Քրիստոնէութիւնը հայ ինքնութեան կարեւոր մասը

«Հորիզոն».- Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ`Սփիւռքի հետազօտական նոր ծրագիր մը սկսաւ անցեալ տարի: Հայ սփիւռքի հարցախոյզ» (Armenian Diaspora Survey) Հետազօտական ծրագրին նպատակն է խիստ կարեւոր բաց մը գոցել Սփիւռքի վերաբերող գիտելիքներուն մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ գոյացնել փաստերու վրայ հիմնուած հասկացողութիւնը մը՝ բազմակողմանի եւ բազմաշերտ սփիւռքեան ժամանակակից կեանքին մասին:

Առաջին հանգրուանով, սփիւռքեան չորս քաղաքներու մէջ (Պոսթըն, Գահիրէ, Մարսէյ եւ Փասատենա), Մայիս եւ Յունիս 2018-ին, աւելի քան 1000 հայեր իրենց մասնակցութիւնը բերին այս աննախընթաց հարցախոյզին, գլխաւորութեամբ՝ գիտնականներու, հետազօտողներու եւ փորձագէտներու: Այս քաղաքներու հարցախոյզերու արդիւնքները արդէն առցանց հրապարակուած են www.armeniandiasporasurvey.com կայքէջին մէջ։ Այս տարուան հարցախոյզը կը շարունակուի Մոնթրէալի, Արժանթինի,Ռումանիոյ եւ Լիբանանի մէջ։

«Հորիզոն» յաջորդաբար պիտի հրատարակէ 2018-ի  ուսումնասիրուած հիմնական թեմաներու մասին յօդուածաշարք մը, որոնց անգլերէն տարբերակը հրատարակուած է ծրագրի կայքէջին վրայ։  Կը հրատարակենք շարքի երկրորդ յօդուածը։ Առաջին յօդուածը կարդալ այս յղումով։

Նախորդող յօդուածները կարդալ հոս եւ հոս

Կրօնք, Հոգեւորութիւն, Եկեղեցի

Հրաչ Չիլինկիրեան

Քրիստոնէութիւնը եւ հայ եկեղեցին դարեր շարունակ եւ մինչեւ այսօր կարեւոր դեր խաղցած են հայկական ինքնութիւնը բնորոշելու գործընթացին մէջ: Հայ քրիստոնէութեան պատմութիւնը սերտօրէն ընդելուզուած է հայ ազգային պատմութեան եւ դարեր շարունակ հայ ժողովուրդի դիմագրաւած դժուարութեանց հետ: Հայ լեզուն, գրականութիւնը, ճարտարապետութիւնը, երաժշտութիւնը, ընդհանրապէս հայ մշակոյթը ազդուած են հայ ժողովուրդի քրիստոնէական ժառանգութենէն: Պաշտօնական տուեալներու համաձայն, այսօր Հայաստանի երեք միլիոն բնակչութեան 99%ը, առնուազն անուանապէս, քրիստոնէական հաւատքի հետեւորդ է, դաւանական հետեւեալ բաժանումներով՝ 94.7%ը հայ առաքելական, մնացեալ քրիստոնեաները՝ 4% (կաթոլիկ, աւետարանական եւ ռուս ուղղափառ): Նոյն է պարագան նաեւ սփիւռքահայերուն՝ նմանօրինակ բարձր համեմատութիւններով:

Հակառակ այն իրողութեան որ վերջին տասնամեակներուն եկեղեցիներու եւ կրօնական հաստատութիւններու պաշտօնական պատկանելիութիւնը կը նահանջէ համաշխարհային մակարդակի վրայ, Պոսթըն, Գահիրէ, Մարսէյ եւ Փասատենա քաղաքներուն մէջ հարցապնդուած հայերուն ճնշող մեծամասնութիւնը քրիստոնէութիւնը կը նկատէ կարեւոր մասը հայկական ինքնութեան: Անոնց երեք չորրորդը «կը հաւատայ Աստուծոյ» եւ գործուն մասնակցութիւն կը բերէ կամ շահագրգռուած է «հոգեւոր կեանքով»: Ինչպէս սպասելի էր, անոնց մեծամասնութիւնը կը պատկանի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ: Թէեւ միայն երբեմն եկեղեցի կը յաճախեն՝ հաւասարապէս կրօնական, մշակութային եւ ընկերային նպատակներով, սակայն անոնք հայկական եկեղեցւոյ մէջ պսակուիլը «կարեւոր» կը նկատեն:

Քրիստոնէութիւնը

10 հայերուն գրեթէ 9ն (87%) այսօր քրիստոնէութիւնը կը նկատէ «հայկական ինքնութեան կարեւոր մասը»: Այս համեմատութիւնը քիչ մը աւելի է Մարսէյի մէջ 90%ով: 55 տարեկան եւ վեր խմբաւորումին պարագային անիկա 89% է, իսկ 34 տարեկանէն վար խմբաւորումին պարագային՝ 80%: Պոսթընի մէջ շուրջ 10 հոգիէն միայն 1ը քրիստոնէութիւնը կարեւոր չի նկատեր:

Հարցապնդուողներուն կէսէն աւելին (55%) համար մարդ չի կրնար իսլամ եւ հայ ըլլալ նոյն ատեն: Նման կարծիքի հայերը Մարսէյի մէջ կը ներկայացնեն զգալիօրէն աւելի մեծ համեմատութիւն մը (73%), կիները նոյնպէս՝ 56%ով, իսկ 55 տարեկան եւ վեր խմբաւորումին պարագային՝ 59%: Այսուհանդերձ, 10էն 3ը յայտնեց որ մարդ կրնայ իսլամ եւ հայ ըլլալ նոյն ատեն: Այս համեմատութիւնը կ’աւելնայ Փասատենայի հայութեան մօտ 43%ով, իսկ 34 տարեկանէն վար խմբաւորումին պարագային՝ 35%:

Հոգեւոր կեանք

Հետազօտութիւնը նաեւ սերտեց հայերու անձնական հաւատալիքները: Միջազգային ուղղութիւններու հետեւութեամբ, չորս քաղաքներուն մէջ հարցապնդուած հայերը մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն այն «հոգեւորութեան» նկատմամբ, որ չի սահմանափակուիր պաշտօնական հաստատութիւններով կամ կազմակերպուած կրօնքով:

Հարցապնդուած 4 հայերէն երեքը (72%) յայտնեցին, որ իրենք «կը հաւատան Աստուծոյ»: Այդ համեմատութիւնը կ’աւելնայ Գահիրէի մէջ (82%), կիներու մօտ (75%) եւ 34 տարեկանէն վար հայերու պարագային (74%): Ի դէպ, 10 հայերէն միայն 1ը անհաւատ է կամ թերահաւատ՝ աւելի այր մարդոց մօտ (6.3%) եւ 35-54 տարեկաններու խմբաւորումին պարագային: Ուշագրաւ է, որ 10էն 2ը (22%) կ’ըսէ, որ ինք հաւատացեալ չէ, բայց զօրավիգ կը կանգնի հայկական եկեղեցիին, առաելաբար Մարսէյի հայերը (30%), այր մարդիկ (24%) քան կանայք ու 55 եւ վեր տարիքային խմբաւորումը (25%).

Հարցապնդուած հայերուն կէսը ունի «գործուն հոգեւոր կեանք»: Փասատինայի հայերը աւելի գործուն էին (66%), ինչպէս նաեւ՝ կիներն (54%) ու 55 եւ վեր տարիքային խմբաւորումը (52%), իսկ 10էն 4-ը յայտնեց որ «կը սիրէ հոգեւոր կեանքի գաղափարը» բայց «շատ գոծուն չէ» (39%): 10էն 3 ներկայ կը գտնուի շաբաթական եկեղեցական արարողութիւններու՝ առաւելաբար Փասատինայի հայերը (36%) եւ կիները (31%), մինչ 29%ը եկեղեցի կ’երթայ միայն յատուկ առիթներով, ինչպէս՝ մկրտութիւն, պսակ կամ թաղում: Նման առիթներով շուրջ 10էն չորսը կ’երթայ ոչ հայկական եկեղեցի: Հետաքրքրական է, որ նոյն թիւով հայեր (38%) յայտնեցին, որ իրենք «երբեք չեն երթար ոչ հայկական եկեղեցի»: Ոչ հայկական եկեղեցւոյ արարողութիւններու ներկայ գտնուղ այր մարդոց եւ կիներու համեմատութիւնները շատ մօտ են իրարու (39% եւ 41%), սակայն անիկա աւելի բարձր է Մարսէյի մէջ (47%) ու 55 եւ վեր տարիքային խմբաւորումին մօտ (49%):

Եկեղեցւոյ պատկանելութիւնը

Դարեր շարունակ հայ առաքելական եկեղեցին եղած է սփիւռքի մէջ համայնքային կեանքը կազմակերպող կարեւոր եւ առանցքային հաստատութիւն մը: Արդարեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, այսօր հայկական եկեղեցին կամ «ազգային եկեղեցին» կը հանդիսանայ երկրին մեծագոյն կրօնական հաստատութիւնը:

Դարերու ընթացքին, աշխարհով մէկ սփռուած հայերու հաստատած համայնքային հաստատած առաջին կառոյցներէն մէկը եղած է եկեղեցին, որուն հետեւած է դպրոցը: Նոյնն է նաեւ այսօր:

Ինչպէս սպասելի էր, հայերու մեծամասնութիւնը կը պատկանի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ (71%), մինչ 12%ը աւետարանական են եւ շուրջ 5%՝ կաթոլիկ: Մօտ 12%ը չեն պատկանիր ոչ մէկ եկեղեցւոյ, քիչ մը աւելի համեմատութեամբ Փասատինայի մէջ (17%):

Հարցապնդուողները նշեցին, որ եկեղեցի երթալու ամէնէն կարեւոր շարժառիթն է «աղօթելը, Աստուծոյ պաշտամունքը» (54%), աւելիով Փասատինայի հայերուն համար (80%), երիտասարդ սերունդի 70%ին եւ կիներու 68%ին համար, մինչ այր մարդոց միայն 60%ին համար:

Իբրեւ հակապատկեր, նոյնիսկ երբ 10էն 4-ը կարեւոր կը նկատէ «քարոզը», 10էն միայն 3-ը կը դիմէ կղերականի մը կամ պատուելիի մը հոգեւոր ցուցմունքներու համար: Նուազ քան կէսը եկեղեցի կ’երթայ «մշակութային նկատառումներով» (45%), աւելի բարձր համեմատութեամբ Պոսթընի հայերը (67.4%), իսկ 10էն 4-ը կ’երթայ «ընկերային նկատառումներով», դարձեալ քիչ մը աւելիով Պոսթընի մէջ (54%):

Համապատասխան հոգեւորութեան վերաբերեալ տեսակէտներուն, 10էն 7ն կարեւոր կը նկատէ ամուսնանալ հայկական եկեղեցւոյ մէջ, Գահիրէի հայերը աւելի համեմատութեամբ (79%): 34 եւ վար տարիքային երիտասարդ խմբաւորումին երեք քառորդը այս տուեալը կը նկատէ ամուսնութեան կարեւոր յատկանիշներէն մէկը: Միայն 13.5%ը յայտնեց, որ պայման չէ:

10էն 4ը նշեց, որ կիները պէտք է ձեռնադրուին հայկական եկեղեցւոյ մէջ, գրեթէ հաւասարապէս այր մարդոց եւ կանանց մօտ, քիչ մը աւելի համեմատութեամբ Պոսթընի մէջ (56%) ու 55 եւ վեր տարիքային խմբաւորումին պարագային: Մէկ երրորդը այս մասին «ոչ մէկ կարծիք» յայտնեց Գահիրէի հայերուն շուրջ կէսը:

Նմանութիւններ Հայաստանի հետ

Սփիւռքի մէջ կրօնի եւ հաւատքի վերաբերող այս տեսակէտները համահունչ են Հայաստան ապրող հասարակութեան տեսակէտներուն: Հանրածանօթ PEW ուսումնասիրական կեդրոնի 2018ին կատարած հետազօտութեան արդիւնքներուն համաձայն, հայերու 10էն 8ին (82%) համար քրիստոնէութիւնը «շատ/բաւական» կարեւոր է հայկական ինքնութեան համար: Ինչ կը վերաբերի հաւատքին, ապա 95%ը նշած է, որ «կը հաւատայ Աստուծոյ» (79% «կը հաւատայ Աստուծոյ, որոշակիօրէն վստահ») եւ միայն 4%ը «չի հաւատար Աստուծոյ»: Նոյն հետազօտութեան մէջ, 53% կ’ըսէ որ «կրօնքը կարեւոր է իրենց կեանքին մէջ», 34%ը «եկեղեցական արարողութեան ներկայ կը գտնուի առնուազն ամիսը մէկ անգամ» եւ 45%ը «կ’աղօթէ ամէն օր»:

Կեդրոնական եւ արեւելեան Եւրոպայի մէջ կրօնական հաւատքի եւ ազգային պատկանելիութեան վերաբերեալ PEW հետազօտական կեդրոնի մէկ այլ ուսումնասիրութեան մէջ, 18 երկիրներու շարքին Հայաստան արձանագրած է բարձրագոյն կէտերը կարգ մը մարզերու մէջ (2017): Հայերը հակուած են աւելի փիլիսոփայական ըլլալու, քան իրենց դրացի երկիրները. Հայաստանի մէջ 79% ը նշած է, որ «յաճախ կը մտածէ կեանքի իմաստին ու նպատակին մասին»: 57%ը «խոր կապ մը կը զգայ բնութեան եւ երկրագունդին հետ». 83%ը «կը հաւատայ ճակատագրին» եւ 72%ը՝ «հրաշքներու», բարձրագոյն ցուցանիշները հետազօտուած ժողովուրդներու շարքին մէջ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.