Վանգուվըրի մէջ նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան 108-ամեակը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ վանգուվըրի «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէին, Պատանեկան Միութեան «Քրիստսփոր Միքայէլեան» մասնաճիւղին եւ Համազգայինի «Վարագ» մասնաճիւղին մասնակցութեամբ, վանգուվըրահայերը տօնախմբեցին Հայաստանի պետականութեան հիմնադրութեան 108-րդ տարեդարձը: Տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ 29 Մայիս 2026-ին, Ուրբաթ երեկոյեան, Վանգուվըրի Հայ կեդրոնի «Լազարեան» սրահին մէջ:

Օրուան հանդիսավարը՝ ՀՅԴ ԳՊՄ-ի Վարիչ մարմնի անդամ Կարօ Եղիայեան հրաւիրեց պատանիները հանդիսութիւնը բանալու Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներով, ապա Աննա Պախչեճեան կատարեց կարճ եւ յաւուր պատշաճի բացման խօսք մը:

Անկէ ետք, Վանգուվըրի Համազգայինի «Վարագ» մասնաճիւղի անդամ Հեղինէ Արամեան փոխանցեց օրուան պատգամը։ Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայոց պատմութեան՝ սկզբնաւորութենէն մինչեւ մեր օրերու պայքարներուն ու յաղթանակներուն, շեշտելով պետականութեան խորհուրդը, ազգային միասնութեան կարեւորութիւնը եւ անոնց պահպանման պատասխանատուութիւնը։

Պատանիներ հանդէս եկան օրուան պատշաճ արտասանութիւններով եւ ասմունքներով.

Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ Վանգուվըրի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Վարդան Ծ. Վարդապետ Թաշճեան, որ «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը, օրհնեց ճաշասեղաններն ու ներկաները։

Հանդիսականները ընտանեկան եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթրեցին միասնաբար, որմէ ետք երեկոն շարունակուեցաւ ազգային եւ յեղափոխական երգերով՝ հայկական ջերմ ու հայրենասիրական մթնոլորտի մէջ։

Վահէ Անտոնեան


Լուսանկարները՝ Արքայ Մովսէսեանի