարաւորինս արագ վերականգնելու անհրաժեշտութեան մասին։
Այդ մասին, Akunq.net-ի փոխանցմամբ, կը յայտն է թուրքական «Տողան» լրատուական գործակալութիւնը։
Աղբիւրը կը հաղորդէ նաև, որ անցեալ տարի «Ռեսմի կազեթէ» պաշտօնաթերթին մէջ հրապարակուած Թուրքիայի նախագահ Էրտողանի որոշման համաձայն՝ Վանայ լիճի 4 ամենամեծ կղզիներէն 3-ը, Լիմ կղզին ներառեալ, ընդգրկուած են բնական արգելոցի տարածքին մէջ։
Ըստ աւանդութեան՝ Գրիգոր Լուսաւորիչ 4-րդ դարուն Լիմի մէջ հիմնած է Լիմի անապատը, ուր 14-րդ դարի սկզբնաւորութեան գտնուած են Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Կարապետ և Սուրբ Գէորգ եկեղեցիները։
«Տողան» գործակալութեան թղթակիցը կը գրէ, որ 11-րդ դարուն սկսած Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ շինարարութիւնն աւարտած է 1305 թուականին։ 1766 թ․ աւելացուած են ժամատունը, մատուռը և քահանայատունը։ Մինչև 1918 թ․ գործած վանական համալիրը, աւելի ուշ ենթարկուած է գանձ որոնողներու աւերածութիւններուն։
Թուրքական աղբիւրը նաև կը յայտնէ, որ Լիմ կղզիին դիմաց գտնուող Եայլըքայա թաղամասի բնակիչները կը պահանջեն վանական համալիրի շինութիւններու վերականգնման և Լիմ կղզիի կրօնական զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու անհրաժեշտութեան մասին։
Եայլըքայայի աւագանիի անդամներէն Պիլալ Ֆուրաթը թղթակցներու հետ զրոյցի ընթացքին շեշտած է Լիմի հայկական եկեղեցւոյ նշանակութեան մասին, իսկ թաղամասի բնակիչներէն Ահմէտ Չըքլան թուրքական իշխանութիւններէն խնդրած է վերականգնել Լիմ կղզիի կառոյցները, զարգացնելու համար զբօսաշրջութիւնը։