Վահան Յովհաննիսեանի Յիշատակի Օրուան Առիթով Վերահաստատուեցաւ Անոր Ներկայութեան Կարեւորութիւնը

28 դեկտեմբերին Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ ոգեկոչուեցաւ Վահան Յովհաննիսեանի` մարդ-գիտնականին, մարդ-քաղաքական գործիչին յիշատակը` ներկայութեամբ անոր կուսակցական ընկերներուն եւ հարազատներուն:

Թէեւ Վահան Յովհաննիսեանի շիրիմին այցելող իւրաքանչիւր անձ բազմաթիւ յուշեր ունի անոր մասին, բայց բոլորը լուռ էին, գլխահակ: Մտովի կը յիշէին զայն, անոր սուր եւ դիպուկ խօսքերը, կատակները: Կուսակցական ընկերներ կը շեշտեն, որ ամէնէն դժուար պահերուն իսկ ան եղած է ոգեւորող, կրցած է առաջնորդի դերին մէջ ըլլալ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանի համաձայն, Վահան Յովհաննիսեան հայ ժողովուրդի նորանկախ պատմութեան մէջ եղած է ամէնէն գաղափարական, հասուն քաղաքական գործիչներէն մէկը, որ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին, նուիրուած ըլլալով իր գաղափարներուն, պայքարած է այդ ուղղութեամբ:

«Այսօր քաղաքական դաշտին մէջ մենք մեծապէս կը զգանք Վահան Յովհաննիսեանի կարիքը: Կը կարծեմ, թէ մենք ե՛ւ Վահան Յովհաննիսեանի, ե՛ւ անոր հօր` Էդուարդ Յովհաննիսեանի յիշատակը պահելու մէկ ուղի ունինք` շարունակել ապրիլ այն գաղափարախօսութեամբ, որուն համար անոնք պայքարած են իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին: Անոնք պայքարած են յանուն Հայաստանի եւ Արցախի, իսկ այսօր մեր հայրենիքը եւ, առհասարակ, հայ ժողովուրդը վտանգուած են: Այս իմաստով` մեծ ընելիք ունինք», յայտնեց Սաղաթէլեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան դիտել տուաւ, որ արդէն 7 տարի է Վահան Յովհաննիսեան ֆիզիքապէս մեզի հետ չէ, բայց ան այն մարդն է, որուն մասին կարելի չէ խօսիլ անցեալ ժամանակով: «Վահանը մեզի հետ է իր խօսքով, իր ձգած ժառանգութեամբ, ապրած կեանքով, իր հայեացքներով, կատակով եւ երգիծական ոգիով: Կեանքի փոթորիկները զայն բերին քաղաքական ասպարէզ: Այստեղ եւ բոլոր ասպարէզներուն մէջ ան մնայուն կերպով եղած է բարձունքի վրայ», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ կեանքի վերջին տարիներուն Վահան Յովհաննիսեան ինքզինք դրսեւորած է իբրեւ փայլուն հրապարակախօս, գրչի մարդ:

«Զարմանալի խորագիտութեամբ Վահանը կանխատեսած էր մայրամուտը, որ մեզ կը սպասէր եւ տագնապի ահազանգ կը հնչեցնէր, որ այդ մայրամուտը պէտք է կասեցուի: Ցաւօք, ականատես եղանք ատոր: Վահանը մեզ չի ներեր, եթէ, իր պատգամին հաւատարիմ, չկրցանք այդ մայրամուտը կասեցնել», եզրափակեց Ա. Համբարձումեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.