Վահրամ Բալայեան. «Հայաստանը Անյապաղ Պէտք Է Դուրս Գայ Դիտորդի Կարգավիճակէն»

«Հայաստանի իշխանութիւններու դիրքորոշումը, անոնց կողմէ յառաջ տարուող թեզը, թէ Արցախը պէտք է ուղիղ բանակցի Ազրպէյճանի հետ, կեղծ թեզ է: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Արցախը այդ շփումներէն միայն կը տուժէ, կը կորսնցնէ, քանի որ միջոցներ չունինք», «Փաստինֆօ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նման տեսակէտ յայտնեց Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վահրամ Բալայեան:

«Կը կարծեմ, որ պէտք է հեռու մնալ ազրպէյճանցիներու հետ հանդիպումներէն: Ատիկա ոչ մէկ հարց պիտի լուծէ, աւելի՛ն` ամէն մէկ նման հանդիպում ալ աւելի կը վատթարացնէ վիճակը: Եթէ հանդիպումներ ըլլան, ապա առնուազն միջազգային կառոյցներու ներկայութեամբ, այլ ձեւաչափով պէտք է ըլլան», ըսաւ Բալայեան:

Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորը կ՛ահազանգէ, թէ Արցախի մէջ բաւարար միջոցներ չկան` Ազրպէյճանին դիմակայելու համար. Հայաստանը անյապաղ պէտք է դուրս գայ դիտորդի կարգավիճակէն եւ վերսկսի կատարել Արցախի անվտանգութեան երաշխաւորի իր պարտաւորութիւնը:

«Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները փաստացիօրէն կը հրաժարին պատասխանատուութենէ: 9 նոյեմբերի  համաձայնագիրը Արցախը չէ ստորագրած. մենք չենք համաձայնած յանձնել Ակնան, Քարվաճառն ու Քաշաթաղը: Այդ համաձայնութիւնը տուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարը: Եթէ ան ստորագրած է այդ համաձայնագիրին տակ, ուրեմն պատասխանատու է ատոր հետեւանքներուն համար ու պարտաւոր է Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններ վարել եւ ոչ թէ ըսել` Արցախը Ազրպէյճանի հետ իր հարցերը թող լուծէ: Ստեղծուած վիճակին մէջ Ազրպէյճանի հետ որեւէ շփում աւելի կը մօտեցնէ վերջնական կործանումը», նշեց Վահրամ Բալայեան:

Պատասխանելով այն դիտարկումին, թէ թերեւս Արցախի մէջ հանրահաւաքներ կատարելով կարելի ըլլայ սթափեցնել Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ապրող հայութիւնն ու փոխել իրավիճակը, Բալայեան նշեց. «Երկու հուժկու հանրահաւաքով արցախահայութիւնը իր կամքն ու անհանգստութիւնը արտայայտած է, Արցախի Ազգային ժողովն ալ յայտարարութիւններ ընդունած է. հիմա այդ տեսակէտները իրագործելու համար աջակցութեան կարիք կայ: Այդ է, որ, ցաւօք, չկայ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն: Բացի ատկէ, շրջափակման պայմաններուն մէջ, երբ մէկ լուցկի գտնելը անգամ խնդիր է, մարդիկ չեն կրնար, վառելիք չունին, որ ամէն օր հանրահաւաքի դուրս գան: Արցախի մէջ ապրողները ամէն օր կը պայքարին` այստեղ շրջափակուած ապրելով, սահմանին վրայ կանգնած ըլլալով: Կը դիմադրեն եղած միջոցներով, բայց այդ միջոցները անբաւարար են: ժողովուրդը պէտք է սթափի, ի վերջոյ, գիտակցի, որ կտոր-կտոր տալով կը հասնին իր տան»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.