Վանգուվըրի մէջ նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 108-ամեակը
- (0)

Կազմակերպութեամբ Վանգուվըրի ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէին, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութիւններու տեղական մասնաճիւղերուն, եւ մասնակցութեամբ Համազգայինի «Վարագ» մասնաճիւղին, ուրբաթ, 29 մայիս 2026-ին, Վանգուվըրի Հայ կեդրոնի «Լազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի պետականութեան հիմնադրութեան 108-ամեակի տօնակատարութիւնը։
Օրուան հանդիսավարը՝ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարօ Եղիայեան, հրաւիրեց պատանիները հանդիսութիւնը բանալու Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներով, ապա Աննա Պախչեճեան արտասանեց կարճ եւ յաւուր պատշաճի բացման խօսք մը։
Ապա, Վանգուվըրի Համազգայինի «Վարագ» մասնաճիւղի անդամ Հեղինէ Արամեան փոխանցեց օրուան պատգամը։ Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայոց պատմութեան՝ սկզբնաւորութենէն մինչեւ մեր օրերու պայքարներն ու յաղթանակները, շեշտելով պետականութեան խորհուրդը, ազգային միասնութեան կարեւորութիւնը եւ անոնց պահպանման պատասխանատուութիւնը։
Պատանիները հանդէս եկան օրուան պատշաճ արտասանութիւններով եւ ասմունքներով։
Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ Վանգուվըրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Վարդան Ծ. Վարդապետ Թաշճեան, որ «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը եւ օրհնեց ճաշասեղաններն ու ներկաները։
Հանդիսականները ընտանեկան եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթրեցին միասնաբար, որմէ ետք երեկոն շարունակուեցաւ ազգային եւ յեղափոխական երգերով՝ հայկական ջերմ ու հայրենասիրական մթնոլորտի մէջ։
Վահէ Անտոնեան
Լուսանկարները՝ Արքայ Մովսէսեանի