Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու (թաւշեայ) մթնշաղին

«Սփիւռքի հասցէն իր միացեալ կազմակերպութիւններու հասցէն է, Սփիւռքի հասցէն ազգային գաղափարախօսութեան շուրջ հաւաքուած այդ բոլոր կազմակերպ Սփիւռքն է: Որեւէ այլ կերպի փափաք՝ թէ պէտք է Հայաստանէն կազմակերպուի Սփիւռքը, արդէն իսկ հիմակուընէ կը յայտարարեմ, որ դատապարտուած է ձախողութեան»

ՀՅԴաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Խ. Տէր Ղուկասեան

Թաւշեայ Յեղափոխութեան յաջորդեց Իմքայլական կառավարութեան առաջին տարին: Որքանո՞վ 2019-ին իրականացաւ համակարգային փոփոխութիւններուն մեծ խոստումը: Ի՞նչ անդրադարձ ունեցաւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն վրայ եւ ի՞նչ հեռանկար բացաւ անոնց զարգացման նպատակամղուածութեան իմաստով: Այս հարցումներու բանաձեւումն ու անոնց մեկնաբանական պատասխաններ առաջարկելու այս փորձը կը ձգտի հասնիլ Սփիւռքի յետ-Թաւշեայ Յեղափոխութեան այս հանգրուանին մասին մտածելու հրաւիրող եզրայանգումներու:

Յիշեցման կարգով նշենք, որ հայրենի քաղաքական բեմին վրայ դեռեւս առնուազն 2013-էն ի վեր նախագահական վարչակարգէն խորհրդարանական վարչակարգի անցնելու առաջարկը, որ հիմնականօրէն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) քաղաքական փլաթֆորմին մաս կազմած է անկախութեան հռչակման յաջորդած Սահմանադրութեան քննարկման տարիներուն, ըստ ձեւի՝ համակարգային փոփոխութիւն մը կ’ենթադրէր: Այդ մէկը տեղի ունեցաւ, այսինքն՝ Հայաստանը անցաւ խորհրդարանական կառավարման վարչակարգի: Այդ մէկը կ’ենթադրէր ժողովրդավարութեան նոր որակ՝ որոշումներու կայացման հոլովոյթը գործադիր իշխանութեան ձեռքերուն մէջ կեդրոնացման բացառումով: Ժողովրդավարացման որակաւորման այս քայլը իր կարգին, ըստ սկզբունքային ենթադրութեան, պիտի յանգէր համակարգի «արմատական» բարեփոխումներու, ըստ օրին Դաշնակցութեան ղեկավարներու հրապարակային յայտարարութիւններուն, կամ՝ ցանկութեան…

Հոս է որ, թերեւս, անհրաժեշտ էր աւելի յստակացնել. երբ «համակարգային փոփոխութեանց» մասին կը խօսուէր, վերացականօրէն բանաձեւուած «ընկերային արդարութիւնը» պիտի բացատրուէր որպէս հարստութեան խիստ կեդրոնացման, անարդար վերաբաշխումի եւ հասարակութեան սուր բեւեռացման վերջ տալու քաղաքական յանձնառութիւն եւ կամք: Բայց այն պահուն երբ օրին իշխող բացարձակ մեծամասնական ուժը՝ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւնը (ՀՀԿ, Հանրապետական), նախագահ Սերժ Սարգսեան անձնապէս, համոզուեցան, որ անհրաժեշտ է սահմանադրական փոփոխութիւն կատարել եւ անցնիլ խորհրդարանական համակարգի, ի մտի ունեցան իշխանութեան վրայ մնալու, թերեւս եւ յարատեւելու, պատեհութիւնը, այն ինչ դրացի Վրաստանին մէջ Սահակաշվիլի փորձած էր: Թէ ի՛նչն էր, որ Սերժ Սարգսեանի այնքան ինքնավստահութիւն կը ներշնչէր, որ Սահակաշվիլիի ձախողութիւնը անտեսեց եւ հաւատաց, որ իշխանութեան վրայ իր շարունակականութիւնը երաշխաւորուած է՝ առայժմ միայն հարցում մըն է, որուն պատասխանը լաւագոյն պարագային վարկածներով կարելի է բանաձեւել: Այդ վարկածներէն մէկը կրնայ ըլլալ այն, որ Սարգսեան եւ Հանրապետականը քիչ մը շատ վստահ էին, որ համակարգի իշխող օլիկարգ դասը, մեծ դրամագլուխը, առաւել՝ պետական եւ ազգային հաստատութիւնները, ընդ որում՝ զինուորականութիւն եւ աւանդական/պահպանողական արժէքներու պաշտպաններ ինչպէս Մայր Աթոռը, ՀՀԿ-ի ընդմէջէն իրենց մենաշնորհային դիրքի շարունակականութեան երաշխիք հանդիսացող քաղաքական ուժը գտած էին: Չէ՞ որ Հանրապետականը ինքզինք կը սահմանէր որպէս ազգային պահպանողական կուսակցութիւն… Վարկածին երկրորդ բաժինը՝ ժողովրդային լայն զանգուածի մօտ էապէս անարդար այս համակարգին հանդէպ կուտակուած դժգոհանքի ու ցասումի եւ անոնց բողոքի վերածուելու կարողականութեան անտեսումն է: 2008 Մարտէն ի վեր Սերժ Սարգիսեան դէմ յանդիման գտնուեցաւ ժողովրդային բողոքի պարբերական արտայայտութիւններու եւ պոռթկումներու, ընդ որում՝ 2013-ի նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքները հարցականի տակ դնող զօրաշարժը, 2015-ին Էլեկտրիկ Երեւանը, 2016-ի պատերազմին յաջորդած պայթումները եւ ստուար թիւերով սակայն հետեւողական «Սերժիկ հեռացի՛ր» ցոյցերը, որոնք մասնաւորաբար 2017-էն սկսեալ Երեւանի փողոցներու մէջ աւելի քան տեսանելի էին: Սերժ Սարգսեան, իր խարիզմայի բացակայութեամբ բայց քաղաքական անժխտելի համբերատարութեամբ ու ճկունութեամբ, այդ բոլորէն վերապրած էր: Յաջողած էր մինչեւ իսկ Փրոթոքոլներու արդիւնքով Սփիւռքի մէջ իր անձին դէմ ծաւալած հակակրութիւնը զգալիօրէն նուազեցնել՝ Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցի միջոցառումներով եւ, մանաւանդ, Համահայկական Հռչակագրով: Ապրիլ 2018-ին, հետեւաբար, ոչ իսկ իշխանութեան փոփոխութիւն պիտի ըլլար, այլ՝ համակարգի շարունակականութեան կենդանի վկայութիւն:

Այսպէս, 2015-ի աւարտին Սահմանադրական փոփոխութեան հանրաքուէի դրական արդիւնքէն անմիջապէս յետոյ Հանրապետականի միահեծան (monopolic) նախաձեռնութեամբ համակարգային փոփոխութիւնը համահաւասարեցաւ վարչակարգի փոփոխութեամբ իշխանութեան յարատեւումը ապահովելու ծրագրի մը: Այդ մէկը ա՛լ աւելի յստակ դարձաւ, երբ Հանրապետականը Սարգսեանին յայտարարեց իր թեկնածուն: Յարգելով երկու կուսակցութեանց միջեւ ստորագրուած համագործակցութեան համաձայնագիրը, ՀՅԴաշնակցութիւնը միջամուխ չեղաւ կոալիցիոն գործընկերոջ «մանիպուլացիա»ներուն, չառարկեց իսկ, երբ հակառակ իր սկզբնական խոստումին Սարգսեան որոշեց իշխանութեան վրայ մնալ: Համաձայնագրի մը տարրին ու ոգիին հաւատարիմ մնալը գնահատելի է որպէս բարոյական վարքագիծ, բայց, այս պարագային, գինը բարձր էր: Հարցը Դաշնակցութեան հասցէին եղած ամէն տեսակի բամբասանքներն ու հայհոյանքները որպէս «նախկիններու գործընկեր» չէ միայն. «մեղաւոր է Դաշնակցութիւն» յանկերգին այն նորագոյն տարբերակը, որ հնչելու սկսաւ անցնող տարուան աւարտին մանաւանդ, գրեթէ «բնական» երեւոյթ են կուսակցութեան պատմութեան մէջ: Բարձր գինը, որուն ակնարկուեցաւ, համակարգի արմատական փոփոխութիւններու հաւաստիութեան (credibility) կորուստն է, եւ անկախացումէն յետոյ տնտեսութեան ազատականացումը արդէն ազատ-շուկայամոլութեան վերաճած քաղաքական գաղափարախօսութեան մը ոչ միայն շարունակականութիւնը, այլեւ խորացումը ի դէմս ներազգային ոլորտի մէջ կեդրոն-Ձախ այլընտրանքի մը զարգացման ու ամրակայման բացակայութեան: Ի դէպ, Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան վրայ յարատեւելու կարճատեսութիւնը ոչ միայն յանգեցաւ անկախութեան պայքարին մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունեցած Աշոտ Նաւասարդեանի հիմնած կուսակցութեան վարկաբեկման եւ քաղաքական դաշտէն գրեթէ անհետացման, այլեւ իր՝ Սերժ Սարգսեանի տասնամեայ նախագահութեան անաչառ արժեւորման անկարելիութեան գոնէ ներկայ իրավիճակին մէջ: Ի վերջոյ, իր բոլոր վերիվայրումներով, Սերժ Սարգսեան նաեւ քաղաքական այն անձնաւորութիւնն է, որ գտնուեցաւ իր պաշտօնի պատասխանատուութեան բարձրութեան եւ նախընտրեց հրաժարիլ, նախքան որ երկիրը յաւելեալ պառակտումի հասնէր: Ինչ որ նաեւ, պէտք է յիշեցնել, ի պատիւ իրեն ըրաւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը 1998 Փետրուարին:Կը մնայ յուսալ, որ Սարգսեան բարոյական բարձրութեան իր ժեսթը ամրակայէ՝ հեռու մնալով Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ռըվանշիստական հոգեբանութենէն որ իր հրաժարումի տասնամեայ լռութենէն յետոյ, 2008 Մարտ 1-2-ի ողբերգութեան պատճառ դարձած ազդակներէն մէկուն վերածուեցաւ:

Մօտիկ անցեալի այս վերյուշումը, ի լուր բոլոր անոնց, որոնք անցնող տարուան քննադատական եւ ինքնաքննադատական տեսանկիւնէն մօտեցման մը հակամիտ են եւ զգոյշ՝ սեւուսպիտակեան պարզացման ամէն տեսակի թակարդներէն, կարեւոր է նաեւ՝ հասկնալու համար թէ ինչո՛ւ յօդուածիս առաջին նախադասութեամբ 2019-ն որակուեցաւ Իմքայլական եւ ոչ թէ Թաւշեայ Յեղափոխութեան տարի: Փաստօրէն հայրենի իրականութեան մէջ այսօր եւս տիրապետող է քաղաքական մէկ ուժ, որ իր ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուցած է որոշումներու կայացումը: Ինչպէս անցեալին եղած է ՀՀԿ եւ, ինչ որ իմաստով, նաեւ Հայոց Համազգային Շարժումը: Եւ ինչպէս երկու պարագաներուն, դարձեալ ամբողջ ուշադրութիւնը, եւ որոշումներու կայացման պատասխանատուութիւնը, կեդրոնացած է մէկ անձի վրայ, որ իշխանութեան թիւ մէկ ղեկավարն է: Երեւոյթը տարբեր չէ ընդհանրապէս բոլոր երկիրներու պարագային, սակայն անկախութեան յաջորդած տարիներու փորձը ցոյց կու տայ որ, ի տարբերութիւն պետական հաստատութիւններու կայունութիւնը ապահոված եւ ժողովրդավարութիւնը խորացուցած զարգացած երկիրներուն, Հայաստանի մէջ իշխանութեան թիւ մէկ ղեկավարի փոփոխութիւնը միշտ ալ եղած է տագնապալի՝ Տէր Պետրոսեանէն Քոչարեան (հրաժարական), Քոչարեանէն Սարգսեան (Մարտ 1-2) եւ Սարգսեանէն Փաշինեան (Թաւշեայ Յեղափոխութիւն): Պատճառը յստակ կը թուի. ժողովրդավար վարչակարգի պետական հաստութիւններու (institutions)տկարութիւն: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է պահ մը եւս վերադառնալ 2018 եւ վերատեսութեան ենթարկել իրերայաջորդ դէպքերը, որոնք յանգեցան Իմքայլական կառավարութեան:

Թաւշեայ Յեղափոխութեան աւարտին փաստօրէն երկու ուղի կար իշխանափոխութիւնը վերածելու համակարգային փոփոխութեան: Առաջինը՝ Մոնքլօայի (Moncloa) ուղին, ի հետեւումս Սպանիոյ մէջ բռնատէր Ֆրանքոյի մահէն յետոյ քաղաքական կուսակցութիւններու միջեւ լայն համաձայնութեան մը, ինչ կը վերաբերի անցումային գործընթացին, որուն մէջ ճշդուեցան պետական քաղաքականութեան ընդհանուր ուղեգիծերը: Մոնքլօայի Համաձայնութիւնը ամէն հարցերը չլուծեց, փաստօրէն որոշուեցաւ անտեսել Ֆրանքոյի հալածաքներու եւ մասսայական ոճիրներու պատմական արդարութեան եւ արդարահատոյցի հրամայականը, որ անխուսափելիօրէն օրակարգի վրայ եկաւ յաջորդ տասնամեակներուն: Այդուհանդերձ, քաղաքական գլխաւոր ուժերը յաջողեցան կերտել ժողովրդավարութեան ամուր համակարգ մը, ուր քաղաքական փոփոխութիւնն ու այլընտրանքային կարելիութիւնը ապահովուած են առանց մեծ ցնցումներու, նոյնիսկ երբ երկիրը կը դիմագրաւէ տնտեսական ահաւոր տագնապ մը, ինչպէս պատահեցաւ 2008-էն յետոյ, կամ դէմ յանդիման կու գայ քաղաքական լուրջ մարտահրաւէրի մը, ինչպիսին է Քաթալունիայի հարցը կամ ծայրայեղ աջի ի յայտ գալը: Միջ-կուսակցական քաղաքական համաձայնութեան այս առողջ ուղին որդեգրուեցաւ Թաւշեայ Յեղափոխութեան յաջորդող ամիսներուն, երբ կը թուէր, թէ Ազգային Ժողովը պիտի վերածուէր այն բեմին, ուր պիտի ամրակայուէր բազմակուսակցական համակարգը: Այդ գործընթացի շարունակումը պիտի ապահովէր նաեւ խորհրդարանական վարչակարգի հաւաստիութիւնը եւ բարձրացնէր Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան որակը: Տարին սակայն վերջացաւ իշխանափոխութեան յաջորդող հանգրուանին համակարգային փոփոխութիւնները Իմքայլական կամ Փաշինեանական My way-ով կատարելու որոշումին, երբ պարտադրուեցան խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ, որոնց արդիւնքը ի սկզբանէ յայտնի էր՝ իշխանութեան բացարձակ կեդրոնացումով Իմքայլական կառավարութեան մը ի յայտ գալը, Ազգային Ժողովի մէջ ազդեցիկ ընդդիմութեան մը բացակայութիւնը, ընդ որում ոչ իսկ նոր Նիկոլ Փաշինեան մը, որ բեմ բարձրանար եւ անվախօրէն իշխանութեան երեսին ճշմարտութեան մասին (truth to power) խօսէր: Այլ խօսքով, ի դէմս իշխանութիւնը մէկ քաղաքական ուժի ձեռքերուն մէջ կեդրոնացած մնալուն, չկայ ժողովրդավարութեան որակի բարելաւում, հակառակ որ խորհրդարանական վարչակարգը, սկզբունքով, շատ աւելի հաւասարակշռուած, շատ աւելի համակարգուած եւ շատ աւելի համաձայնուած պետական քաղաքականութեան մը երաշխիքը կու տայ:

Թաւշեայ Յեղափոխութեան Իմքայլացումը հետեւանք է ժողովրդային զօրաշարժի ամբոխահաճոյ կամ՝ պոպուլիստ, յատկանիշին: Նշելի է որ այդ յղացքը պէտք չէ ընկալել որպէս ժխտական, որպէս անպայմանօրէն ցածորակ քաղաքականութիւն: Պոպուլիզմի երեւոյթը այնքան տարածուած է, որ այն արդէն ակադեմական բանավէճի ու տեսաբանական բանաձեւման թեմայ է: Ամբոխահաճոյութիւնը ժողովրդային զօրաշարժի ռազմավարութիւն մըն է, որ անհրաժեշտութիւն կը դառնայ, երբ քաղաքական համակարգը անելի կը մատնուի եւ չի կրնար զանգուածները տագնապեցնող հիմնախնդիրներու լուծման իրաւական միջոցներ ապահովել: Երբ պոպուլիստ զօրաշարժ մը կը դառնայ կենդանի երեւոյթ, այդ արդէն փաստ է գործող համակարգի սնանկացման: Այդ մէկը պատահեցաւ Ապրիլ 2018-ին Հայաստանի մէջ Թաւշեայ ժողովրդավարական Յեղափոխութեամբ: Որպէս ժողովրդային զօրաշարժի ռազմավարութիւն, պոպուլիզմը ինքնին գաղափարախօսութիւն մը չէ: Հետեւաբար պոպուլիստ ամէն զօրաշարժ զերծ չէ գաղափարախօսական գունաւորումէ: Պոպուլիստ զօրաշարժ մը կրնայ ձախակողմեան ըլլալ ինչպէս պարագան է Հարաւային Ամերիկայի մէջ ընկերային շարժումներու նախաձեռնած զօրաշարժերուն, կամ ծայրայեղ աջակողմեան, ինչպէս պարագան է Թրամփի զօրավիգ կանգնած հատուածներու ետին գտնուող քաղաքական, հասարակական թէ մտաւորական ուժերուն:

Պոպուլիստ զօրաշարժերը կ’ըլլան նաեւ լիպերալ, որ պարագան է 1988-89 թուականներուն Արեւելեան Եւրոպայի մէջ համայնավարական ամբողջատիրութիւնները տապալած ժողովրդային զօրաշարժերուն եւ Հայաստանի մէջ Ապրիլեան զօրաշարժին, որուն գլուխը անցած էր օրէնսդիր իշխանութեան մէջ ներկայացուած քաղաքական կուսակցութիւն մը, մասնաւորաբար՝ մէկ ղեկավար անձնաւորութիւն: Որպէս ազատամիտ իմաստով լիպերալ յեղափոխութիւն, Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը, եւ յատկապէս անոր նախաձեռնող/ղեկավար տարրը, ինքզինք հակադրեց համակարգի մինչ այդ իշխող ուժի՝ Հանրապետականի պահպանողականութեան: Հայաստանի մէջ քաղաքական/գաղափարախօսական բախումը, հետեւաբար, ամէն հեռաւորութիւն պահելով հանդերձ, համահունչ էր ԱՄՆ-ի քաղաքական ոլորտին մէջ քաղաքական/գաղափարախօսական մրցակցութեան, որ, ընդհանրապէս, յատկանշած է այդ բեմը, շատ աւելի քան եւրոպական ոլորտի յատուկ Աջ/Ձախ մրցակցութեան: Հայաստանի մէջ, փաստօրէն, Թաւշեայ Յեղափոխութենէն յետոյ Ձախի այլընտրանքը մնաց քաղաքականութեան լուսանցքին, կամ, աւելի կոնկրետ, արտախորհրդարանական ոլորտին մէջ:

Ձախի բացակայութիւնը նախկին խորհրդային երկրի բեմահարթակէն այնքան ալ զարմանալի չէ անշուշտ, եւ, ամէն պարագայի, նոյնիսկ այն տարիներուն, երբ կեդրոն-Ձախ կուսակցութիւն մը ի դէմս ՀՅԴաշնակցութեան մաս կը կազմէր պետական ոլորտին որպէս խորհրդարանական խմբակցութիւն թէ մասնակից գործադիր իշխանութեան, շատ դժուար եղած էր, եթէ ոչ անկարելի, Ձախակողմեան այլընտրանքի ընտրազանգուածի կազմաւորումը եւ ընդարձակումը: Ընդ որում համակարգային փոփոխութեան բառացի իմաստով ամենահիմնական հարցերը, իմա՛՝ հարստութեան կեդրոնացման եւ ընկերային բեւեռացման վերացում ի խնդիր սոցիալական արդարութեան վրայ կառուցուելիք համակարգի մը, մնացին տեսութիւն, ընտրական փլաթֆորմ եւ խոստում, աւելի քան գործնական յանձնառութիւն, զօրաշարժի նախաձեռնութիւն եւ համակարգի նկատմամբ քննադատական շարքեր, մանաւանդ երիտասարդութիւն պատրաստելու նախանձախնդրութիւն: Կար անշուշտ ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին սպառնալիքի շատ իրական պատճառը՝ զգոյշ ըլլալու համար ներքին ամէն վերիվայրումէ: Բայց իրողութիւն է, որ այդ զգուշութիւնը նաեւ յանգեցաւ համակարգի հանդէպ հասարակական դժգոհութեան ու ցասումի տարողութեան թերգնահատման: Այս նկատառումները միայն տեսական չեն: Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը առիթ ստեղծած էր արտախորհրդարանական ընդդիմութիւն մը առաջացնելու կեդրոն-Ձախի գաղափարախօսական ուղղուածութեամբ, ուր իրենք իրենց հարազատ զգային նաեւ բոլոր այն հասարակական շարժումներն ու քաղաքական ուժերը, որ այս կամ այն հարցով գաղափարախօսականօրէն իրենք իրենց Ձախ-յառաջդիմական կը նկատէին: Այդ մէկը տեղի չունեցաւ, եւ քաղաքական/գաղափարախօսական բեւեռացումը հայրենի հասարակութեան ոլորտին մէջ Իմքայլական կառավարութեան առաջին տարինկը դրսեւորուի ազգային/ապազգային բաժանման գիծով:

Կարելի չէ անտեսել քաղաքական զօրաշարժը որուն դրօշակիրը եղաւ Դաշնակցութիւնը հարազատօրէն դրսեւորելով իր կեդրոն-Ձախ գաղափարախօսական դիմագիծը հարկային համահարթեցման խնդրով, ոսկի առիթ մը բոլոր Ձախ ուժերու համախմբումին, որ այնպէս ալ տեղի չունեցաւ դժբախտաբար: Հարկերու համահարթման օրէնքը, ի դէպ, խօսուն փաստն է Թաւշեայ Յեղափոխութեան ղեկավարութեան տնտեսական ազատ-շուկայամոլութեան գաղափարախօսական համոզումին, ընդ որում կենդանի կը մնայ այն համոզումը, որ ունէին ե՛ւ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, ե՛ւ Ռոպերթ Քոչարեան, ե՛ւ Սերժ Սարգսեան՝ յաւելեալ արժէքի յաւելեալ կուտակման իրաւունք, որ հարստութեան արդար վերաբաշխումի ամէն քայլ, ինչպէս յառաջընթացային (պրոկրեսիւ) հարկային դրութիւնն ու անոր արմատականացումը, կը բացառէ, հաւատալով պահանջարկ-առաջարկ շուկայական հաւասարակշռման «անյայտ ձեռք»ի սկզբունքին: Այս իմաստով Իմքայլական իշխանութիւններէն համակարգային արմատական որեւէ փոփոխութիւն սպասելի չէ, թէկուզ եւ այդ ուզեն հաւատալ ու հաւատացնել փտածութեան դէմ պայքարի իրենց քաղաքականութեամբ:

Թաւշեայ Յեղափոխութեան լիպերալ-պոպուլիստ բնոյթին կողքին կարեւոր է նկատի ունենալ անոր ներազգային բնոյթը, որ զինք տարբերեց նախապէս տեղի ունեցած բոլոր Գունաւոր Յեղափոխութիւններէն: Թէ այս վերջինները ե՛ւ ներշնչման, ե՛ւ զօրաշարժի կազմակերպումի մարտավարութեանց ուսումնասիրութեան աղբիւր էին՝ անկասկած: Վերջին հաշուով բոլոր յեղափոխութիւնները ունեցած են արտաքին ներշնչում, սորված են տարբեր փորձառութիւններէ եւ վերածուած են փորձառութեան աղբիւրի: Ոմանք ունեցած են անդրազգային/համամարդկային առաքելութեան տեսլական եւ ծնունդ տուած հերոսներու՝ Չէ Կեվարա, Նելսոն Մանտելա, Վաչլավ Հավել… Գունաւոր Յեղափոխութիւնները, առանց թերգնահատելու իրենց ռէզոն տ’էթր-ը եւ դերակատարներուն անկեղծութիւնը, ծնունդ տուած են յեղափոխութեան անթրփըրըներ-ներու, ինչպէս եղած է պարագան Միլոսեւիչին դէմ զօրաշարժ կազմակերպած երիտասարդ խմբակին, կամ ալ հերոսէ ծաղրածուի վերածուած ղեկավարներու ի դէմս Սահակաշվիլիի: Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը համաշխարհային ուշադրութեան արժանի եղաւ, բայց մնաց սահմանափակ հայրենի իրականութեան մէջ: Այդ մէկը կրնայ եւ փաստը ըլլալ քաղաքական ողջունելի զգուշաւորութեան, զոր ցուցաբերեցին Յեղափոխութեան ղեկավարները, որոնք ոչ մէկ հակում ունեցան համաշխարհային «աստղեր» դառնալու: Բայց Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը արտաքին աշխարհաքաղաքական ազդակներու բերումով ներազգային երեւոյթ ըլլալէ բացի այլընտրանք չունէր: Փաստօրէն, արտաքին-յարաբերական մարզին մէջ Ռուսաստանի հետ ռազմաքաղաքական դաշինքը անփոփոխ մնաց, եւ զայն հարցականի տակ դնող ամէն դոյզն քայլ, թէկուզ եւ ակամայ եւ ադրիւնք անզգուշութեան, իր ժխտական անդրադարձը անմիջապէս զգացնել տուաւ: Արտաքին/աշխարհաքաղաքական ազդակի որոշիչ գերակայութիւնը Հայաստանին նման փոքր պետութեան եւ միջազգային տնտեսութեան մէջ անգոյ ըլլալու չափ աննշան երկրի մը համար՝ կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ ամէն կարգի փոփոխութիւն միայն ներազգային ոլորտին մէջ կրնայ իրապաշտօրէն մտածուիլ, եւ ոչ մէկ բանավէճ մտահան կրնայ ընել երկրի ռազմաքաղաքական կախուածութեան պայմանաւորումը:

Հետեւաբար, երբ Իմքայլական կառավարութեան առաջին տարուան իրագործումներուն քննարկման հարց դրուի, անհրաժեշտ է կարեւորութեամբ նկատի ունենալ Թաւշեայ Յեղափոխութեան լիպերալ-պոպուլիստ գաղափարախօսական ուղղուածութիւնը եւ արտաքին ռազմաաշխարհագրական սահմանափակումները: Այսինքն՝ փոփոխութիւնները պիտի քննարկել զուտ ներազգային/հայրենի ոլորտին մէջ, եւ ապա միայն հետեւումներ ընել անոր արտաքին, այս յօդուածի պարագային՝ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններ, անդրադարձներու եւ կարելի զարգացումներու մասին:

Փետրուար 2019-ին կառավարութիւնը ներկայացուց իր հնգամեայ ծրագիրը: Հայաստանի Հանրապետութեան 7րդ գումարման Ազգային Ժողովի առաջին նստաշրջանի հերթական նիստին իր ելոյթին ընթացքին վարչապետ Փաշինեան «ազդարարեց» «համաժողովրդական, տնտեսական յեղափոխութեան սկիզբ», մասնաւորաբար շեշտելով. «Հայ ժողովուրդը յաղթած է կաշառակերութեան, ամենաթողութեան, խմբակային կառավարման դէմ պայքարին, եւ հայ ժողովուրդը պիտի յաղթէ աղքատութեան, գործազրկութեան, խեղճութեան ու անգործութեան դէմ պայքարին»: Նոյն այդ ելոյթին մէջ վարչապետը կարեւոր բաժին մը յատկացուց հայկական սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն յայտարարելով՝ (ա) Սփիւռքի նախարարութեան կազմալուծումը, (բ) վարչապետի աշխատակազմին մէջ ստեղծել սփիւռքի գործերով յանձնակատար, «որ վարչապետի անունով եւ յանձնարարութեամբ պիտի իրականացնէ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ վարչապետի յանձնարարութեամբ պիտի համակարգէ նախարարութիւններու աշխատանքը սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ՝ միեւնոյն ժամանակ ապահովելով Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու բաւական բարձր եւ պատշաճ մակարդակ»: Այս տրամաբանութեան հետեւումով, Վարչապետը դրաւ երկու խնդիր, զորս անուանեց «յեղափոխական»: Անոնցմէ առաջինը Սփիւռքի ներուժի քարտէսագրումն է, անհրաժեշտ քայլ մը ի խնդիր համահայկական ցանցի ստեղծման: «Մենք պիտի ունենանք համակարգ մը, որ իր մէջ պիտի ներառէ ամփոփ եւ կիրարկելու ամէնօրեայ տեղեկատուութիւն, թէ սփիւռքի ո՛ր հատուածին մէջ մենք ինչպիսի՛ ներուժ ունինք, եւ այդ ներուժին հետ կառավարութիւնը ի՛նչ համագործակցութիւն պէտք է իրականացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական, քաղաքական, անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու առումով:» Երկրորդ՝ սփիւռքը ներկայացնող միասնական կառոյցի եւ միասնական կազմակերպութեամբ կամ ձեւաչափի ստեղծում: Այս իմաստով «մեծ մարտահրաւէր»ը պիտի ըլլայ, ըստ վարչապետին տուած բացատրութիւններուն, «ամբողջ սփիւռքը ներկայացնող ինչ որ ներկայացուցչական կառոյց», հարթակ մը, ուր քննարկուած ինչ որ հարց կրնայ օրինականօրէն սփիւռքի հետ համաձայնեցուած հարց համարուիլ:

  • Կարելի չէ անտեսել քաղաքական զօրաշարժը որուն դրօշակիրը եղաւ Դաշնակցութիւնը հարազատօրէն դրսեւորելով իր կեդրոն-Ձախ գաղափարախօսական դիմագիծը հարկային համահարթեցման խնդրով, ոսկի առիթ մը բոլոր Ձախ ուժերու համախմբումին, որ այնպէս ալ տեղի չունեցաւ դժբախտաբար: Հարկերու համահարթման օրէնքը, ի դէպ, խօսուն փաստն է Թաւշեայ Յեղափոխութեան ղեկավարութեան տնտեսական ազատ-շուկայամոլութեան գաղափարախօսական համոզումին, ընդ որում կենդանի կը մնայ այն համոզումը, որ ունէին ե՛ւ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, ե՛ւ Ռոպերթ Քոչարեան, ե՛ւ Սերժ Սարգսեան՝ յաւելեալ արժէքի յաւելեալ կուտակման իրաւունք, որ հարստութեան արդար վերաբաշխումի ամէն քայլ, ինչպէս յառաջընթացային (պրոկրեսիւ) հարկային դրութիւնն ու անոր արմատականացումը, կը բացառէ, հաւատալով պահանջարկ-առաջարկ շուկայական հաւասարակշռման «անյայտ ձեռք»ի սկզբունքին: Այս իմաստով Իմքայլական իշխանութիւններէն համակարգային արմատական որեւէ փոփոխութիւն սպասելի չէ, թէկուզ եւ այդ ուզեն հաւատալ ու հաւատացնել փտածութեան դէմ պայքարի իրենց քաղաքականութեամբ:

Փաշինեանի այս ելոյթի դրոյթներու հետեւումով, Իմքայլական կառավարութեան առաջին տարուան աւարտին Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու իրավիճակը կրնան համապատասխանել Անթոնիօ Կրամշիի հանրածանօթ բանաձեւումին (յղացքներու որոշ պատշաճումով). «Հին աշխարհը (այս պարագային՝ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու կարգը) կը մեռնի: Նորը կ’ուշանայ յայտնուելու: Այս մթնշաղին մէջտեղ կ’ելլեն հրէշները»:

Իմքայլականներուն համար Սփիւռքի Նախարարութեան լուծարման որոշումը առնուած էրէն սկիզբէն: Թաւշեայ Յեղափոխութեան յաջորդած վեցամսեայ ժամանակաշրջանին, այն ինչ կրնայ կոչուիլ յետ-յեղափոխական Մոնքլօական մոմենտում մը, Նախարարութիւնը յանձնուեցաւ Յեղափոխութեան դերակատար երիտասարդ դէմքերու, որոնք յաւուր պատշաճի պահեցին Սփիւռքի հետ զբաղուելու ձեւականութիւն մը, Սփիւռքով հետաքրքրուած եւ յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բերելու պատրաստականութեան բեմականացում մը որ, սպասելիօրէն, գործնական ոչինչի յանգեցաւ: Սփիւռքի Նախարարութեան լուծարումը քննարկման չդրուեցաւ Ազգային Ժողովին մէջ, ուր, ամէն պարագայի, նուազ հետաքրքրութիւն կայ թեմային նկատմամբ, եւ ձեւական, անատամ եւ գաղափարախօսականօրէն ամուլ ընդդիմութիւնը օրէնսդիր իշխանութեան մէջ ոչ ձայները, ոչ ալ տրամադրութիւնը ունէր նման աննշան խնդրով «այո Նիկոլ» բացարձակ մեծամասնութեան հակակշիռ ըլլալու, երբ քաղաքական պազարլըքի շահագրգռութիւն առաջացնող այլ հարցեր կրնան գալ օրակարգի վրայ: Սփիւռքեան կազմակերպութիւններու հետ խորհրդակցութեան մասին խօսք իսկ չեղաւ: Նման վարժութիւն չունին Իմքայլականները, ոչ ալ հետքաքրութիւն ցուցաբերած են զայն ունենալու, օրինակի համար իրենց մասնակցութիւնը բերելով Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովներուն: Թէկուզ եւ երբ, ինչպէս կը բացատրուի/պատճառաբանուի անցնող քսանամեակի ընդդիմութեան բացակայութիւնը այդ հաւաքներուն, օրուան իշխանութիւնները իրենց չէին հրաւիրեր, կամ ամէն ինչ կ’ընէին, որ իրենց ներկայութիւնը բացառուէր կամ չէզոքացուէր: Մէկ խօսքով, Սփիւռքի Նախարարութեան լուծման որոշումը առնուեցաւ ոչ թէ հանգրուանային ձեւով այլ՝ շոքային, համահունչ նէօլիպերալ յեղափոխական ոգիին…

Սփիւռքի Նախարարութիւն չունենալու որոշման դրդապատճառներէն մէկը, ըսաւ վ արչապետը Ազգային Ժողովին մէջ, այն էր, «որ սփիւռքի նախարարութեան մէջ կ’իրականացուէին գործառոյթներ, որոնք կ’իրականացուէին այլ նախարարութիւններու կողմէ: Խօսքը կրթական, մշակութային, երիտասարդական, կազմակերպական գործառոյթներու մասին է: Եւ ասոր փոխարէն, կարեւոր գործառոյթներ, որոնք պէտք է իրականացուին սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու տեսակէտէ, ըստ էութեան, չէին իրականացուեր:» Նման մօտեցում, բնականաբար, կը բացառէ Սփիւռքի Նախարարութեան տասնամեայ գործունէութեան անաչառ վերլուծում մը, սխալներու եւ բացթողումներու քննադատումով բայց նաեւ իրագործումներու գիտակցումով: Անհրաժեշտ էր հին կարգը սպաննել եւ վերջ: Առանց Փաշինեանի տուած բացատրութիւնը հարցականի տակ դնելու, Նախարարութեան լուծարման մէկ այլ դրդապատճառը նաեւ Թաւշեայ Յեղափոխականներուն պոպուլիստ-լիպերալ գաղափարախօսութեան ենթահողն է, ընդ որում «նուազագոյն պետութիւն»ը իմաստութիւն (wisdom) է տնտեսութեան զարգացման համար: Այսինքն՝ անհրաժեշտութիւն էր պետական «ապարատ»ի կրճատում, որ կը նուազեցնէ ե՛ւ պետութեան ծախսերը, ե՛ւ, մասնաւորաբար, կաշառակերութեան կարողականութիւնը: Հետաքրքրական պիտի ըլլար իմանալ Սփիւռքի Նախարարութեան լուծարման համար վարչապետի կտրուկ ախտաճանաչման փաստացի հիմնաւորումներուն մասին, եթէ երբեք այդ մասին կայ վերլուծական ինչ որ փաստաթուղթ: Ի վերջոյ, վեց ամիսէ աւելի Սփիւռքի Նախարարի ու փոխ-նախարարի պաշտօն ստանձնած «թիմ»ը գոնէ այդ աշխատանքը կատարած ըլլալու է…

Սփիւռքի Նախարարութեան լուծարման որոշումը հարցականի տակ չդրուեցաւ Ազգային Ժողովին մէջ: Կառավարութեան Մարտ 7, 2019-ի «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» օրէնքի փոփոխութիւնները, որոնց կարգին՝ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու նոր համակարգը, քննարկուեցան եւ ընդունուեցան պատգամաւորներուն կողմէ: Հակազդեցութիւնը եկաւ, սպասելիօրէն, արտախորհրդարանական ընդդիմութենէն, բացառաբար՝ ՀՅԴաշնակցութենէն եւ անհատ մասնագէտ-վերլուծաբաններէ: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը տարածեց յայտարարութիւն, ուր հանգամանօրէն քննարկելով որոշումը կը յանգի հետեւեալ եզրակացութեան. «… Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններում, հապճեպօրէն եւ առանց լայն քննարկումների կամ, կարելի է ասել, միանձնեայ որոշմամբ ներդրուելիք համակարգով ստեղծւում է անորոշ իրավիճակ: Նշեալ յարաբերութիւնների մէջ ներքաշուած են ե՛ւ բոլորը ե՛ւ ոչ մէկը, արդիւնքում որեւէ մի օղակ ամբողջական պատասխանատուութիւն չի կրելու եւ հաշուետու չի լինելու Սփիւռքի առջեւ:» Գերագոյն Մարմնի այս եզրայանգումին աւելի յստակօրէն անդրադարձաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը, զգուշացնելով որ Սփիւռքը Հայաստանէն կազմակերպելու ամէն փորձութիւն ի սկզբանէ ձախողութեան դատապարտուած է:

Անկախ իր առաջնահերթային քաղաքական հաշուարկէն եւ Իմքայլական կառավարութեան կարճատեսութենէն, Սփիւռքի Նախարարութեան լուծարման որոշումը իր կարեւորութիւնը ունէր նաեւ խորհրդանշական իմաստով: Այս վերջինին մասին առաջինը անդրադարձաւ Արամ Վեհափառը, երբ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով կառավարութեան որոշումին զայն որակեց «Սփիւռքի վերաբերեալ ոչ բարենպաստ», զգուշացուց անոր ունենալիք բացասական անդրադարձէն եւ ըսաւ. «Կարեւոր համարելով Սփիւռքի նախարարութեան գոյութեան ռազմավարական իմաստը՝ միաժամանակ, պէտք է նկատի ունենալ, որ երբեմն խորհրդանշական իմաստը աւելի կենսական է, քան ռազմավարականը կամ քաղաքականը։» Ինչի՞ մէջ կը կայանայ այս խորհրդանշական իմաստը: Պոլսահայ մտաւորական Տիգրան Լոքմակէօզեանի խօսքերով՝ «այս որոշումով նորից իրարից անջատուեցին Հայաստանն ու Սփիւռքը»: Իսկ ըստ Վրէժ-Արմէնի «Սփիւռքը եւ Հայրենիքը» (Հորիզոն, Փետրուար 11, 2019) յօդուածին, վարչապետի աշխատակազմին մէջ առաջանալիք գլխաւոր յանձակատարի պաշտօնը «յաւելեալ հեռաւորութիւն» կ’առաջացնէ սփիւռքահայութեան եւ հայրենահայութեան միջեւ: «Այդ հեռաւորութիւնը, մինչդեռ, մենք համոզուած էինք, որ կրճատուած էր, գուցէ միայն մասամբ, գուցէ միայն անուանապէս՝ Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումով, նախարարութիւն, որ ներկայ իշխանութիւնը մտադրած է ջնջել»: Նշենք, որ կառավարութեան որոշումին քննադատութիւնը չէր ենթադրեր բնաւՍփիւռքի Նախարարութեան գործունէութեան բացթողումներու անտեսում: Նոյն այդ յօդուածին մէջ Վրէժ-Արմէն շատ ճիշդ կը նշէ, որ նախարարութիւնը «դեռեւս շատ չէր բարձրացած ծիսական մակարդակներէ, … , սակայն նախորդին սխալները սրբագրելու եկած իշխանութիւնները աւելի մեծ սխալ մը կը գործեն նախարարութեան ջնջումով»: Առանձին ուշադրութեան արժանի է Սյուզաննա Բասեղեանի «Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնների յետ-յեղափոխական շեշտադրումները» վերլուծումին, ուր առաւելի բացայայտ կը դառնայ Նիկոլ Փաշինեանի Քաղաքացիական Պայմանագիր կուսակցութեան լիպերալ, զուտ «գործնապաշտական» (utilitarian) ընկալումը, որ Սփիւռքը կը դիտէ «… որպէս հայրենադարձութեան միջոցով ՀՀ-ում բնակչութեան թուի եւ ծնելիութեան աճի կարեւոր միջոց: Իսկ «դէպի Հայաստան յարաճուն հայրենադարձութիւնը» պատկերացւում է որպէս հետեւանք «մարդու ազատութեան եւ արժանապատուութեան պաշտպանութեան, ստեղծարար ընդունակութիւնների եւ կրթութեան քաջալերման, իրաւունքի եւ օրինականութեան վրայ հիմնուած ազգային միասնութեան», այլ ոչ թէ պետութեան կողմից յատուկ ծրագրերի մշակման եւ իրականացման արդիւնք:» Սզբունքային/գաղափարախօսական այս մօտեցումի արդիւնք է Իմքայլական կառավարութեան պատկերացումը Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններուն. «Սփիւռքի քաղաքականութեան քննարկումը վերաճեց կառոյցի նկատակայարմարութեան մասին անարդիւնաւէտ քննարկման. եթէ չկայ քաղաքականութիւն, ինչպէ՞ս ենք որոշում այն իրականացնող կառոյցի գործառոյթներն ու նպատակամղուածութիւնը»:

Ինչպէ՞ս կարելի է հետեւցնել, Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման խորհրդանշական կարեւորութիւնը ընդհանրապէս կը գնահատուի անկախ պետութեան մէջ նման կառոյցի մը ենթադրած հիմնական դերակատարութեան՝ Հայաստան-Սփիւռք մերձեցման ընդմէջէն: Կը մնայ, որ Սփիւռքի Նախարարութիւնը ամբողջ խորհրդանիշ մըն էր նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ Սփիւռքը որպէս գոյավիճակ ընդունելու իմաստով: Առ այդ, գիտակցելով հանդերձ Սփիւռքի ռազմավարական կարողականութեան մեծ նշանակութեան, ընդունելով հանդերձ հայրենադարձութեան կամ հայահաւաքի շեշտադրումը ազգային օրակարգի վրայ, Սփիւռքի նախարարութիւնը նաեւ առանձնաբար կարելի է մեկնաբանել որպէս գիտակցումը Արեւմտահայ Զարթօնքով ընթացք առած ամբողջ մշակոյթի մը եթէ ոչ քաղաքակրթութեան, որ Ցեղասպանութենէն, պատմական հողերու կորուստէն եւ Հայաստանի խորհրդայնացումէն յետոյ վերապրեցաւ, պահպանուեցաւ եւ զարգացաւ Սփիւռքի մէջ: Եւ որքան ալ որ այդ Սփիւռքը չըլլայ միատարր, ըլլայ «բազմաշերտ»,- գործածելու համար Փաշինեանի շատ սիրած բառերէն մէկը-, այնուամենայնիւ իր հաստատութիւններով եւ իր պատումով ինքնութիւն է եւ ինքնուրոյն գոյավիճակ: Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները սահմանելով տարբեր նախարարութիւններու միջոցաւ իրականացուող «գործառոյթներ»ու, վարչապետ Փաշինեան, գոնէ Փետրուարեան իր այդ ելոյթով, անտեսեց Սփիւռքի գոյավիճակը որպէս Արեւմտահայութիւն: Թէ այսօր արտերկրի հայութեան մաս կազմեն, թերեւս որոշ տեղեր նաեւ մեծաթիւ կամ քանակականօրէն գերակայ ըլլան ընկերա-տնտեսական պատճառներով Հայաստանէն արտագաղթողները, որոնց առանց շատ մտածելու եւ յաւուր պատշաճի կը կոչենք «նոր սփիւռք», թէ Իմքայլական կառավարութիւնը արդարօրէն նախ եւ առաջ զանոնք թիրախաւորէ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու իր նոր քաղաքականութեան մէջ: Ինչպէս բացայայտ դարձաւ ոչ միայն գլխաւոր յանձնակատարի եւ իր հետ աշխատող բարձր պաշտօնեաներու հրապարակային յայտարարութեանց եւ հարցազրոյցներու ընդմէջէն, այլ նաեւ վարչապետին յատուկ արտերկրի համայքներու հետ հանդիպման համար կազմակերպուած երկու այցելութիւններով՝ Ռուսաստան եւ Գալիֆորնիա: Ռազմավարականօրէն մինչեւ իսկ թերեւս ճիշդ ըլլայ այս թիրախաւորումը, եթէ նպատակը հայրենադարձութիւնն է ու ներդրումները: Կ’անտեսէ, սակայն, միւսը՝ Սփիւռքը, «աւադական»ը ինչպէս կը պարզացուի Արեւմտահայ քաղաքակրթութեան մէկ ու միակ տէր հայ ժողովուրդի հատուածին սահմանումը, Ցեղասպանութենէն վերապրած եւ մինչեւ 1964, Սփիւռքի հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի ստեղծում, համայնավար ամբողջատիրութեան որոշումով հայրենիքէն կտրուած, զրկուած եւ օտարացած իրերայաջորդ սերունդներուն կենդանացուցած գոյավիճակը, մէկ ու միակ Սփիւռքը, «իմ պապերուս հայրենիքը» (Անի Աստուրեան, «Մետալին միւս երեսը», Ասպարէզ, 14 Նոյեմբեր 2019):

Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման պատճառներէն մէկը, ուրեմն, Սփիւռքը որպէս ուրոյն երեւոյթ ընկալելու/ընդունելու դժուարութիւնն է: Այսպէս, վարչապետը Սփիւռքի հետ հարցերու քննարկման անդրադառնալով Փետրուարեան իր ելոյթին մէջ հարց տուաւ՝ «… իսկ յստակ որո՞ւ հետ, որովհետեւ սփիւռքը շատ մեծ ծաւալներ ունի եւ շատ ընդգրկուն է: Կան հազարաւոր կազմակերպութիւններ, եւ եթէ ֆիզիքապէս անոնց մէկ մասին հետ կարելի է քննարկել, ապա միւս մասին հետ եւ բոլորին հետ կարելի չէ», աւելի առաջ դիտել տալով «գիտէք, որ սփիւռքը բազմաշերտ է, շատ բարդ է, այնտեղ կան բազմաթիւ յարաբերութիւններ, հակասութիւններ:» Ըստ էութեան ճիշդ է վարչապետին ըսածը: Հարցը սակայն Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ այս «բազմաշերտութեան» ներկայացուցչութեան մը մասին մտածելու եւ յարաբերութեանց ճշդման հայեցակարգ ունենալու քաղաքական որոշումի մը բացակայութիւնն է: Հայաստանի իշխանութիւնները առաւել թէ նուազ բացայայտօրէն նախընտրած են իրենց համար շահագրգռութիւն ներկայացնող անհատներու կամ կազմակերպութիւններու հետ պարագայական համագործակցութիւն հաստատել: Սփիւռքի Նախարարութեան առկայութեան գոնէ համայնքային հաստատութիւններն ու անոնց ներկայացուցչական մարմինները սկսան կամաց-կամաց տեսանելի դառնալ Հայաստանի պետական այրերուն: Հարցը հոս պետութեան եւ Սփիւռքէն գործատէր, մասնագէտ թէ ժողովրդային անձնաւորութիւններու հետ առանձին կապեր հաստատելու իրաւունքի եւ անհրաժեշտութեան ժխտումը չէ, այլ՝ անհատներու հետ կապերու գերադասումը՝ համայնքային հաստատութիւններու հետ յարաբերութիւններու հայեցակարգէ մը, որ այնպէս ալ երբեք չառաջացաւ: Հետեւաբար,եթէ Փաշինեանի խոստացածին նման ստեղծուի Սփիւռքի ներկայացուցչական հարթակ կամ յարաբերութիւններու հայեցակարգ ապա եւ այդ մէկը իսկապէս յեղափոխական պիտի ըլլայ: Առայժմ վարչապետին խօսքերէն բացի կոնկրետ ոչինչ կայ նման քաղաքական կամքի եւ անոր գործնականացման:

Սփիւռքի Նախարարութեան լուծարման որոշումէն անմիջապէս յետոյ, վարչապետ Փաշինեան կատարեց իր առաջին պաշտօնական այցը Իրան: Անոր աւարտին ան հանդիպում մը ունեցաւ տեղւոյն հայ համայնքին հետ Թեհրանի Արարատ մարզամշակութային միութեան մէջ: Հանդիպումը, ինչպէս մամուլը արձանագրեց այն ատեն, անցած է շատ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, հազարաւոր իրանահայեր վարչապետը ողջունեցին մեծ ոգեւորութեամբ: Անոնց առջեւ ելոյթ ունենալով, Փաշինեան ամէն բանէ վեր դասեց ազգային միասնականութիւնը եւ ըսաւ. «Մեր միասնական խնդիրը հետեւեալն է. մենք այլեւս չունենք Հայաստանի օրակարգ եւ Սփիւռքի օրակարգ, ունենք համազգային օրակարգ, որի նպատակը մեր համազգային նպատակների եւ երազանքների իրագործումն է»: Նոյն գաղափարը ան արտայայտեց Արցախի մէջ, 5 Օգոստոսին, Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու առիթով Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպուած ժողովրդային հանրահաւաքի իր ելոյթին ընթացքին, երբ անդրադառնալով Թաւշեայ Յեղափոխութեան մասին ան ըսաւ. «Կը խօսուի, որ այս նոր իրողութիւնները իրենց ուղղակի ազդեցութիւնը պէտք է ունենան սփիւռքի ու Արցախի կեանքին վրայ: Այսօր կը քննարկուի, թէ ինչպէս պէտք է ըլլայ այդ ազդեցութիւնը»: Այդ ելոյթին վարչապետը նաեւ առաջ քաշած Սփիւռքի եւ Հայաստանի անջատ օրակարգերը մէկտեղելու կոչուած «համահայկականութեան» միտքը, որուն դրսեւորումներէն մէկը պէտք է ըլլայ ուժերու մէկտեղումը ընդհանուր նպատակներու իրագործման համար, եւ այդ նպատակները պէտք է ըլլան միայն ու միայն Հայաստանի եւ Արցախի զարգացումը: Այս իմաստով, Փաշինեան ողջունելով համայն աշխարհի հայութիւնը ոգեկոչած է այն կարգախօսը, «որով 1988-ին կը թնդար Վերածնունդի այս հրապարակը՝ Միացում, միացում»:

«Միացում», «միասնական   օրակարգ», «հայկականութիւն»… բոլոր այս յղացքները, զորս վարչապետը իր ելոյթներուն ժամանակ գործածեց անցնող տարուան ընթացքին՝ բացատրելու/բանականացնելու/արդարացնելու համար Սփիւռքի նախարարութեան լուծարումը եւ փորձել համոզելու, որ անոր պիտի փոխարինէ հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու որակն ու մակարդակը բարձրացնելու, ազգի երկու (երեք, եթէ աւելցնենք Արցախը, բայց այդ տարբեր նիւթ է) հատուածներու համարկման, այլեւ միացման նպատակը աւելի շօշափելի դարձնելու համար, յուզականօրէն խանդավառութիւն ստեղծող եւ բարոյախօսական իմաստով հարցականի տակ երբեք չդրուելու երաշխիքը ունեցող լոզունգներ են: Անոնց գործածութիւնը ընթացիկ է, պարտադիր եւ տոկմային, այնքան որ հազիւ թէ քիչ թէ շատ մտածող մը համարձակութիւնը ունենայ բարձրաձայն հարց տալու, որ գործնականօրէն ի՞նչ կը նշանակեն անոնք: Արդ, Հայաստան-Սփիւռք երեսնամեայ յարաբերութիւններու եւ անցնող քսան տարիներուն այդ յարաբերութիւններուն ինչ որ փրոթոքոլ, հայեցակարգ եւ մինչեւ իսկ հիմնարկանացում (institutionalization), տալու փորձառութեան հիման վրայ, երբ Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը հանդէս կու գայ անգամ մը եւս ամէն ինչ գրեթէ զերոյէն սկսելու եւ աւելի լաւը խոստանալու նախաձեռնութեամբ, վերոյիշեալ երկար հիմնաւորումով բանաձեւուած հարցումը պիտի դնէ ի՛նք՝ Սփիւռքը, ուր քաղաքական մտածողութիւնը տակաւին կը դժուարանայ գիտակցիլ/ընդունիլ, որ կան, մի՛շտ ալ եղած են, հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու օրակարգ եւ Սփիւռքի օրակարգ: Իրարու հակադիր եւ մէկը միւսին բացառող օրակարգներ չեն ասոնք, բայց իրարմէ անջատ են իրենց առաջնահերթութիւններու եւ ամէնօրեայ հարցերու դիմագրաւման իմաստով: Իսկ երբ կրկին ու կրկին ականջալուր ըլլանք քաղաքական «կորեկտութեան» մէկ այլ ենթադրութեան վրայ հիմնուած հրապարակային ելոյթներու, ուր ինքնապարտադիր են «փոխ-օգնութեան», «փոխ-լրացման» եւ նմանատիպ հիմնաւորումներ, թերեւս զգաստ ըլլանք, այնքան որ պահ մը դուրս գանք յոռեգոյն իմաստով քաղքենիացած համայնքային լճացումներու «հանգստեան գօտի»էն (comfort zone) եւ հարց տանք, թէ ինչպէ՛ս Հայաստան-Սփիւռք զիրար պիտի ամբողջացնեն, գործնականօրէն ի՛նչ կը նշանակէ փոխ-լրացում, քաջ գիտակցելով որ «սատանան (միշտ) մանրամասնութեանց մէջ է»:

Սփիւռքի համար հայրենիքի հետ կապը յստակ եղած է միշտ: Ազգային գոյութիւնը երբեք չէ տարանջատուած հայրենիքի գաղափարէն, եւ ատով ալ Սփիւռքը որպէս քաղաքական հասկացողութիւն տարբերած է պատմութեան ընթացքին իր հաւաքական ինքնութիւնը հիմնականօրէն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդմէջէն ճանչցող արտասահմանեան հայութենէն: Ցեղասպանութենէն եւ Հայաստանի խորհրդայնացումէն յետոյ, աւելի քան եօթանասուն տարի, Սփիւռքի մէջ քաղաքական մտածողութիւնը միշտ ալ ազգային գոյապահպանումը պայմանաւորեց հայրենիքով, թէկուզ եւ այդ մտածողութիւնը արտայայտուէր խորհրդային կարգերու ընդունման թէ ընդդիմութեան բաժանման գծի երկայնքին, եւ այդ հիման վրայ զարգանային ներհամայնքային իշխանական պայքարը թէ համագործակցութեան ջանքերը: Ատով հանդերձ, Հայաստանասէր թէ խորհրդային կարգերու ընդդիմադիր Սփիւռքեան հատուածները իրե՛նք կառուցած են համայնքային հաստատութիւնները, սահմանած հայապահպանման հայեցակարգը եւ հայրենազուրկ ազգի մը վերապրումը վերաճած իւրայատուկ գոյավիճակի: Այս իմաստով, երկու տեսութիւն կայ որոնցմով Սփիւռքը բանականօրէն ընկալելի կը դառնայ որպէս հասարակական երեւոյթ: Անոնցմէ առաջինը, թերեւս յատուկ Սփիւռքի համար մտածուած, Խաչիկ Թէօլոլեանի տեսական բանաձեւումն է՝ «պետականազուրկ ազգ»: Երկրորդը քաղաքագէտ Ճէյմս Սի. Սքաթթի (James C. Scott) 1998-ին լոյս ընծայած դասական գործի՝ Seeing Like a State. How Certain Schemes to Improve the Human Condition Have Failed (Yale University Press) խորագրի հետեւումով կրնանք բանաձեւել որպէս Սփիւռքեան «պետականանման մտածում», ուր լուռ ենթադրուած էր պետականազրկութեան պայմաններու մէջ հայրենազուրկ ազգային հաւաքականութեան մը երկար վազքի վրայ գոյատեւման բացառումը: Ընդ որում, ներհամայնքային կեանքին մէջ գործող Սփիւռքեան կազմակերպութիւնները հաստատութիւններու մէջ իշխանութեան համար մրցակցութիւնը թէ պայքարը կը զարգացնէին գրեթէ պետութեան մը յատուկ տրամաբանութեամբ, համայնքակիցներուն կը դիմէին ազգի ղեկավարի եւ պետական դէմքի դիրքէն, որ բնականաբար յատուկ էր 1918-20 Հայաստանի Հանրապետութիւնը կերտած ապա հայրենազուրկ դարձած սերունդին, որմէ ալ որպէս քաղաքական մշակոյթ փոխանցուեցաւ անոնց յաջորդած սերունդներուն: Իրարու ակնյայտօրէն հակասող այս երկու տեսութիւններու՝ պետականազուրկ ազգ/պետականանման մտածողութիւն տրամաբանութիւնը հասկնալի կը դառնայ միայն Սփիւռքի հիմնարար միթոսով եւ տիրապետող պատումով, որ խորհրդանշականօրէն պիտի սահմանենք որպէս Շահնուրեան Նահանջ, Ճերմակ Ջարդ, Ձուլում:

Այնքան հզօր էր այդ միթոսը, որ պատմութիւն կերտեց, իրերայաջորդ սերունդներ հայ դաստիարակեց, կենդանի պահեց հայապահպանումը: Միաժամանակ, սակայն, ան խոչընդոտ հանդիսացաւ անկախութենէն յետոյ Սփիւռքի մէջ ամրագրելու քաղաքական մտածողութեան անցումային գործընթաց մը: Տիրապետող պատումը Հայաստանի անկախացումով բացայայտ կը դարձնէր տեսականօրէն բանաձեւուած Սփիւռքի «աւարտը» ի դէմս հայրենադարձութեան դէմ դրուած ամէն արգելքի վերացման: Բայց, թէկուզ եւ երբ ձախողութեան մատնուեցաւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի քաղաքականութիւնը՝ օրէնքով խիստ սահմանափակելու հայկական քաղաքացիութեան իրաւունքը, ժխտելու հայ ժողովուրդի ուրոյն կացութիւնն ու ճակատագիրը եւ հայկականութիւնը սահմանելու լոկ որպէս օրէնսդրութիւն, Հայաստանի ընկերային եւ տնտեսական պայմաններուն մէջ հայրենադարձութիւնը չեղաւ զանգուածային, ճակատագրական, այլ՝ հիմնականօրէն ընտանեկան/ենթակայական որոշում, որուն դրդապատճառները միայն ազգային յաձնառութեան հետ կապ չունէին եւ շատ յստակ պարագաներու, հիմնականօրէն՝ Միջին Արեւելեան համայնքներ, արդիւնք էին տուեալ երկրի կենցաղային պայմաններու կտրուկ վատթարացման: Եւ քանի որ Սփիւռքի անցումային գործընթացը, հիմնարար միթոսէն յետոյ գոյավիճակի բանականացման նոր պատումի մը ծնունդը, ատենին իր տեղը չգտաւ համայնքներու հաւաքական գիտակցութեան մէջ, քաղաքական մտածողութիւնը ուշացաւ յարացուցային անհրաժեշտ փոփոխութիւնը (paradigm change) կատարելու՝ անդրադառնալու համար բոլոր այն պատեհութիւններուն, զորս համաշխարհայնացումը ստեղծած է ոչ-պետական դերակատարներու, կոնկրետ՝ քաղաքացիական հասարակութեան յօգուտ, դիմագրաւելու համար Սփիւռքի օրակարգի հարցերու մարտահրաւէրը առանց «նահանջ»ի, «ճերմակ ջարդ»ի թէ «ձուլում»ի ուրուականներու աահաբեկչական սպառնալիքին:

Փաստօրէն, զարգացած ժողովրդավարութիւններու մէջ քաղաքացիական հասարակութեան զօրաշարժի մարտավարութիւններն էին, որոնք իրականացուցին վերջին քսանամեակի արագընթաց նուաճումները Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման խնդրով: Համացանցն է որ ի մէջ այլոց՝ ՀԲԸՄ-ի, Համազգայինի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Լոնտոնի Հայկական Հիմնարկիթէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նման հաստատութիւններուն առիթ կու տայ նորարարաբար մտածել Արեւմտահայերէնի պահպանման ու զարգացման, մշակութային գործունէութեան ծաւալման, հայեցի դաստիարակութեան արդիականացման, արխիւներու թուայնացման, Սփիւռքի հետազօտութեաննման տեսլական ունեցող ծրագիրներ յղանալու:Իսկ Եւրոպայէն մինչեւ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներ, տեղւոյն համայքներուն մէջ վերջին տասնամեակին նկատելի է հաստատութիւններու միջեւ համագործակցութեան ճամբով միասնական ծրագիրներու համակարգումի թէ ներկայացուցչական մարմիններ ստեղծելու կազմակերպական նորաշխոյժ գործընթաց մը:

Բայց, ահաւասիկ, եթէ մէկ կողմէնկատելի է համայնքներու կազմակերպական արդիականացման ճիգ եւ համասփիւռքեան շահերու համապատասխանող ծրագիրներու բազմացում, քաղաքական մտածողութիւնը դեռեւս սփիւռքեան իրավիճակը կը դիտարկէ/պայմանաւորէգերազանցաբար Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու պրիսմակով. փաստօրէն, համայնքներն ու համայնքային կազմակերպութիւնները շատ աւելի ինքնամփոփ դարձած են եւ իրենց օրակարգը կը սահմանեն մտածելով բնականաբար նախ ներհամայնքային հրատիպ հարցերու եւ ապա բացառաբար Հայաստանի հետ կապերու մասին, մինչ խորհրդային կարգերու ժամանակին կենսունակ տարբեր երկիրներու համայնքներու միջեւ փոխադարձ հետաքրքրութեան եւ յարաբերութեանտինամիքըգրեթէ չէզոքացած է. խօսքի թէ գործի իմաստով իւրաքանչիւր համայնք ուղղացհայեաց կապեր ունի հայրենիքի հետ, բայց նուազած են, մինչեւ իսկ բացակայ,սփիւռքեան համայնքներու միջեւ հորիզոնական կապերը, որոնք հայաշխարհը պիտի վերածէին համաշխարհային աշխոյժ ցանցի մը:

Սփիւռք-Հայաստան կապերը միշտ պիտի ըլլան ամէն համայնքի հաւաքական գիտակցութեան մէջ եւ գործնական ծրագիրներով: Բայց, հակառակ բոլոր հրապարակախօսութեանց, ճառերուն եւ լոզունգներուն, Հայաստան-Սփիւռք օրակարգը կը կազմուի Երեւանի մէջ, պետական տրամաբանութեան հետեւութեամբ, եւ քանի որ տակաւին օրուայ իշխանութիւնները գերազանցող ամրագրուած պետականութիւն չկայ, այդ օրակարգը իր կառոյցի թէ գործառութային բաժիններով ենթակայ պիտի ըլլայ փոփոխութեանց եւ մինչեւ իսկ ցնցումներու: «Յեղափոխել» Հայաստան-Սփիւռք կապերը անիրապաշտ է, չըսելու համար անկարելի, եւ մօտիկ անցեալին միայն անանակնկալ իրադարձութիւններն են որ յարաբերութիւններու ընթացքին մէջ բեկումներ առաջացուցած են՝ Ղարաբաղեան շարժում, երկրաշարժ, Փրոթոքոլներ: Այլապէս, Հայաստան-Սփիւռք կապերու զարգացումը համարկումի երկարաշունչ գործընթաց մըն է, որուն գիտակցելով միայն կարելի է Հայաստանէն սփիւռքեան քաղաքականութիւն մշակել: Հետեւաբար, որքան ալ որ բաղձալի ըլլայ իր ղեկավարներուն եւ հետեւորդներուն համար, Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը բեկումնային իրադարձութիւն չեղաւ Սփիւռքին համար: Աւելի՛ն, բարեբախտաբար ժողովրդային զօրաշարժի ղեկավարները եւ ԻմՔայլական կառավարութեան պատասխանատուները Սփիւռքը «Թաւշացնելու» նախաձեռնութենէն զերծ մնացին –ի բացառեալ «ներսի-դուրս»ի Տէր Պետրոսեանական տխրայուշ խառնակութեան մերթ ընդ մերթ կատարուող փորձերէն: Սփիւռքի նախարարութեան լուծարումը Սփիւռքի մէջ լաւ չընկալուեցաւ որովհետեւ անոր գոյութեան տասնամեակին յարաբերութիւններու հայեցակարգ մը դրուած էր, եւ յստակ հարցերով յառաջընթաց արձանագրուած.քաղաքացիութեան օրէնքի փոփոխութիւն, Հայաստան փոխադրուած սուրիահայերու օժանդակութիւն, Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելից եւ Համահայկական Հռչակագիր: Բայց Սփիւռքի նախարարութեան լուծարումը համայնքներու ընթացիկ առօրեան չխանգարեց, հաստատութեանց առօրեային մէջ փոփոխութիւն չառաջացուց այն պարզ պատճառով որ սփիւռքեան համայնքները ոչ Նախարարութեան ստեղծման, ոչ անոր լուծարման, ոչ ալ նոր կառոյցի առաջացման որոշումներուն մէջ իրենց ըսելիքը ունեցած էին: Բոլոր այդ որոշումները միակողմանիօրէն առնուած են Երեւանի մէջ, պետական շահի տրամաբանութեամբ:

Ճիշդ է, Սփիւռք-Հայաստան կապերը միայն պետական օրակարգով չեն սահմանափակուիր: Կայ գործարար ոլորտը եւ, մանաւանդ, քաղաքացիական հասարակութիւնը, եւ քիչ չեն այն ներդրումային թէ նախաձեռնողական ծրագիրները որ այս ոլորտներուն մէջ Սփիւռքն ու հայրենաբնակ հայութիւնը իրարու մօտ կը բերեն: Բայց քանի որ այդ օրակարգերը յատուկ, ընդհանրապէս իրարմէ անջատ թեմաներով եւ գործառոյթներով կազմուած են, եւ յաճախ կը փափաքին շրջանցել ամէն ձեւի քաղաքականացում, չեն կրնար դեռեւս թոյլ տալ ընդհանուր արժեւորում մը կամ զարգացման ուղղութեան ճշդում մը կատարել: Կը մնայ որ երիտասարդներուն համար Հայաստան կամաւոր աշխատանքի ծրագիրները, օրինակի կարգով յիշելու համար, ամենէն յուսալի նախաձեռնութիւններն են՝ իր տեսակին մէջ իւրայատուկ Սփիւռք-հայրենիք համարկումի գործընթացի մը, որ մեծ կարողականութիւն ունի ե՛ւ նոր որակի 21րդ դարու հայ սերունդի պատրաստութեան, ե՛ւ հայրենադարձութեան ուղի բանալու, ե՛ւ նոր խանդավառութիւն առաջացնելու սփիւռքեան համայնքներէն ներս:

Բայց երբ Սփիւռք-Հայաստան օրակարգէն կ’անցնինք Սփիւռքի օրակարգին, եւ եթէ պատահի որ Հայաստանէն պետական մակարդակով հարց տրուի թէ հայրենիքը ի՞նչ կրնայ ընել Սփիւռքին օգնելու համար, կամ, ինչպէս վարչապետ Փաշինեան Ազգային Ժողովի մէջ իր վերոնշեալ ելոյթով բանաձեւեց, խօսուի «Սփիւռքի նկատմամբ Հայաստանի հանրապետութեան պարտաւորութիւններուն եւ ծառայութիւններուն» մասինշ վստահեցուի «մենք ամէն ինչ պէտք է ընենք անոնք պատշաճ մակարդակով ապահովելու համար», ապա եւ Սփիւռքը քաջութիւնը պիտի ունենայ գայթակղեցուցիչ ըլլալու չափ ըսելու՝ ոչինչ, եւ միեւնոյն քաջութեամբ ոչինչ սպասելուհայրենիքէն ինչ կը վերաբերի զուտ Սփիւռքի օրակարգի բանաձեւման ու գործնականացման: Հայրենիքէն Սփիւռք առաջարկուող օժանդակութեան այս մերժումը գայթակղիչ գտնողներուն պիտի օրինակ բերել 1992ի Spike Lee-ի Malcolm X ժապաւէնի այն տեսարանը, ուր ափրօ-ամերիկացիներու իրաւունքներու պաշտպանը համալսարանի աստիճաններուն վրայ դէմ յանդիման կու գայ իրմով խանդավառ երիտասարդ, կապուտաչեայ, դեղնածամ ուսանողուհիի մը, որ իրեն հարց կու տայ թէ ինչ կրնայ ընել իր դատին օգնելու համար:Մալքոլմի ժպիտով պատասխանը կ’ըլլայ՝ ոչինչ:Շարքային հանդիսատեսին համար այս պատասխանը ընդվզեցուցիչ, եթէ ոչ խտրական եւ մինչեւ իսկ ռասիստ կրնայ թուիլ: Slavoj Žižek, սակայն, Մալքոլմի «ոչինչ»ը կը հասկնայ/մեկնաբանէ տարբեր. հաւաքականութիւն մը նախ ինքնիրեն օգնել պիտի սորվի, ապա միայն ընդունի դուրսէն եկած, Ուրիշին կամ Միւսին, օժանդակութիւնը: Այսինքն՝ եթէ Սփիւռքը ինք չի կրնար տէր կանգնիլ իր օրակարգին, ապա եւ հայրենիքը ոչինչ կրնայ ընել իրեն օգնելու համար: Իսկ Սփիւռքը որպէս պետականազուրկ ազգ իր օրակարգը կազմելու, անոր տէր կանգնելու պատմական երկար փորձ ունի: Փորձ՝ որ ինքնին Սփիւռքի կազմաւորման պատմութիւնն է:

  • Սփիւռք-Հայաստան կապերը միշտ պիտի ըլլան ամէն համայնքի հաւաքական գիտակցութեան մէջ եւ գործնական ծրագիրներով: Բայց, հակառակ բոլոր հրապարակախօսութեանց, ճառերուն եւ լոզունգներուն, Հայաստան-Սփիւռք օրակարգը կը կազմուի Երեւանի մէջ, պետական տրամաբանութեան հետեւութեամբ, եւ քանի որ տակաւին օրուայ իշխանութիւնները գերազանցող ամրագրուած պետականութիւն չկայ, այդ օրակարգը իր կառոյցի թէ գործառութային բաժիններով ենթակայ պիտի ըլլայ փոփոխութեանց եւ մինչեւ իսկ ցնցումներու: «Յեղափոխել» Հայաստան-Սփիւռք կապերը անիրապաշտ է, չըսելու համար անկարելի, եւ մօտիկ անցեալին միայն անանակնկալ իրադարձութիւններն են որ յարաբերութիւններու ընթացքին մէջ բեկումներ առաջացուցած են՝ Ղարաբաղեան շարժում, երկրաշարժ, Փրոթոքոլներ: Այլապէս, Հայաստան-Սփիւռք կապերու զարգացումը համարկումի երկարաշունչ գործընթաց մըն է, որուն գիտակցելով միայն կարելի է Հայաստանէն սփիւռքեան քաղաքականութիւն մշակել: Հետեւաբար, որքան ալ որ բաղձալի ըլլայ իր ղեկավարներուն եւ հետեւորդներուն համար, Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը բեկումնային իրադարձութիւն չեղաւ Սփիւռքին համար: Աւելի՛ն, բարեբախտաբար ժողովրդային զօրաշարժի ղեկավարները եւ ԻմՔայլական կառավարութեան պատասխանատուները Սփիւռքը «Թաւշացնելու» նախաձեռնութենէն զերծ մնացին –ի բացառեալ «ներսի-դուրս»ի Տէր Պետրոսեանական տխրայուշ խառնակութեան մերթ ընդ մերթ կատարուող փորձերէն: Սփիւռքի նախարարութեան լուծարումը Սփիւռքի մէջ լաւ չընկալուեցաւ որովհետեւ անոր գոյութեան տասնամեակին յարաբերութիւններու հայեցակարգ մը դրուած էր, եւ յստակ հարցերով յառաջընթաց արձանագրուած.քաղաքացիութեան օրէնքի փոփոխութիւն, Հայաստան փոխադրուած սուրիահայերու օժանդակութիւն, Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելից եւ Համահայկական Հռչակագիր:

Կայ երկրորդ պատճառ մը եւս Սփիւռքի օրակարգը Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու օրակարգէն տարանջատելու: Սփիւռքի նախարարութեան (Կրամշեան «հին աշխարհը») մահուանեւ սփիւռքեան հարցերով գլխաւոր յանձնակատարի պաշտօնին դեռեւս յայտնուելու ուշացման ներկայ «մթնշաղ»ին կրնան «հրէշներ» մէջտեղ գալ, կամ ստեղծուի «հրէշային» կացութիւն մը ինչպէս Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրերուն, երբ Երեւանէն բացայայտօրէն Սփիւռքը, ի մասնաւորի հոն ամենատիրական կազմակերպութիւնները պառակտելու քաղաքականութիւն առաջ տարուեցաւ: Այն ժամանակ տակաւին չկար «ներս»ի եւ «դուրս»ի Դաշնակցութիւն, կային Սփիւռքի մէջ բացայայտօրէն ՀՀՇական քաղաքականութեան կարգին լծուած կուսակցական թէ շարքային անհատներ, որոնք թերեւս համոզուած բայց աւելի յաճախ անձնական հարցեր լուծելու եւ, միաժամանակ, առանձնաշնորհեալ դիրքեր, թէկուզ եւ Հայաստանի առաջին Նախագահին կողմէ հրապարակային փաղաքշական խօսք մը որ իրենց «ես»ը շոյէր, դերակատար եղան Սփիւռքի մէջ անկախ հայրենիքով խանդավառ պատմական աննախադէպ պահ մը բովանդազրկելու: Հայրենի քաղաքական դասը յոյսով սորված է պատմական դասը՝ գրաւ չդնելու բնաւ Սփիւռքը պառակտելու խաղերուն վրայ: Պարագան, պիտի հաւատանք, տարբեր չէ ԻմՔայլական կառավարութեան, որքան ալ որ, օրինակի համար, «ներսի-դուրսի-Դաշնակցութիւն» փորձութեան չդիմացող անձնաւորութիւններ ըլլան հոն: Նման ապիկար փորձերէն աւելի մտահոգիչ է այս «մթնշաղ»ի ծնունդ կարողական պարագայի մը վարչապետ Փաշինեանի ակնարկը Ազգային Ժողովի իր ելոյթին մէջ: Անդրադառնալով Սփիւռքի «բազմաշերտութեան», Փաշինեան հարց տուաւ թէ պետութիւնը որո՞ւ հետ պիտի խօսի Սփիւռքի մէջ: Ըստ էութեան նկատողութիւնն ու հարցադրումը ճիշդ են: Բայց նաեւ մեկնակէտ/արդարացում են «ընտրելու» այն «խօսակիցները» որոնք շատ աւելի օրուայ իշխանութեանց շահերուն կը համապատասխանեն քան ինչ որ համայնքի մէջ ներկայացուցչական հանգամանք ունին: Անհատներու դերակատարութիւնը, կարողական ներդրող, բարերար թէ համաշխարհային մասշտապով հանրածանօթ ժողովրդական դէմք, ունի իր կարեւորութիւնը, միշտ ալ ունեցած է, եւ բնական է որ որեւէ իշխանութիւն ինքզինքին իրաւունք վերապահէ անոնց առանձին տեղ տալու իր հանրային յարաբերութիւններուն մէջ կամ դիմէ անոնց ինչ որ յստակ հանրային կամ ոչ-հանրային առաջարկով: Խնդիրը սակայն անհատները սփիւռքեան հաւաքականութեանց ներկայացուցիչ նկատելու ապակողմնորոշիչ քայլն է. Սփիւռքը համայնքային հաստատութիւններն են, եւ վերջ:

Հետեւաբար, երբ վարչապետը կ’ակնարկէ հայրենիքի մէջ սփիւռքեան ներկայացուցչական ինչ որ մարմինի մը առաջացման որպէս կառավարութեան առաջ դրուած հիմնախնդիր, ապա եւ միայն կարելի է ողջունել: Առաւելի եթէ այդ մէկը Ազգային Ժողովի ոլորտի մէջ մտածուի, հոն ուր սփիւռքեան ձայները լսելի կը դառնան բոլոր պատգամաւորներուն եւ ոչ միայն գործադիր իշխանութեան: Բայց ներկայացուցչական մարմնի առաջացումը չի կրնար առանց Սփիւռքի մասնակցութեան ըլլալ, այլապէս պիտի ըլլայ մարմին մը եւ ոչ թէ «ներկայացուցչութիւն» որքան ալ որ անհատներ կամ առանձին հաստատութիւններ ուզեն առիթը օգտագործել եւ յարմարիլ անոր: Իշխանութիւնները առաւելի ուշադիր պիտի ըլլան համայնքային ներկայացուցչութիւններու ընտրութեան ուղղակի թէ անուղղակիօրէն միջամուխ ըլլալու ամէն փորձութենէ: Սփիւռքը, այլեւ իւրաքանչիւր համայնք, ինք պիտի որոշէ իր ներկայացուցչութեան համաչափը:

Սփիւռքը նման ինքնուրոյն քաղաքականութիւն վարելու պատրա՞ստ է: Համայնքները գիտակի՞ց են, որ ի՛նչ ալ ըլլայ Երեւանէն բանաձեւուած Հայաստան-Սփիւռք օրակարգը, զուտ Սփիւռքին է պատասխանատւութիւնը Սփիւռքի օրակարգին վրայ քննելու իր հակազդեցութիւնն ու եղած առաջարկներուն մասնակցութեան չափն ու ձեւը: Համայնքները կազմակերպուա՞ծ են այնքան որ հաստատութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը համադրող ներկայացուցչական մարմիններ ունենան, բանաձեւեն համայնքային առաջնահերթութիւնները եւ հորիզոնական կապեր ստեղծեն այլ համայնքներու հետ եւ իրենք իրենց տեղը ճշդեն հայաշխարհին մէջ, իրենց դերը որոշեն համահայկական գործառոյթներուն մէջ: Ահաւասիկ այն հարցումները որ Սփիւռքը, համայնքները առանձին պիտի դնեն քննարկումի զուտ Սփիւռքի օրակարգին վրայ:

Եւ թերեւս Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու այս «մթնշաղ»ին Սփիւռքը ի՛նք վառէ լոյսը տեսնելու համար որ «Հոս դեռ շա՜տ բան կայ ընելիք», ինչպէս իր վերոնշեալ յօդուածի աւարտին կը գրէ Անի Աստուրեան: Այն ժամանակ թերեւս նոյն այդ յօդուածի վերջին տողը՝ «Սփիւռքը հայրենիքի սկիզբն է» վերածուի 21րդ դարու Սփիւռքի ոչ թէ «առանց երգի նահանջ»ի այլ խոյանքի՛ նոր վէպին, ըլլայ Սփիւռքի նոր պատումը:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.