Սփիւռքի կապերը Հայաստանի հետ

6) Սփիւռքի կապերը Հայաստանի հետ

Հայրենիքը եւ Պետութիւնը հայկական ինքնութեան հիմնական ազդակներ

«Հորիզոն».- Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ`Սփիւռքի հետազօտական նոր ծրագիր մը սկսաւ անցեալ տարի: «Հայ սփիւռքի հարցախոյզ» (Armenian Diaspora Survey) Հետազօտական ծրագրին նպատակն է խիստ կարեւոր բաց մը գոցել Սփիւռքի վերաբերող գիտելիքներուն մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ գոյացնել փաստերու վրայ հիմնուած հասկացողութիւնը մը՝ բազմակողմանի եւ բազմաշերտ սփիւռքեան ժամանակակից կեանքին մասին:

Առաջին հանգրուանով, սփիւռքեան չորս քաղաքներու մէջ (Պոսթըն, Գահիրէ, Մարսէյ եւ Փասատենա), Մայիս եւ Յունիս 2018-ին, աւելի քան 1000 հայեր իրենց մասնակցութիւնը բերին այս աննախընթաց հարցախոյզին, գլխաւորութեամբ՝ գիտնականներու, հետազօտողներու եւ փորձագէտներու: Այս քաղաքներու հարցախոյզերու արդիւնքները արդէն առցանց հրապարակուած են www.armeniandiasporasurvey.com կայքէջին մէջ։ Այս տարուան հարցախոյզը կը շարունակուի Մոնթրէալի, Արժանթինի,Ռումանիոյ եւ Լիբանանի մէջ։

«Հորիզոն» յաջորդաբար պիտի հրատարակէ 2018-ի ուսումնասիրուած հիմնական թեմաներու մասին յօդուածաշարք մը, որոնց անգլերէն տարբերակը հրատարակուած է ծրագրի կայքէջին վրայ։ Կը հրատարակենք շարքի երկրորդ յօդուածը։ Առաջին յօդուածը կարդալ այս յղումով։

Նախորդող յօդուածները կարդալ հոս, հոս, հոս հոս եւ հոս։

Հրաչ Չիլինկիրեան

Որքան որ Խորհրդային Միութեան աւարտը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը 1991ին արմատականօրէն փոխակերպեցին հայաստանեան ընկերութիւնը, հաւասարապէս Սփիւռքը ենթարկուեցաւ աշխարհահայեացքի եւ կեդրոնացումի ներքին վերափոխութեան: Նորանկախ Հայաստանի առաջին քանի մը տարիները յատկանշուեցան բազմաշերտ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային փոփոխութիւններով: Անցումային գործընթացի առաջին օրերուն Սփիւռքը որոշ չափով հասկացութիւն ցուցաբերեց նորաքայլ երկրի բացթողումներուն նկատմամբ: Սակայն, 1990ի կէսերէն սկսեալ հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական զարգացումները յուսախաբութիւն պատճառեցին բազմաթիւ սփիւռքահայերու, որոնք արդարութեան եւ հաւասարութեան նուազագոյն մակարդակ մը կակնկալէին Հայաստանի մէջ: Ապրիլ-Մայիս 2018ին, Թաւշեայ յեղափոխութիւնը արմատական փոփոխութիւն յառաջացուց եւ անցեալի էջը փակելու խոստումով՝ Հայաստանի հանդէպ վերանորոգուած յանձնառութիւն մը ստեղծեց սփիւռքի մէջ:

Հայաստանը իբրեւ ազգային հայրենիք եւ իբրեւ պետութիւն կը հանդիսանայ հիմնական ազդակ մը հայկական ինքնութեան համար: Չորս քաղաքներուն մէջ հարցապնդուածներուն 10էն 9ն Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը նկատէ որպէս «շատ/բաւական կարեւոր» եւ աւելի քան կէսը զայն կ’ընդունի իբրեւ «բոլոր հայերու հայրենիքը»: Հարցապնդուածներուն շուրջ մէկ երրորդ (32%) Հայաստան այցելած է 3 անգամէն աւելի: Այս համեմատութիւնը աւելի է 55 եւ վեր տարիքային խմբաւորումին պարագային եւ Գահիրէի հայերուն՝ գրեթէ կէսը (47%): Անոնք որոնք գտնուած են Հայաստան, անոնց աւելի քան 80% հոն չեն ապրած 6 ամիսէն աւելի, իսկ անոնց երկու երրորդը ոչ մէկ կամաւոր աշխատանք կատարած է Հայաստան գտնուած միջոցին:

Առկայ են նաեւ կապեր Հայաստանի եւ Արցախի հետ: 10էն վեցը ընկերներ եւ ընկերային կապեր ունին, մասնաւորաբար Գահիրէի հայերը (68%) եւ 35-54 տարիքային խմբաւորումը (63%): Ընդհանուր առմամբ, կէսէն քիչ մը նուազ ընտանեկան կապեր ունին, սակայն 34 եւ վար տարիքային խմբաւորումը (57%) եւ Մարսէյի հայերը (56%) աւելի բարձր համեմատութիւններ արձանագրեցին: Շուրջ մէկ երրորդը կապեր ունի Հայաստանի կրթական եւ մշակութային կեանքին հետ, աւելի բարձր համեմատութեամբ Պոսթընի հայերը (48%) եւ 55 տարեկան եւ վեր խմբաւորումը (35%):

Սփիւռքահայերուն մօտ կը նկատուի զօրաւոր փափագ մը Հայաստան այցելելու: Թէեւ 4էն 1-ը երբեք Հայաստան չեն գտնուած, մասնաւորաբար 35-54 տարիքային խմբաւորումին պատկանողները, 10էն 9ն ըսաւ որ մտադիր է Հայաստան այցելելու, շատ աւելի բարձր համեմատութեամբ Գահիրէի հայերը (98%) եւ 35-54 տարեկաններու խմբաւորումը:

Համապատասխան այն տեսակէտին որ Սփիւռքի առկայութիւնը «բաւական/շատ կարեւոր է» (95%), կէսէն աւելին մտադիր չէ մնայուն բնակութիւն հաստատելու Հայաստանի մէջ, քիչ մը աւելի բարձր համեմատութեամբ Պոսթընի (64%) հայերը եւ 55 եւ վեր տարիքային խմբաւորումը (56%): Այսուհանդերձ, շուրջ 4էն 1ը (26%) կրնայ նկատի առնել Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատելու ընտրանքը «եթէ հանգամանքները տարբեր ըլլան»:

Մեծ հետաքրքրութիւն եւ յանձնառութիւն նշմարելի է Հայաստանի եւ Արցախի զարգացումներուն (Ղարաբաղ) նկատմամբ: 10էն չորսը «բաւական/կանոնաւորապէս» կը հետեւի Հայաստանի եւ Արցախի ընթացիկ իրադարձութիւններուն, քիչ մը աւելի բարձր համեմատութեամբ Պոսթընի մէջ (46%), 55 եւ վեր տարիքային խմբաւորումի պարագային (43%), եւ աւելի շատ կիներ (42%) քան այր մարդիկ (39%) կը հետեւին իրադարձութիւններուն: Ընդհանուր առմամբ, հարցապնդուածներուն հետաքրքրութիւնը սփիւռքի իրադարձութիւններուն նկատմամբ կը ներկայանայ քիչ մը աւելի բարձր համեմատութեամբ (46%), քան Հայաստանի իրադարձութիւնները:

Գրեթէ 10էն 9ն, Հայաստանի տրամադրուած սփիւռքի օժանդակութիւնը կը նկատէ «շատ/բաւական կարեւոր»: Կէսէն աւելին նշեց, որ իրենց կարծիքը Հայաստանի մասին չէ փոխուած վերջին տասը տարիներուն, մասնաւորաբար Գահիրէի հայերուն համար (63%): 10էն չորսը կ’ըսեն որ ներկայիս աւելի կարեւոր է օժանդակել Հայաստանի, մասնաւորաբար Փասատինայի հայերը (49%): Ի դէպ,10էն 6ը կը կարծէ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրնայ կարգ մը մարզերու մէջ օժանդակել սփիւռքին: Այս տեսակէտը աւելի զօրաւոր ձեւով կ’արտայատուի յատկապէս 34 եւ վար տարեկաններու ու 55 եւ վեր տարիքային խմբաւորումներուն մօտ:

Գրեթէ 10էն 7ը Հայաստանի օժանդակելու սփիւռքի ընտրանքներուն մէջ տնտեսական բարգաւաճումը եւ աշխատատեղերու ստեղծումը կը նկատէ ամէնէն ազդու միջոցներէն, ինչպէս Մարսէյի հայերը (73%) եւ 35-54 տարիքային խմբաւորումը (69%):

Կէսէն քիչ մը աւելին նշեց, որ կրթութիւնը ամէնէն աւելի արդիւնաւէտ միջոցն է Հայաստանի տրամադրուած օժանդակութեան՝ ոչ զարմանալիօրէն Պոսթընի հայութիւնը (59%), որ կ’ապրի Ամերիկայի «կրթական մայրաքաղաքին» մէջ եւ 34 եւ վար տարիքային խմբաւորումը (70%): Շուրջ կէսը եւ գրեթէ հաւասարապէս տարիքային բոլոր խմբաւորումները զօրավիգ կը կանգնին Հայաստանի`«մարդկային իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան կառուցման» ճամբով, ամէնէն աւելի Մարսէյի մէջ հարցապնդուածները (53%), իսկ նուազագոյնը՝ Գահիրէի պարագային (31%):

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.