Վանգուվըրի մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 107-ամեակը

 Յունիս 7-ին, Վանգուվրահայ համայնքը հաւաքուած էր Հայ Կեդրոնի Լազարեան սրահին մէջ նշելու համար Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 107-ամեակը։ Այս յիշարժան միջոցառումը կազմակերպուած էր Վանգուվըրի  ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէին կողմէ։

Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Գանատայի եւ Հայաստանի օրհներգներով։ Երեկոյի հանդիսավար Գէորգը Գատեհճեան իր բացման խօսքին մէջ ջերմօրէն ողջունեց ներկաները յիշատակելով ներկայութիւնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեանին եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Թիդար Քօշկրեանին։ Հանդիսավարը իր խօսքին մէջ շեշտեց 1918-ի Մայիս 28-ի պատմական դերը՝ որպէս հիմք այսօրուան Հայաստանի Հանրապետութեան։

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Սօսի Թէրզեան-Եագուպեանը, որ իր ներշնչող խօսքին մէջ վերստին ոգեկոչեց 1918 թուականի անկախութեան կերտիչները։ Ան վստահեցուց, թէ ՀՅԴ-ն պատրաստ է այսօր նոյնպէս կանգնելու մեր ժողովուրդի կողքին եւ բարձր պահելու ազգային ոգին։ 

Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ Լոս Անճելոսէն հրաւիրուած երգիչ Յովսէփ Կոմիտաս եւ իր նուագախումբը, որոնք իրենց ելոյթներով ցնծալից մթնոլորտ ստեղծեցին մինչեւ առաւօտեան ժամերը։ Հիւրերը լիաթոք կը մասնակցէին ազգային եւ հայրենասիրական երգերուն։

Երեկոյթի ընթացքին, աւելի քան 6000 տոլար նուիրատուութիւն հաւաքուեցաւ Վանգուվըրի Հայ Դատի յառաջիկայ ծրագիրներու դրամահաւաքին համար։